«Երկիր».-Ատրպէյճանի չդադրող փորձերը ընդարձակելու հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը եւ անդառնալի հարուած հասցնելու ողջ տարածաշրջանային անվտանգային համակարգին խստագոյնս դատապարտելի են: ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն պիտի ստանայ համարժէք պատասխան: Այս մասին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«16 Հոկտեմբերի երեկոյեան Ատրպէյճանին կողմէն կրկին ռմբակոծուած են Արցախի քաղաքացիական բնակավայրերը, ներառեալ` Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Որպէս արդիւնք տուժած են Շօշ համայնքի երեք խաղաղ բնակիչ:
Միաժամանակ, ՀՀ հակաօդային պաշտպանական համակարգերուն կողմէն արձանագրուած է ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքներ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Խնածախ, Արծուանիկ, Դաւիթ Բէկ բնակավայրերուն ուղղութեամբ, որուն ընթացքին նաեւ հարուածներ հասցուած են տեղւոյն ՀՀ ԶՈՒ ենթակառոյցներուն ուղղութեամբ: Բարեբախտաբար զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
Յատկանշանական է, որ ժամեր առաջ ատրպէյճանական կողմը նաեւ տարածեց սադրիչ եւ բացարձակապէս կեղծ տեղեկատուութիւն` ՀՀ ԶՈՒ կողմէն Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան Օրդուբադ բնակավայրի հռթիռակոծման մասին: Եւ ըստ արդէն իսկ իրենց աւանդական գործելաոճին` ապատեղեկատուութեան այս ալիքին յաջորդած է իրական յարձակում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ:
Ատրպէյճանի չդադրող փորձերը, որոնք ընդարձակած են հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը եւ այդպիսով անդառնալի հարուած հասցուցած ողջ տարածաշրջանային անվտանգային համակարգին, խստագոյնս դատապարտելի են: ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան դէմ իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն պիտի ստանայ համարժէք պատասխան»: