Երեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Գամիշլիի շուրջ գտնուող ԱՄՆ-ի ուժերը կը շարունակեն թալանել սուրիական հարստութիւնները:
Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ի հաղորդեցին, որ ԱՄՆ-ի ուժերը քարիւղ ընդգրկող 120 տակարներ փոխադրեցին դէպի իրաք՝ «Ալ Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն:
Աղբիւրները յայտնեցին, որ ԱՄՆ ուժերը 70 տակար եւս Իրաք փոխադրեցին «Համզա Պէք» քարիւղ արտադրող կայանէն:
Աղբիւրները աւելցուցին, որ ԱՄՆ-ի պատկանող փոխադրակառք մը ընդգրկելով 70 քարիւղի տակար Ռմէյլան աւանէն Իրաք ուղղուեցաւ։