Հակամարտութիւններ վերլուծող ուսումնասիրութիւններու մէջ, պատերազմը կը նկատուի որպէս փուլ մը, հանգրուան մը, որ կ’արտացոլացնէ հակամարտութեան մթնոլորտի եւ սաստկութեան գագաթնակէտը, եւ ինչպէս արաբ-իսրայէլեան կամ Հնդկա-փաքիստանեան հակամարտութեանց մէջ, այնպէս ալ արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան այս փուլը, անկախ իր արդիւնքէն, չ’առաջնորդեր լուծումի եւ չի հաստատեր խաղաղութիւն ու կայունութիւն, հետեւաբար պէտք չէ մենք մեզ համոզենք, որ արցախեան հիմնախնդիրը վերջ գտաւ եւ մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար մղուած պայքարը ձախողութեան մատնուեցաւ, հետեւաբար հասաւ իր աւարտին։ Երբե՛ք։ Մեր պայքարը պիտի շարունակուի շատ պարզ այն պատճառով, որ ազերիներու կամ թուրքերու հետ մեր հարցը շատ աւելի արմատական է քան հողատարածքի մը հարցը։ Առանց չափազանցութեան՝ մեր հարցը կենաց մահու հարց է, ապրելու եւ անհետանալու հարց է, հետեւաբար հակամարտութիւնը վստահաբար պիտի շարունակուի, այնպէս ինչպէս պիտի շարունակուի պայքարը:
Այս իրողութիւնը ըմբռնելով, պէտք է նախ եւ առաջ ընդունիլ ներկայ իրավիճակը, եւ ընդունիլ պարտութեան ճշմարտութիւնը, ըլլայ այդ մէկը քաղաքական դաշտի վրայ, թէ զինուորական գետնի վրայ: Անկախ քաղաքական կեղտոտ խաղերու ու խայտառակ դէպքերու ու դժբախտաբար դէմքերու, մենք պէտք չէ մոռնանք, որ կը պատերազմէինք բոլորովին անհաւասար պայմաններու մէջ, աշխարհաքաղաքական, ռազմական, տնտեսական, եւ ինչու չէ նոյնիսկ «ղեկավարի իմաստով», հետեւաբար նահանջը իմ վերլուծութեամբ անխուսափելի էր, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ չկար այլ ելք կամ տարբերակ։ Թէեւ անձնապէս տեղեակ չեմ, թէ ինչ տուեալներու ու տեղեկութիւններու հիման վրայ առնուեցաւ համաձայնագիր ստորագրելու այդ որոշումը, բայց պէտք է այժմ այդ մէկը ընդունինք որպէս իրականութիւն, անընդունելի, անմարսելի, սակայն իրականութիւն: Իրաւական դաշինք չհամարուող այս համաձայնութեան, զինադադարի յայտարարութիւնը, որ նոյնիսկ անյստակ է իր մանրամասնութիւններով եւ գործադրման ձեւերով ու միջոցներով, յստակօրէն կ’անտեսէ հայկական շահերը ու լուրջ վտանգի կ’ենթարկէ զանոնք, սակայն այս նոյն «անյստակութիւնն ու անորոշութիւնը» թույլ կու տան սահմանափակ, բայց միեւնոյն ատեն կարեւոր ձեռքբերումներու կարելիութեան այս կամ այդ կողմին համար։ Այս կարելիութիւնը, սակայն, իրականութիւն դառնալու համար կը պահանջէ խոհեմութիւն ու բարձր մակարդակի դիւանագիտութիւն, ինչ որ անշօշափելի են Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ու վերնախաւին մօտ:
Յայտարարութեան բնոյթն ու արժէքը, նոյնիսկ զայն այլ համաձայնութեամբ մը փոխարինելու տարբերակներուն շուրջ քննարկումները մէկ կողմ դնելով, կը կարծեմ որ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ անոր 9 կէտերուն վրայ:
Այդ յօդուածները եւ անոնց ստեղծած նոր հանգամանքը կը կարօտին լուրջ ուսումնասիրութեան, ինչ որ իրականացնելը տակաւին կանուխ է ու քիչ մըն ալ դժուար (տեղեկութիւններու սակաւութեան պատճառով)։
Այդուհանդերձ կարելիութեանս սահմաններուն մէջ պիտի փորձեմ ամփոփել յայտարարութեան հետեւանքները հակամարտութեան կողմերուն վրայ:
1- Արցախը որպէս անկախ պետութիւն կորսնցուց իր անկախութեան ու ազատութեան երաշխիքները, անկախ իր ամբողջ հարաւային տարածքներն ու Շուշին կորսնցնելու իրականութենէն, ան կորսնցուց նաեւ իր անվտանգութեան ապահովման իրաւունքը։ Այդ պարտականութիւնը ստանձնեցին ՌԴ խաղաղապահ զօրքերը՝ իրենց զգալի գոյութիւնը հաստատելով:
2- Հայաստան կորսնցուց Արցախի նկատմամբ եւ ընդհանրապէս արցախեան հարցին շուրջ ազատ ու անկախ քաղաքականութիւն վարելու կարողութիւնը՝ ռուս «խաղաղապահ» ուժերու ներկայութեան հետեւանքով։ Այս մէկը տրամաբանելով եւ աշխարհաքաղաքականօրէն Հայաստանի կղզիացած վիճակը նկատի առնելով, ակներեւ կը դառնայ, որ Հայաստան աւելի պիտի ընկճուի իր արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան մէջ:
3- Ատրպէյճան յաղթական դուրս եկաւ պատերազմէն, սակայն ոչ իր ցանկացած պատկերով։ Այժմ ոչ-բացայայտ դժգոհութեամբ ան ընդունած է ռուս խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը: Այս ներկայութիւնը ոչ թէ միայն արգելք պիտի դառնայ իր ամբողջական նպատակին՝ Արցախի ողջ տարածքին բռնագրաւման իրագործման, այլեւ բացասաբար պիտի ազդէ իր սեփական անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան «ճկունութեան»:
Անշուշտ այս հետեւանքները կը մնան հաւանական, որովհետեւ մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ յայտարարութեան 9 կէտերը որքանո՞վ եւ ինչ ձեւի տակ պիտի իրագործուին, հետեւաբար ակնկալելի է, որ գալիք օրերը լուսաբանեն յայտարարութեան աննշան, սակայն կարեւոր «միքանիզմները»:
Պատահածը ահաւոր է բոլոր չափանիշներով, եւ բնականաբար Հայաստան շատ աւելի «խեղճացած» պիտի տեսնենք յառաջիկայ օրերուն։
 Մեզի կը մնայ որպէս հայրենիքի շուրջ համախմբուող ազգայիններ դատել պատահածը, եւ հաշիւի կանչել թերացողները ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ձեւերով, առիթ չտալու մեր թշնամիներուն կամ բարեկամներուն, որ ըսեն՝ «Հայերը Արցախը կորսնցնելու կողքին կորսնցուցին նաեւ յառաջդիմած ժողովուրդի կերպարը»:
Հայկ Պաթթալեան