Արցախեան զարգացումներուն ընթացքին յաճախ հարց կը տրուէր, որ այս պատերազմին մէջ Թուրքիոյ Ատրպէյճանին սատարելը, անոր զինուորական աջակցութիւնը մարտահրաւէր մը չէ՞ր Մոսկուային համար: Ինչո՞ւ ուրեմն Մոսկուան դանդաղ շարժեցաւ ու արցախեան տարածք հաստատուելով մէկտեղ առիթ տուաւ, որ ատրպէյճանա-թրքական ազդեցութիւնը ընդլայնի այս շրջանին մէջ ու վտանգէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ իր շահերն ու ազդեցութեան գօտին։
Ռուսիա, մէկ կողմէ, իր բացառիկ ազդեցութեան գօտին կը համարէր Հարաւային Կովկասի ամբողջ տարածաշրջանը: Քրեմլինի համար ընդունելի պէտք չէ ըլլար այս տարածաշրջանին մէջ արտաքին դերակատարներու միջամտութիւնը: Յատկապէս, որ արտաքին դերակատարը ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ կը մտադրէ զինուորական կայան հիմնել Ռուսիոյ անմիջական սահմանին վրայ: Միւս կողմէ,սակայն, Ռուսիա փաստօրէն չէր շահագրգռուած տագնապի կողմերուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ  Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն վատթարացմամբ:
Հայաստան ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրութեան Կազմակերպութեան) անդամակցելով Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցը կը համարուի, ուստի Հայաստանի սահմաններուն որեւէ վտանգ հասնելու պարագային Ռուսիա բնականաբար Հայաստանը պիտի պաշտպանէ ՀԱՊԿ-ի համաձայնութեան հրամայականէն մեկնելով ու ՀԱՊԿ-ը ներգրաւելով սահմաններու պաշտպանութեան մարտերուն մէջ։ Ըստ երեւոյթի, Մոսկուայի համար զուսպ մնալն էր շահեկան, հակառակ պարագային, ան ստիպուած պիտի ըլլար Հայաստանի կողմը անցնիլ եւ դիրքորոշում ունենալ Ատրպէյճանի դէմ, որուն հետ եւս տնտեսական շահեր ունի, այդպիսով նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ։ Չմոռնանք նաեւ, որ Ռուսիա-Թուրքիա  գործակցութեան եզրեր գոյութիւն ունին նաեւ սուրիական տագնապի շրջագիծին մէջ, մենք ականատեսը եղանք Արցախի գրաւումէն անմիջապէս ետք թրքական ուժերուն սուրիական կարգ մը շրջաններէն դուրս գալուն, քայլ մը, որ Արցախի պատերազմին մէջ Թուրքիոյ ներգրաւման համար ներքին համաձայնութեան մը մասին կը յուշէ։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ համար դրական տարբերակ չէր Հայաստանէն հրաժարիլը, նկատի ունենալով որ Հայաստան Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ համարկման նախաձեռնութիւններու կարեւոր մասնակիցներէն մէկն է։ Այս մասնակցութեան նպաստած է նաեւ Հայաստանի ԵՏՄ-ի (Եւրասիական Տնտեսական Միութեան) անդամակցութիւնը։ Ռուսիա զինուորական կայան հաստատած է նաեւ Կիւմրիի մէջ, որ նոյնքան կարեւոր գործօն է իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան պահպանման համար։
 Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճեանի հետ Ռուսիոյ շահերուն, հակառակ անոր որ Ատրպէյճան մաս չի կազմեր տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ համարկումի նախաձեռնութիւններուն, այնուամենայնիւ  ան Ռուսիոյ համար կարեւոր գործընկեր կը համարուի։ Մոսկուայի համար Ատրպէյճանը նաեւ օրինակ մըն է այն երկիրներէն, որոնք մաս կազմելով յետխորհրդային շրջանի անկախացած երկիրներուն, տարածաշրջանին մէջ կրնան վարել բազմակողմանի քաղաքականութիւն, ուստի ան զգոյշ պիտի ըլլայ, որպէսզի այդ քաղաքականութիւնը վնաս չհասցնէ ռուսական շահերուն։ Այլ խօսքով, յետխորհրդային նման երկիրներու անկախ քաղաքականութիւնը պէտք չէ աւարտի հակառուսական արդիւնքներով, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ կամ Վրաստանի մէջ։
Այս բոլորը հաւանաբար կը պարզեն արցախեան տագնապին մասնակից կողմերուն  միջեւ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը։
Քրեմլինի համար մտահոգիչ պէտք է դառնայ, սակայն, Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներու հաստատումը, հայկական տարածքներ անոնց փոխադրումը, որպէսզի իրենց ընտանիքներով վերջնականապէս հաստատուին այդ շրջաններուն մէջ։ Կասկածէ վեր է, որ արցախեան հարցին ի նպաստ ատրպէյճանական կողմին լուծումը եւ ատրպէյճանա-թրքական ազդեցութեան ընդլայնումը այս տարածաշրջանին մէջ հետագային պիտի սպառնայ նաեւ ռուսական ազդեցութեան գօտիին եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան։
«Գ.»