Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ 18 Հոկտեմբերին ինքնաշարժով զանգուածային երթ տեղի ունեցած է` խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու պահանջով:
Diario Armenio պարբերականը հաղորդած է, որ լատինամերիկեան երկիրին մէջ բնակող հայ համայնքի ներկայացուցիչները պահանջած են դատապարտել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արարքը, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Ինքնաշարժով երթը հարիւրաւոր մարդիկ միաւորած է: Ինքնաշարժով երթի մասնակիցները պաստառներ եւ դրօշներ փակցուցած են մեքենաներուն: Մոնթեվիտէոյի փողոցներուն մէջ ընթացող երթի մասնակիցները միաբերան երգած են հայոց օրհներգը, այնուհետեւ հասնելով երթուղիի աւարտ` նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն մէկը ընթերցած է պահանջները եւ ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը: