«Հորիզոն».-Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, հարիւրաւոր վանգուվըրահայեր, ընդառաջելով տեղւոյն Հայկական Միացեալ Մարմինի կոչին, հաւաքուած էին քաղաքի կեդրոնը գտնուող քանատական լրատուութեան առաջին ալիք CBC կայանի եւ քաղաքի մեծագոյն մատենադարանին դիմաց:
Համայն հայ գաղութը ցուցատախտակներով եւ դրօշներով հակաատրպէյճանական եւ հակաթրքական բողոքի ցոյց կատարեց եւ քարոզչական հսկայ աշխատանք տարաւ, նպատակ ունենալով լուսաբանել Քանատայի ժողովուրդը՝ տեղի ունեցած անմարդկային իրադարձութիւնները Արցախի տարածքին։
Ցոյցի ընթացքին խօսք առին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Աւագ Քհն. Կարապետեան, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գարեգին Վրդ. Շխըրտմեան, տեղոյն կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տեղակսն քրտական համայնքի ղեկավարներ։
Ընթերցուեցաւ Քանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առոողջապահութեան նախարար տիար Ատրիան Տիքսի կոչը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ հայ ժողովուրդին:
Ցոյցին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Քանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգին մէջ Լիբանանի դեսպան տոքթ. Նիքլըս Քահուաճի: