«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկիրը իր ներկայ տագնապէն արագօրէն դուրս բերելու հրամայականը:

Այս ծիրէն մէջ, Բագրատունի Քիւպիչին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքները եւ պատասխանատուութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւնը:
Յատուկ կարեւորութեամբ քննարկուեցաւ նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն կրած վնասներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ եւ այդ առնչութեամբ ցարդ ՄԱԿ-ի մէջ կատարուող աշխատանքներուն անբաւարարութիւնը:
Բագրատունի դիտել տուաւ երկու չափ երկու կշիռ գործածելու ՄԱԿ-ի դիրքաւորումը եւ անտեսումը կատարուող ոճիրին ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին հիմունքով Արցախի ժողովուրդի կամքին:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային ընտանիքը անմիջական քայլերու դիմէ` սանձելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ահաբեկչական յարձակումները եւ վարձկաններու ներկայութիւնը, խնայելու համար թէ՛ Արցախի ժողովուրդը եւ թէ՛ պատերազմի ընդարձակումին հետեւանքով շրջանի կայունութեան ու անդորրութեան խախտումով ստեղծուելիք կացութեան զոհերուն կեանքերը:
Այս իմաստով Բագրատունի հրամայական պահանջ նկատեց համայն հայութեան դէմ նոր ցեղասպանութիւնը կանխարգիլել, անմիջապէս պարտադրել զինադուլ եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: