«Երկիր Մետիա».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երկուստեք ընդգծուած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան աշխատանքներուն ամբողջական վերականգնման կարեւորութիւնը: Քննարկուած է վերջին շաբաթներու ընթացքին իրենց տուներէն տասնեակ հազարաւոր մարդոց անխափան եւ անվտանգ վերադարձի ապահովման հարցը եւ նշուած է Արցախի կրօնական եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը:
Կարեւոր համարուած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը եւ իրավիճակի հետագայ լիցքաթափումը:
Այդ առումով Հայաստանի վարչապետը յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հիմնարար նշանակութիւնը: