«ԴՐՕՇԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԴՐՕՇԱԿ».- Յարգելի՛ ընկեր Բենիամին Պչաքճեան, այս տարուայ օգոստոսին գրեթէ ողջ Պէյրութը ցնցուեց հզօր պայթիւնից: Առանց այդ էլ տեւական ժամանակ Լիբանանը գտնւում էր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բարդ խնդիրների սարդոստայնում, իսկ վերջին շրջանում դրանց աւելացել է նաեւ համավարակը: Վերջին աղէտից յետոյ Լիբանանը դեռ լիովին ուշքի չի եկել, ու միաժամանակ կրկին ժողովրդային յուզումներ են, ճգնաժամի շեմին գտնուող կառավարման համակարգ, ինչպէս եւ ակնյայտ է դարձել արտաքին ուժերի կողմից Լիբանանի ներքին գործերին միջամուխ լինելու, կամք թելադրելու միտումը: Հարցը տարողունակ է, այնուամենայնիւ ցանկալի կը լինէր, եթէ ընդհանուր գծերով ներկայացնէիք ներկայ կացութիւնը:

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ».- Լիբանանը իր աշխարհագրական դիրքով ու անկախութենէն (1943) ի վեր հաստատուած քաղաքական համակարգով շրջանային տագնապներու եւ երբեմն նոյնիսկ միջազգային հակամարտութիւններու թատերաբեմը դարձած է: Արաբ-իսրայէլեան խնդիրը, պաղեստինեան հարցը, արաբական երկիրներու միջեւ մրցակցութիւնը եւ այլն Լիբանանի մէջ իրենց անդրադարձը ունեցած են եւ կ՛ունենան, երբեմն` քաղաքական գետնի վրայ, երբեմն` նոյնիսկ արիւնալի բախումներու միջոցաւ: Երկրին համայնքային կառուցուածքը, եթէ մէկ կողմէ նպաստած է իբրեւ զանազան մշակոյթներու բաց հասարակութիւն` լիբանանցիին յատուկ կերպարը կերտելու եւ հարստացուցած է տարբեր կրօնքներու ու ցեղային արմատներ ունեցող զանազան հասարակութեանց համակեցութեան փորձը, միւս կողմէ նաեւ առիթ տուած է ու նպաստած հակադիր շահեր հետապնդող արտաքին ուժերու ազդեցութիւններու ու միջամտութիւններու: Տարածաշրջանին հանդէպ միջազգային ու շրջանային հետաքրքրութիւնն ու ախորժակը աճեցան, երբ տասնամեակ մը առաջ Արեւելեան Միջերկրականի ծովային ընդերքի մէջ յայտնաբերուեցան կազի ու քարիւղի հսկայ պաշարներ, որոնք արդիւնահանուելու պարագային պիտի մրցին Արեւմտեան երկիրներու ուժանիւթի մատակարարման աղբիւրներու հետ, ինչպիսիք են Ռուսիան, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Իրանը եւ Ծոցի երկիրները: Այս մէկը պիտի նպաստէ որոշ երկիրներու մենաշնորհէն ձերբազատելու ու աղբիւրներու մէջ այլազանութիւն մտցնելու, ինչպէս նաեւ փոխադրածախսերու ու գիներու նուազեցման:

Օգտուելով միջինարեւելեան երկիրներու ազգաբնակչութեան ցեղային եւ կրօնական տարբերութիւններէն, այդ երկիրներու փտած քաղաքական վերնախաւէն, ընկերային-տնտեսական տագնապներէն ու հիմնուելով ժողովրդային դժգոհութեան ալիքին վրայ` արտաքին ուժեր կը փորձեն զանազան միջոցներով իրենց կամքը պարտադրել: Գունաւոր յեղափոխութիւններէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմները, կրօնական հակամարտութիւններէն մինչեւ պատժամիջոցները իբրեւ միջոց կ՛օգտագործուին հակակշիռ բանեցնելու համար:

Լիբանանը` իբրեւ Միջին Արեւելքի մէկ մասնիկը, զերծ չէ նման փորձերէ, ու հոկտեմբեր 2019-էն ծայր առած ժողովրդային բողոքի ալիքը, որ ունի իր առարկայական պատճառները, պէտք է դիտարկել իբրեւ երկիրը ապակայունացնող ազդակ, որուն կը զուգորդուին նաեւ տնտեսական շրջափակումն ու սուր տագնապը:

Անցնող ամիսներուն լիբանանեան թղթոսկին աւելի քան հինգ անգամ արժեզրկուեցաւ, եւ, պետական ծրագրուած տնտեսական քաղաքականութեան մը բացակայութեան պատճառով, դրամատուները սահմանափակած են գործառնութիւնները: Առայժմ միջազգային եւ շրջանային դերակատարները իրենց դիրքերը ամրապնդելու հետամուտ են ու չեն նախաձեռներ բանակցութիւններով իրենց հակադիր շահերուն հասարակ յայտարար գտնելու:

Հետեւաբար պէտք չէ մօտիկ ապագային ակնկալել Լիբանանի տագնապին ոեւէ հիմնական լուծում: Բնականաբար, նաեւ համաճարակը իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ երկրի տնտեսական ու ընկերային ճգնաժամը աւելի եւս սրելու իմաստով:

«Դ.».- Մի փոքր էլ խօսէք հայ համայնքի վիճակի մասին: Աղէտը նաեւ մեր հայրենակիցների կեանքեր խլեց, ինչքի, նիւթական եւ այլ միջոցների զգալի կորուստներ եղան: Համայնքային կառոյցները արագօրէն վերականգնումի եւ օժանդակութեան ծրագրեր կազմեցին, աշխարհի տարբեր ծագերից հայութիւնը օգնութեան ձեռք մեկնեց: Ի՞նչ է յաջողուել անել, ի՞նչ ծրագրեր են ընթացքի մէջ: Ի դէպ, այս աշխատանքների ծիրում ակնառու էր Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը:

Բ. Պ.- Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը աննախընթաց էր իր տարողութեամբ եւ պատճառած մարդկային ու նիւթական վնասներով: Հիմնականին մէջ նաւահանգիստին մերձակայ` Արեւելեան Պէյրութի շրջանները, որոնք հայահոծ թաղամասեր են, անխտիր ահաւոր քանդումի ենթարկուեցան: Ըլլայ զոհուածներու թէ վիրաւորներու, ըլլայ հիմնայատակ քանդուած ու անբնակելի դարձած հազարաւոր բնակարաններու, աւերուած գրասենեակներու, վաճառատուներու թէ գործատեղիներու շուրջ տասնհինգ տոկոսը կը կազմեն հայերը եւ հայապատկան ինչքերը, ինչ որ համայնքին համար հսկայական կորուստ է ու հարուած` գաղութի ուժականութեան: Համահայկական բոլոր կարիքներուն ու ծրագիրներուն, ըլլան անոնք Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ, իր արժանավայել մասնակցութիւնը բերած երբեմնի հզօր գաղութը այսօր ինք օժանդակութեան կարիք ունի: Պայթումէն առաջ տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու համար ՀՅԴ Բիւրոն արդէն իսկ նախաձեռնած էր Լիբանանի օժանդակութեան դրամահաւաքի, իսկ աղէտէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ Բիւրոն կոչ ուղղեց ուղեկից կառոյցներուն` անյապաղ համագաղութային մեր ուժերը վերստին լարելու եւ լիբանանահայութեան զօրակցելու: Պէտք է հաստատել, որ Հայաստանէն, Արցախէն թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն համահայկական զօրակցութիւնը երբեք չզլացուեցաւ, եւ անսակարկ նուիրումով ու եռանդով օժանդակութեան արշաւները կազմակերպուեցան: Համայնքի քաղաքական, կրօնական թէ հասարակական կառոյցները համախմբող Լիբանանի վերականգնումի մարմինը երեք առաջնահերթութիւն ճշդած է` բնակարաններու վերանորոգում, ուսումնական համակարգ եւ առողջապահութեան ոլորտ: Վերականգնումի աշխատանքները կամաւորներու կողմէ կազմակերպուած ու արդիւնաւէտ ձեւով կը տարուին: Վստահ ենք, որ իր հայրենակիցներու օժանդակութեամբ լիբանանահայութիւնը պիտի կարողանայ դիմագրաւել աղէտին հետեւանքներն ու վերականգնիլ:

«Դ.».- Վերը թուարկուած իրադարձութիւնների յորձանուտում կարծես քննարկման գայթակղիչ թեմա դարձաւ լիբանանահայութեան հայրենադարձութեան հարցը: Այսօր, երբ մօտ երեք ամիս է անցել ծանր աղէտից, ինչ մտայնութիւններ կան այս հարցի շուրջ, ի՞նչ եզրակացութիւնների է յանգել համայնքը:

Բ. Պ.- Հայրենադարձութիւնը զգայուն եւ լուրջ հարց է, որ իր ռազմավարական նշանակութեամբ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի համահայկական մեր տեսլականին ու իղձերուն: Թէ ինչպէս կը պատկերացնենք հայութեան տեղաբաշխումը, ինչ դեր կը վերապահենք Սփիւռքին, քաղաքական եւ Հայ դատի առումով ինչ նշանակութիւն կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի գաղութները, Հայաստանի ժողովրդագրական ինչպիսի պատկեր կ՛ապահովէ հայրենիքի կայուն զարգացումն ու անվտանգութիւնը, այս բոլորը հարցադրումներ են, որոնք կը կարօտին համազգային քննարկումի: Քննարկում, որ պէտք է նկատի ունենայ մեր պետական հնարաւորութիւնները եւ սփիւռքեան կառոյցներու փորձառութիւնն ու ներուժը: Հետեւաբար, ասիկա  աղէտի մը հետեւանքով տուեալ պահի մը քննարկման թեմա չէ: Համազգային ընդունուած ծրագրի մը բացակայութեան անպատասխանատու յայտարարութիւնները միայն խուճապ կը ստեղծեն ու կ՛առաջնորդեն անտեղի յուսախաբութեան: Հայրենի հողին վրայ հայահաւաքը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար ծրագրային նպատակ է, ու կարելի չէ շեղիլ անկէ, սակայն թեմայի կարեւորութիւնը մեզ կը ստիպէ լրջութեամբ ու պատասխանատուութեամբ ծրագրել եւ կազմակերպել հայրենադարձութիւնը: Դժբախտաբար, այս նպատակով հայրենի իշխանութիւններուն մեր բոլոր դիմումները առ այսօր մնացած են անպատասխան:

«Դ.».- Քաղաքական, տնտեսական համանման եւ այլ խնդիրներ ծառացած են այսօր միջինարեւելեան ողջ տարածաշրջանում: Գիտենք, որ դեռեւս մտահոգիչ է մնում իրավիճակը Սիրիայում: Նշածս եւ դրանից էլ ընդարձակ աշխարհաքաղաքական գօտում իր սադրիչ զաւթողական գործունէութիւնն է ծաւալում Թուրքիան. սրա կողքին, անշուշտ, կան այլ աշխուժ դերակատար ուժեր: Դարձեալ ընդհանուր գծերով եթէ անդրադառնանք, ինչպիսի՞ն է կացութիւնը, եւ ի՞նչ հեռանկարներ են ուրուագծւում:

Բ. Պ.- Միջազգային տարբեր ուժեր, հիմնականին մէջ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Եւրոպա հետաքրքրուած են միջինարեւելեան տարածաշրջանի ռազմավարական դիրքով ու հարուստ ընդերքով: Անոնց շահերը կը հակադրուին, ու պահը չէ հասած ընդհանուր համաձայնութեան մը:

Օգտուելով այս անորոշութենէն եւ նախքան միջազգային թէ տեղական ուժերու վերջնական դասաւորումը, Թուրքիա, մտահոգ տարածաշրջանի մէջ իր դերակատարութեան հաւանական նուազումով, կը փորձէ իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնել:

Հակառակ տասնամեակ մը առաջ յայտարարած իր «դրացիներու հետ զերօ խնդիր» կարգախօսին` այսօր Թուրքիա իր շրջապատի գրեթէ բոլոր երկիրներուն հետ հարց ունի: Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ իր անվերապահ գործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը ակնկալուած արդիւնքը չտուին, Լիպիոյ մէջ թէ Արեւելեան Միջերկրականի իր նախաձեռնութիւնները միջազգային թէ շրջանային ուժերու բուռն հակազդեցութեան արժանացան, իսլամ եղբայրներուն իր զօրակցութիւնը արաբական երկիրներու թշնամանքը ապահովեց, չյաջողեցաւ շրջանի մէջ քրտական գործօնը ամբողջութեամբ չէզոքացնել: Լիբանանի պարագային ան կը փորձէ սիւննի համայնքը սիրաշահելով ազդեցութեան գօտի ունենալ ու դերակատարութիւն ապահովել ապագայ շրջանային դասաւորումներուն մէջ: Այս ձեւով անխուսափելիօրէն ան կը հակադրուի սիւննի համայնքի աւանդական հովանաւորներուն` Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի: Վերջին շրջանին նաեւ Հայաստանի վերաբերեալ իր թշնամական ու ռազմաշունչ յայտարարութիւններով ուղղակիօրէն կը սպառնայ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան: Նկատի ունենալով հակամարտութիւններու այս լայն ընդգրկումը, Թուրքիոյ դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապը, ծաւալապաշտական իր նկրտումներն ու իշխանութեան կառչած մնալու իր մոլուցքը հաշուի առնելով` Էրտողան կրնայ դիմել անկանխատեսելի քայլերու, որոնք ուղղակիօրէն կը սպառնան տարածաշրջանի, ներառեալ Հայաստանի կայունութեան եւ անվտանգութեան:

«Դ.».- Դաշնակցութեան նախաձեռնած կամ կուսակցութեան մասնակցութեամբ շատ ծրագրեր յայտնի պատճառներով ընթացիկ տարում չգործադրուեցին կամ գործադրուեցին մասնակիօրէն: Որպէս «ԱՌԻ» հիմնադրամի տնօրէնների խորհրդի անդամ` ի՞նչ կ՛ասէք Արցախում արդէն մի քանի տարի իրականացուող վերաբնակեցման ծրագրերի ընթացքի մասին:

Բ. Պ.- Համավարակի պատճառով «ԱՌԻ»-ի (Artsakh Roots Investment) ծրագիրները կանգ չառին, ու, հակառակ տնտեսական ճգնաժամին, «ԱՌԻ»-ն ոչ միայն կարողացաւ իր բաժնետէրերուն բոլոր պարտաւորութիւնները ամբողջութեամբ հոգալ, այլ նաեւ Արցախի մէջ իր ներդրումային ծրագիրները շարունակեց: Այս իմաստով` գիւղատնտեսութեան զարգացման թէ անասնապահութեան համար յատկացուած վարկերը այս տարի եւս մատչելի ձեւով Արցախի «Գիւղ» հիմնադրամին միջոցաւ տրամադրուեցան Քաշաթաղի ու Նոր Շահումեանի վերաբնակիչներուն: Պէտք է ըսել, որ անցնող տասնմէկ տարուան ընթացքին բազմահարիւր ընտանիքներ օգտուած են սոյն ծրագիրներէն ու ոչ միայն նպաստած հսկայ տարածքներու մշակման ու Արցախի տնտեսութեան զարգացման, այլ նաեւ բարելաւած իրենց կենսամակարդակը:

Ինչպէս յայտնի է, «ԱՌԻ»-ի ջանքերուն շնորհիւ կառուցուած Առիաւանի 50 առանձնատուները արդէն իսկ բնակեցուած են, եւ շուտով յաւելեալ 12 նորակառոյց բնակարանները բազմազաւակ ընտանիքներու կը յանձնուին: Մօտ օրէն լիբանանահայ գործարարներու նուիրատւութեամբ կ՛ամբողջանայ նաեւ համայնքի նորակառոյց մանկապարտէզը: Զուգահեռաբար Քարվաճարի մէջ, «ԱՌԻ»-ի նախաձեռնութեամբ, աւստրալահայ եւ լիբանանահայ գործարարներ ձեռնարկեցին 15 առանձնատուներով նոր թաղամասի մը կառուցման: Թաղամասը արդէն պատրաստ է ընդունելու շրջանին զարգացման համար այնքան կենսական մասնագէտներու ընտանիքներ: Իր տասնամեայ յաջող փորձառութեամբ «ԱՌԻ»-ն փաստեց, թէ փոխշահաւէտ հիմունքներով ու համահայկական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործմամբ ինչպէս կարելի է տնտեսութիւնը զարգացնել ու հայրենիքը շէնացնել:

(Հարցազրոյցը կատարուած է նախքան Արցախեան պատերազմի բռնկումը)

«Դրօշակ», թիւ 10 (1644),
Հոկտեմբեր 2020