ՍԱՆԱ.- Չեխիոյ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Իվօ Պուտիլ հաստատեց, որ Թուրքիոյ իշխող համակարգը, որ կը զինէ եւ կ՛օգտագործէ Սուրիոյ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները իր քաղաքական նպատակները իրականացնելու, զինուորական յարձակումներ կազմակերպելու եւ զանազան երկիրներ ներխուժելու համար, ապահովական լուրջ սպառնալիք է Եւրոպային:
Պուտիլ «Խորհրդարանական թղթածրարներ» ելեկտրոնային կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հակառակ այս համակարգին գործած բռնարարքներուն եւ ահաբեկիչներու օգտագործման ապօրինաբար ներխուժելու այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Սուրիա, Լիպիա, Հիւսիսային Կիպրոս, Կովկաս եւ Էգէեան ծով, Եւրոմիութիւնը մինչեւ այսօր պատիժներ չէ սահմանած անոր դէմ, իսկ ՆԱԹՕ-ի մէջ ցարդ ոչ ոք ձայն բարձրացուցած է Թուրքիոյ անդամակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու համար:
Եզրափակելով ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ Օսմանեան Կայսրութիւնը վերականգնելու ճիգերը խորապէս կապուած են Եւրոպայի տկարութեան եւ ԱՄՆ-ի ազդեցութեան թուլութեան հետ, աւելցնելով որ Թուրքիան նախապէս արեւմուտքին կը հնազանդէր: