Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2020-ին,«Ֆրանս Փրէս» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամները կոչ ուղղեցին Հայաստանի եւ Ատրպէճանի՝ Արցախի մէջ նախորդ Շաբաթ օր տեղի ունեցած զինադադարի որոշումը յարգելու: «Ֆրանս Փրէս» յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի անդամները Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ դռնփակ նիստ մը գումարեցին, եւ վերահաստատեցին զինադադարի գործադրման անհրաժեշտութիւնը: Դիւանագէտներու համաձայն, ներկայիս Ռուսիան ստանձնած է Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահութիւնը: Ան ներկայիս հաղորդագրութիւն կը պատրաստէ եւ անոր մէջ կոչ կ՛ուղղէ զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու եւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսելու: Հաւանական է որ խորհուրդի անդամները այս շաբաթ իրենց հաւանութիւնը տան հաղորդագրութեան օրինագիծին:
Իր կարգին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա Հայաստանի եւ Ատրպէճանի հետ գործակցաբար Արցախի մէջ զինադադարի ընթացքը պիտի հետապնդէ: Յիշենք, որ նախորդ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ատրպէճան լայնածաւաւլ յարձակում մը սանձազերծեց Արցախի վրայ: Երկու կողմերուն միջեւ զինուորական գործողութիւնները սաստկացան եւ արձանագրուեցան մարդկային եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ:
ՄԱԿ-ը Ապահովութեան Խորհուրդը, սակայն, կրկին համարձակութիւն չունեցաւ Ատրպէյճանի նախայարձակ ըլլալն ու պատերազմական յանցագործութիւնները հաստատելու: