Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգներէն մէկը` Նոր Հարաւային Ուելսի Օրէնսդիր ժողովը 61 կողմ ձայնով պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Խորհրդարանականները դատապարտած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէն յարձակումները Արցախի բնիկ հայերուն դէմ: