Դաշնակցական կամաւորներու նոր խումբ մը, օրեր տեւած վարժանքներէն ու կրակային հմտութիւնները յղկելէն վերջ, առաջնագիծ մեկնած է:
Պատրաստութիւն կատարողներուն կը միանան շուրջ երեք շաբաթ առանջնագիծի վրայ , քանի մը օրով Երեւան վերադարձած քանի մը տասնեակ կամաւորները, մեծ մասը` Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները:
«Ռազմական գործին զուգահեռ նաեւ քաղաքական ու գաղափարական ձեռնհասութիւնը պարտադիր է այս վարժանքներուն մէջ, ձեր բազկի ուժէն կախեալ է միջազգային յարաբերութիւններու վիճակն ու իրադրութիւնը բանակցային սեղանին», այսպէս կամաւորներուն դիմած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեանը եւ ընգծած է, որ այս պահուն առաջնայինը ռազմաճակատն է ու հոն պէտք է վճռական բեկում մտցնել հակառակորդին սանձելու համար: