Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ վկայակոչելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մեկնաբանութիւը Փոմփէոյի Կոլանի այցելութեան շուրջ ըսաւ, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի սուրիական գրաւուած Կոլանի մէջ իսրայէլեան հաստատութիւններ այցելութիւնը, զայն համարելով ընդվզեցուցիչ արարք եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան սպառնացող բացայատ քայլ: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ զուգահեռաբար Իսրայէլի Սուրիոյ վրայ իրարայաջորդ յարձակումներուն, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ 17 Նոյեմբեր 2020-ին:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիա կը շեշտէ, որ նման այցելութիւններ ոճիր կը համարուին եւ կը քաջալերեն Իսրայէլի թշնամական ընթացքը, որ կը շարունակուի ԱՄՆ-ի վարչակազմի աջակցութեամբ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիա կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընկերութեան դատապարտելու նման ապօրինի այցելութիւններ, որոնք կը խախտեն ՄԱԿ-ի որոշումները, ներառեալ 497 թուակիր որոշումը, որ կը մերժէ Կոլանը Իսրայէլի կցելն ու այնտեղ իսրայէլեան հաստատութիւններ հիմնելը:
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ, որ Սուրիա անգամ մը եւս կոչ կուղղէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին միջազգային խաղաղութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը կրելու եւ կանխարգիլելու նման այցելութիւններ, որոնք ըստ միջազգային օրէնքին եւ Ժընեւի համաձայնագրութեան արգիլուած են եւ ապօրինի կը նկատուին: