«Էրմէնիհապեր».-Սաուտի Արապիան թրքական ապրանքներուն դէմ իր ոչ պաշտօնական մերժումը կը շարունակէ: Նախորդ շաբաթ մերժումին միացած էր Սաուտի Արապիոյ ամենամեծ սնունդի ցանցը` «Herfy» ընկերութիւնը եւ  կից գործող «Savola Group»-ը:
29 Հոկտեմբերին Սաուտի Արապիոյ մէջ ֆրանսական Carrefour առեւտրային ցանցի ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է, որ այդ երկրի քաղաքացիներուն չեն վաճառեր թրքական ապրանքներ:
Twitter-ի մէջ կատարուած գրառման մէջ յատկապէս յիշուած է․
«Մենք կը վստահեցնենք մեր յաճախորդներուն, որ թրքական որեւէ ապրանք չենք ներմուծեր»: