«Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան փրկարարական կազմաւորումներու բաինի տնօրէն գեներալ-լեյթենանթ Իկոր Քուտրովսքուն եւ ՌԴ ԱԻՆ միջազգային գործունէութեան բաժինի տնօրէն գեներալ-լեյթենանթ Վլատիմիր Սօլովէոյին:
«Իրականացուելիք գործունէութեան առնչութեամբ Արցախի իշխանութիւններու անունով բարձր աջակցութիւն յայտնելով` յայտնած եմ, որ պատերազմական գործողութիւններու դադարէն վերջ խաղաղ բնակչութեան բնականոն եւ անվտանգ կեանքի ապահովման համար մեծ ծաւալի աշխատանք կը սպասուի, եւ համոզմունք յայտնած եմ, որ Արցախի գործընկեր կառոյցի հետ արդիւնաւէտ ու փոխգործակցուած գործունէութիւն պիտի ծաւալուի», գրած է Յարութիւնեան: