Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Հալէպի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս․ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերներ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքմէլեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը։
Պատարագը հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան, ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչը, ՀՀ մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ազգային, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, նահատակներուն ծնողները, հարազատներն ու ընկերները։ Արարողութեան մասնակցելու համար Լաթաքիայէն, Գամիշլիէն եւ Քեսապէն ժամանած էին նաեւ նահատակներուն գաղափարակից ընկերները։
Նախքան հոգեհանգստեան արարողութիւնը, սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ զոհութեան եւ նուիրումի կարեւորութիւնը հայկական մեր կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարեց դժուար պահերու մէջ մեր միասնականութիւնը, յանուն մեր պետութեան ու ժողովուրդին բարգաւաճման եւ յանուն մեր խլուած իրաւունքներու ձեռբերման։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ԲԵրիոյ Հայոց Թեմի Առաջանորդը, նահատակ ընկերներուն ծնողներն ու ընկերները ցաւակցութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ Այնտեղ նախ սգակիրներուն ցուցադրուեցաւ նահատակ ընկերներուն մասին տեսանիւթ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր անոնց Արցախ մեկնումը, պատերազմի մասնակցութիւնն ու նահատակութենէն ետք թաղումը Եռաբլուրի մէջ, ապա հոգեհանգստեան արարողութիւնները՝ Երեւան, Հալէպ, Քեսապ, Գամիշլի, Լաթաքիա, Պէյրութ եւ Թօրօնթօ։
Այս առիթով նահատակներու երէց ընկեր Հայկազ Ասատուրեան խօսք առնելով ըսաւ․ «Մխիթարանքի խօսք չեմ ուզեր արտասանել, որովհետեւ մեր հերոսները՝ Յարութը, Յակոբն ու Մոսիկը իրենց քաջութեամբ, զոհողութեան ոգիով մեզ ներշնչեցին հպարտութիւն, ազգային մեր իրաւունքներուն մեր կեանքին գնով տէր կանգնելու արիութիւն, մեզի պատգամեցին չընկրկիլ, չյուսահատիլ, իւրաքանչիւր անելի դիմաց ըլլալ հնարամիտ, ելք մը որոնել ու շարունակել մեր ազգային իղձերու իրականացման, մեր գոյապայքարի երկար, փշոտ, բայց կայուն ճամբան։

Անոնք պիտի չուզէին մեզ տեսնել ընկրկած, իրենց նահատակութեամբ հպարտութիւն պիտի ուզէին դրոշմել մեզմէ իւրաքանչիւրին ճակտին, այնպէս ինչպէս իրենք օծուեցան նահատակութեան փառքով ու Արարատին դիմաց յաւերժացան կողք-կողքի։

Ընկերներս կուգային ազգայնաշունչ ընտանիքներէ, անոնց հայրերն ու մայրերը խիզախութիւն սերմանած էին իրենց մատղաշ հոգիներուն մէջ, իսկ դաշնակցական դպրոցին մէջ անոնց արիութիւնը պսակուած էր գաղափարական շունչով, կազմակերպ աշխատանքի ու հայրենասիրութեան հունով։
Մէկ ժողովուրդի, մէկ հայրենիքի գաղափարին կը հաւատային ու իրենց օրինակով հաստատեցին, որ հայութեան ուժը իր միասնական պայքարին մէջ է, ուր որ ալ գտնուին անոր զաւակները պիտի պայքարին մէկ ժողովուրդի, մէկ ազգի իրաւունքներուն համար, Արցախ, Հայաստան, թէ Հալէպ։ Մեր նահատակ զաւակները դափնեպսակներով չվերադարձան դժբախտաբար, սակայն անոնք իրենց օրինակով պատգամեցին տիրութիւն ընել հայրենիքին ամէն պարագաներու մէջ, առանց յանձնուելու, միշտ պայքարի նոր ձեւեր ու միջոցներ գտնելով»։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ նահատակ մեր ընկերներուն արժանավայել յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելուն համար։

Ապա խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ու ըսաւ․ «Այսօր յարգանքի օր է, յիշատակի օր է, յարգելու մեր հազարաւոր հերոսները։ Յարգանքի օր է այն ծնողներուն, որոնք հայրենասիրութեան ոգին սերմանեցին իրենց զաւակներուն մէջ պատանեկան իրենց տարիքէն։ Այսօր յարգանքի օր է այն կազմակերպութեան, որուն շարքերուն մէջ ազգային նկարագիրով, հայրենիքին համար նահատակուելու պատրաստ սերունդներ կերտուեցան։ Հայրենիքի ազատագրումը անոնց համար եղաւ ոչ միայն ապրում, այլեւ կամք եւ գործ, անոնք ընտրեցին նահատակութեան ճանապարհը։ Այս է տիպար հայը։ Տիպար հայ ըլլալ չի նշանակեր միայն մտաւորական ըլլալ, եկեղեցական ըլլալ, գիտնական ըլլալ, բարերար ըլլալ, բայց կրաւորական մնալ, զոհողութեան իմաստը չարժեւորել։ Այսօրուան երիտասարդութիւնը, այո, երբեմն գերին դարձած է համացանցային մակերեսայնութեան, սակայն տակաւին կան երիտասարդներ, որոնք գիտեն ճշմարիտը կեղծիքէն զանազանել ու զոհել նոյնիսկ իրենց երիտասարդութիւնը հայրենիքին տիրութիւն ընելու համար։ Նահատակները լոյսի փարոս են ազգի մը համար։ Անոնց չեն հետաքրքրեր պաշտօնը, աթոռը, դիրքը, անոնք կը կռուին հողին ու իրաւունքին համար, առանց յանձնուելու, առանց ընկրկելու, ցմահ հաւատարիմ մնալով իրենց պապենական ժառանգութեան։
Երբեմն մեր քաղաքական գործիչները պէտք է հետեւին գերագոյն զոհողութեան նահատակներու օրինակին ու իրենք եւս զոհողութեան պատրաստ ըլլան յանուն հաւաքական շահերու։ Երբ ազգը վտանգուած է, բոլորս մէկ ենք, երբ մշակոյթը վտանգուած է, մեր լեզուն վտանգուած է, մենք մէկ ենք, պէտք է սորվինք մեր սխալներէն եւ նոր միջոցներ որոնենք զօրանալու։ Այս բոլորը կ՛իրականանան, երբ քաղաքական գործիչները, ղեկավարները զիջին երբեմն յանուն իրենց ժողովուրդին, որպէսզի հաւաքական կամքը իրականանայ եւ մեր երկիրը յաղթահարէ իր դիմաց ցցուող վտանգները։
Աշխատանք, զոհողութիւն եւ միասնականութիւն։ Այս երեք յատկութիւններով օժտուելու ենք ու փոխադարձ հանդուրժողականութեամբ գործելու։
Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ լոյսի մէջ պահէ մեր նահատակներուն հոգիները»: