Կիրակի 15 Նոյեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեանի եւ տիար Հրայր Թրթռեանի, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ծովեզերեայ շրջանէն՝ Թարթուսէն, Պանիասէն, Արամոյէն, Ղնեմիէէն, Եագուպիէէն, Քեսապէն եւ Լաթաքիայէն ժամանած ուխտաւորներու հոծ բազմութեան:
Պատարագի առընթերականերն էին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը:
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն: Եօթը ընծայեալներ ծնկաչոք վիճակի մէջ խորան բարձրանալով մօտեցան ձեռնադրիչ եպիսկոպոսին: Սրբազան Հայրը աղօթք վերառաքեց Աստուծոյ խնդրելով, որ Աստուած երկնային իմաստութեամբ օժտէ սարկաւագութեան կարգը ստացող ընծայեալները, որպէսզի դառնան հաւատարիմ ծառաները Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Ապա ընծայեալները ծնկաչոք վիճակով ուղղուեցան դէպի արեւմուտք: Երգուեցաւ «Աստուածային եւ Երկնաւոր Շնորհ» շարականը, որ կը խորհրդանշէ աշխարհէն հրաժարիլ եւ ամբողջանուէր կերպով Տիրոջ նուիրուիլ: Խորհրդաւոր եւ տպաւորիչ էր հոգեխօս պատկերը, որուն ընդմէջէն կը պարզուէր եկեղեցւոյ ծառայութեան շարունակականութիւնը, բան մը որ աստուածային ներգործող զօրութեան շօշափելի արտայայտութիւնն էր, որ գեղեցկօրէն պարզուեցաւ ձեռնադրութեան ճամբով:
Արարողակարգին հիմամբ Սրբազան Հայրը յատուկ իշխանութիւն տուաւ ընծայեալներուն, որպէսզի խորանին սպասարկեն, Աւետարան ընթերցեն եւ խնկարկեն:
Հաւատացեալները երկիւղած բարեպաշտութեամբ իրենց աչքերը սեւեռած էին խորանին, ի տես խորանէն պարզուած սքանչելի երեւոյթին, որ կ’արտայայտէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ կ’արժեւորուի ծառայութեան ճամբով:
Հոգեզմայլ շարականները եւ հոգեպարար աղօթքները կը հրաւիրէին ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը, որպէսզի մասնակից դառնային եւ անմասն չմնային օրուան խորհուրդէն:
Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը սուրբ միւռոնով օծեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին սրբապատկերը, որպէսզի ծառայէ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ դառնայ բարեպաշտական ապրումներու ներշնչման աղբիւր: Սրբապատկերը եկեղեցւոյ նուիրուած է Լենա եւ Էլիզապէթ Սիրանոսեան քոյրերուն կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ընծայեց հովուական այցելութիւն կատարելու ծովեզերեայ շրջան, մասնաւորաբար հանդիսապետելու արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ դպրաց, կիսասարկաւագաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարելու եւ ի վերջոյ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրհնաբեր տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցելու: Սրբազան Հայրը շեշտեց ծառայութեան կարեւորութիւնը, որ սիրոյ ու նուիրումի թարգմանն է եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: «Սարկաւագ ըլլալ կը նշանակէ ծառայել ո՛չ միայն եկեղեցւոյ խորանին, այլ աստուածային ուսուցումներուն», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Մասիս եպիսկոպոս հաւատացեալներուն վերյիշեցուց, թէ առաջին եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եղաւ դժուարին եւ տագնապալի, նկատի առնելով, որ եկեղեցին կը դիմագրաւէր որոշ դժուարութիւններ, հալածանքներ, նեղութիւններ, բայց միաժամանակ եկեղեցին կը վայելէր ծառայասէրներու ներկայութիւնը եւ այդ ընտրանիներուն մէջ յատուկ տեղ եւ դեր ունեցան եօթը սարկաւագները, որոնց կեանքի վկայութեան մասին կը տեղականանք Գործք Առաքելոց գիրքի 6-րդ եւ 7-րդ գլուխներէն, եւ այդ ամբողջանուէր ծառայողներուն խօսուն օրինակը հանդիսացաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագը:
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով եօթը ձեռնադրեալ սարկաւագներուն, անոնց պատուիրեց ըլլալ խոնարհ, ծառայասէր, եկեղեցասէր, աղօթասէր, կարդան Աստուածաշունչը եւ աստուածաշնչական ուսուցումներուն հիմամբ կ’երտեն իրենց նկարագիրը, որպէսզի իրենց եկեղեցապատկան ծառայութեամբ եւ գիտակցութեամբ դառնան աղ եւ լոյս իրենց շրջապատին:
Սրբազան Հայրը սարկաւագին կարեւորութեան մասին անդրադառնալէ ետք ընդգծեց երեք նկարագրային յատկանիշներ, որոնցմով սարկաւագը իր կոչումին տէր կը դառնայ՝
Ա. Բարեհամբաւ- Սրբազան Հայրը բարեհամբաւ ըլլալը յոյժ կարեւոր նկատեց, որպէս վկայութիւն առաքինի կեանքի:
Բ. Սուրբ Հոգիով լեցուիլ- Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Սուրբ Հոգիով լեցուիլը հրամայական եւ անյետաձգելի պահանջք է, աստուածահաճոյ ծառայութիւն ունենալու:
Գ. Իմաստութեամբ լեցուիլ- Սրբազան Հայրը մէջբերելով Առակաց գիրքի հեղինակին խօսքը ըսաւ. «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է»: Ան շեշտեց, թէ եկեղեցական եւ յարաբերական կեանքէն ներս անհրաժեշտ է իմաստուն ըլլալ, որովհետեւ իմաստութեան շնորհիւ մարդը կը դառնայ վաւերական մարդ, գործօն, ջանասէր, աշխատունակ եւ այդպիսով իր ծառայութիւնը կը դառնայ պտղաբեր՝ Աստուծոյ փառքին եւ մարդոց բարիքին համար:
Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը մասնաւորեց ներկայ ճգնաժամը, որ կ’ապրի համայն հայութիւնը, տագնապալի հանգրուան մը, որ խորապէս ցնցեց եւ յուզեց հայ ժողովուրդը: Աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ ապրող հայերը ներկայիս կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ եւ այս իմաստով Սրբազան Հայրը կարեւոր նկատեց ըլլալ միասնական, հաստատակամ, պայքարունակ՝ կառչած մնալու քրիստոնէական, ազգային եւ բարոյական արժէքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ամէն տեսակի պառակտիչ հոսանքներուն եւ իմաստութեամբ ընթանալ ընտրելով այն ինչ որ լաւ է, բարի եւ հոգեշահ:
Ապա Սրբազան Հայրը ի խորոց սրտի աղօթք բարձրացուց մաղթելով, որ Տէր Աստուած պահէ Հայաստանը եւ համայն հայութիւնը, Արցախի նահատակներուն արքայութեան արժանացնէ, տնազուրկ եղողներուն համբերութիւն եւ մխիթարութիւն շնորհէ, սուրիական հայրենիքին եւ անոր իմաստուն Նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին պահէ ու պահպանէ: Մասիս Սրբազան վերահաստատեց, թէ սուրիահայերը կառչած կը մնան սուրիական հայրենիքին եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն ի խնդիր երկրի կայունացման եւ ծաղկման:
Իր խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նուիրատուները եւ ուխտաւորները, մաղթելով արեւշատ, օրհնաբեր եւ բարօր օրեր:
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, թափօրը պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութեան արարողութիւն, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի նահատակներուն եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
«Կիլիկիա» մաղթերգով աւարտին հասաւ հոգեպարար տօնակատարութիւնը:
Պատարագէն ետք «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Հաւատացեալ ժողովուրդը առիթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ խրախուսիչ խօսքերով մխիթարուելու:
Կէսօրին, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը եւ Տիկնաց Յանձնախումբը սիրոյ ճաշ մատուցեց: Սրբազան Հայրը գնահատեց Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ բոլոր անոնք, որոնք գործնապէս մասնակցութիւն բերին այս ծրագիրի իրագործման եւ մաղթեց, որ աննահանջ թափով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը, ի խնդիր Լաթաքիոյ հայութեան ծաղկման: