Սոյն ժամանակագրութեամբ պիտի ամփոփենք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմին առնչուող կարեւոր իրադարձութիւնները.
27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ատրպէյճան, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ կը սանձազերծէ Արցախի դէմ:
-Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով 27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան սկսած ատրպէյճանական յարձակումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ-ն զօրաշարժի կ’ենթարկէ կամաւորական ուժերը: Նոյն օրը երեկոյեան Արցախ կը մեկնի ՀՅԴ կամաւորական առաջին վաշտը:
-ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը յայտարարութիւն կը տարածէ յայտնելով, որ այս պահուն բոլորս հայոց բանակի զինուոր ենք:
-ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ կը հաստատէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայոց Բանակին։
-Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յայտարարէ զինուորական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք:
-ՀՅԴ ԳՄ-ի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւնները կը հաւաքուին:
14 կուսակցութիւններ յայտարարութիւն կը տարածեն, թէ ողջ ներուժով կը սատարեն հայոց բանակին եւ կ’աջակցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն:
-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը Արցախի շփման գիծի երկայնքով եւ խաղաղ բնակավայրերուն վրայ։
-ՀՀ ԱԳՆ-ը իր յայտարարութեան մէջ կը յիշէ, որ առաւօտեան, շփման գիծի ողջ սահմանին ատրպէյճանական կողմը աշխուժ հրետակոծութիւն սկսած է՝ թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։
28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ալիեւի հրամանագիրով՝ 28 Սեպտեմբերէն սկսեալ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին զինուորական դրութիւն կը հաստատուի:
-ՆԱԹՕ-ն կոչ կ’ուղղէ անյապաղօրէն դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ:
-Զօհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց կ’ունենայ ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Իրանի եւ Յունաստանի գործընկերներուն հետ:
-Սուրիահայ երեք կազմակերպութիւնները՝ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը  յայտարարութիւն՝ կը տարածեն՝ դատապարտելով ատրպէյճանաթրքական յարձակումը:
-ՀՀ 13 կուսակցութիւններ՝ ներառեալ ՀՅԴ-ն, կոչ կ’ուղղեն Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմավարական դաշինք կնքելու:
-Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ թշնամիին բոլոր յարձակումները:
29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020
-The guardian թերթը կը գրէ. «Թուրքիան Ատրպէյճանի մէջ տեղակայման համար կը զինէ սուրիացի վարձկանները»:
-Փաշինեան Մերքէլին կոչ կ’ուղղէ ամէն ջանք գործադրելու Թուրքիոյ ապակառուցողական կեցուածքը սանձելու համար:
-Քանատայի խորհրդարանի անդամներ կը դատապարտեն ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը եւ կը զօրակցին Հայաստանին ու Արցախին:
-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 29 Սեպտեմբերին  կ’այցելէ Անգարայի Ատրպէյճանի դեսպանատուն, ապա կը յայտարարէ, թէ Թուրքիա պատրաստ է աջակցելու Պաքուին ոչ միայն բանակցային սեղանին շուրջ, այլեւ մարտի դաշտին վրայ:
30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020
-ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդը յատուկ նիստով կը վերահաստատէ կրակի անյապաղօրէն դադրեցման կարեւորութիւնը:
-Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանէն միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղէ դատապարտելու Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումները:
-Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը Արցախի վրայ յարձակումին համար կը դատապարտէ Պաքուն եւ Անգարան:
-Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքէլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կ’ունենայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ:
-Զանազան երկիրներու խորհրդարաններ կոչ կ’ուղղեն անյապաղօրէն դադրեցնելու պատերազմը:
1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ  2020 
-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջանը (Աւստրիա-Գերմանիա-Իտալիա) խստօրէն կը դատապարտէ վերջին օրերուն թրքական անմիջական ներգրաւուածութեամբ Ատրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումները Արցախի ու Հայաստանի վրայ:
-Ատրպէյճանական ռմբակոծութեան հետեւանքով Մարտակերտի մէջ հասարակական վայրեր կը քանդուին:
-ՀՅԴ գումարտակի 2-րդ վաշտը կը պատրաստուի Արցախ մեկնելու:
-Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ առանձին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուան համարելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարթակ եւ եռակողմանի հանդիպման վայր:
-ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը խստիւ կը դատապարտեն Ղարաբաղի Հայկական հողերուն ուղղութեամբ սանձազերծուած յարձակումները:
2 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ  2020
-Կիպրահայ համայնքը բազմամարդ ցոյց կը կազմակերպէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներուն առջեւ:
-Բազմահազարնոց ցոյց կը կատարուի Լոս Անճելըսի մէջ՝ ընդդէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն:
-Բողոքի հաւաքներ տեղի կ’ունենան Աթէնքի, Ալեքսանտրապոլսոյ եւ Քալամաթայի մէջ:
-Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները պաշտօնապէս կը  յայտարարեն, թէ Անգարա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին:
-Մաքրոն եւ Թրամփ կոչ կ’ուղղեն անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղեն առանց նախապայմաններու վերսկսելու ղարաբաղեան տագնապին շուրջ բանակցութիւնները:
-Փութին եւ Մաքրոն Կոչ կ’ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու:
-Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին կը յայտնէ, որ փաստեր ունի Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան ուղարկուած սուրիացի ահաբեկիչներու մասին: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը «Սքայ Նիւզ ալ Արապիա»ին կը յայտնէ. «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարիւրաւոր սուրիացի վարձկաններ փոխադրող տասնեակներով թռիչքներուն մասին տեղեկութիւնները հաստատուած են»:
3 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը գուժէ դաշնակցական նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեանի մահը:
-Էրտողան կը յայտարարէ, թէ զինադադարի հաստատման միակ ուղին «հայ բռնագրաւիչ ուժերու» վիճելի շրջանէն հեռացումն է:
-Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի անմիջական մարդասիրական օգնութիւն յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետեւանքով շփման գիծի երկու կողմի վնասուած բնակչութեան:
-Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը:
-Թշնամին հեռահար հրթիռներով կը ռմբակոծէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:
4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Մերքէլ կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Թրամփի, Փութինի Եւ Մաքրոնի միացեալ յայտարարութեան:
-Թիֆլիս կը հերքէ Վրաստանի տարածքով Ատրպէյճան սպառազինութիւն տեղափոխելու մասին լուրը:
-Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը զգուշացնէ Ատրպէյճանի բանակը Ստեփանակերտի քաղաքացիները հրթիռակոծելէ:
-Ի պատասխան Ստեփանակերտի անզէն ժողովուրդը հրթիռակոծելու ատրպէյճանական բանակին ոտնձգութիւններուն, հայկական ուժերը կը հրթիռակոծեն Գանձակի օդակայանը, ուրկէ կը հրթիռակոծուէր խաղաղ բնակչութիւնը։
5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Քանատայի արտաքին գործոց նախարար ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն կը յայտարարէ, որ Քանատա կը կասեցնէ Թուրքիոյ զէնքի մատակարարումը:
-Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար ժոզեֆ Պորէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ատպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները:
-ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ուղերձով կը յայտնէ, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը աներեր կը կանգնի իր զոյգ պետութիւններուն ու բանակին կողքին:
-Արցախը եւ Հայաստանը կը հերքեն Մինգեչաուրին հարուածելու մասին ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը:
-Արցախի նախագահը կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան դատապարտելու Թուրքիոյ աջակցութեամբ իրականացուող յանցագործութիւնները:
6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեան նամակ կը յղէ Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին:
-RT կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար ալ Ասատ «նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կը հրահրէ ղարաբաղեան տագնապը, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ զինեալ ահաբեկիչներուն զօրավիգ կանգնելով եւ արցախեան տագնապը զինեալ բախումներու առաջնորդելով։
-ՀՅԴ կամաւորական վաշտը մարզումներէն վերջ կը մեկնի Արցախ:
-Միւնիխի հայ համայնքը գործակցութեամբ Գերմանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ իր պարտքը կը մատուցէ հայոց բանակին՝ խաղաղ ցոյց կազմակերպելով Միւնիխի կեդրոնական հրապարկներէն Օթէօնս-բլացի մէջ դատապարտելու համար Ատրպէյճանի անմարդկային յարձակումները եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու ճշմարտութիւնը։
-Թեսաղոնիկահայութիւնը միասնական ու վճռական ոգիով կը դատապարտէ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը:
-Թուրքիա կը քննադատէ իրեն զէնք չմատակարարելու Քանատայի որոշումը:
7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ալիեւ ղարաբաղեան տագնապի հարցով կը հեռաձայնէ Փութինին:
-Պաքու Թեհրանէն ներում կը հայցէ Իրանի տարածքին մէջ ինկած ռումբերուն եւ հրթիռներուն համար:
-Ռուսիա կը յայտարարէ, որ կատարելով Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պարտաւորութիւնները, կրնայ պաշտպանել Հայաստանը, սակայն այդ պարտաւորութիւնները չեն տարածուիր Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:
-Հոլանտայի խորհրդարանը Պաքուի եւ Անգարայի դէմ քայլեր ձեռնարկելու կոչով կը դիմէ կառավարութեան:
-Յունաստան տուն կը կանչէ Պաքուի իր դեսպանը:
-ԻՒՆԻՍԵՖ-ը յայտարարութիւն  կը տարածէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին:
-ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը յայտարարութիւն կը տարածէ յայտնելով, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան 27 Սեպտեմբերի 2020-ին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի համահեղինակն է, անմիջական հրահրողն ու մասնակիցը:
-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կոչ կ’ուղղէ միջազգային հակաահաբեկչական նոր միութիւն ձեւաւորելու:
8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը:
-Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը կը յայտնէ Ատրպէյճանի հետ սահմանի շրջակայքին երկու ԱԹՍ-ը իյնալու մասին:
-Ալիեւ կը խոստովանի, որ իր ժողովուրդէն կը պահէ զինուորական կորուստներու տուեալները:
-Քանատայի Քէպէք նահանգի խորհրդարանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին:
-Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Վարանգաթաղ բարձունքը՝ կ’ազատագրուի:
-Թշնամին կը հարուածէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին:
-Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ժիրայր Րէիսեան, Նորա Արիսեան, Լուսի Իսկէնեան եւ Նեպիլ Թաամէ Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին զօրակցութեան խօսքեր կ’արտասանեն խորհրդարանի նիստին ընթացքին:
-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ դաշնակցական ընկերներ, ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի, նոյն վաշտի ազատամարտիկներ Գէորգ Հաճեանի եւ Քրիստափոր Արթինի մահը:
-Ռուսիոյ նախագահը Մոսկուա կը հրաւիրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները։
-Պասքերու երկրի խորհրդարանը՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին սատարող հռչակագիր կ’ընդունի:
-Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազը կոչ կ’ուղղէ կանխարգիլելու վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներթափանցումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի:
-Ատրպէյճան տուն կը կանչէ Յունաստանի մէջ իր դեսպանը:
9 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-ՀՀ ԱԳՆ-ն Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հրթիռակոծութեան մասին դատապարտագիր կը հրատարակէ:
-Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու կողմէն պարբերաբար կը հրապարակուին Քանատայի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Միջին  Արեւելքի եւ այլ շրջաններու մէջ  կատարուած աշխատանքներուն մասին ամփոփագիրներ:
-ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը:
-Հզօր Լիբանան Համախմբումը կը դատապարտէ Արցախի պատերազմը:
-Ատրպէյճան հարուածային ԱԹՍ կը կիրառէ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի բնակավայրերուն ուղղութեամբ:
-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ  պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին կը յայտարարէ, թէ Երեւանին «վերջին առիթ» մը կու տայ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան եւ իր ուժերը հեռացնելու Լեռնային Ղարաբաղէն:
-Էլիզէի Պալատէն ԱՖՓ-ին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 9 Հոկտեմբերի գիշերը Կամ 10 Նոյեմբերի առաւօտեան զինադադար հաստատուելու հաւանականութիւնը առկայ կը դառնայ:
-Մաքրոն Եւ Ալիեւ կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
-Ալիեւ կը խոստովանի Ատրպէյճանի մէջ թրքական «էֆ-16»երու գոյութիւնը:
-Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան՝ մարդասիրական զինադադար հաստատելու հարցով. թշնամին կը շարունակէ թիրախաւորել Արցախի մայրաքաղաքը:
-Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան, տեղի կ’ունենայ բողոքի ցոյց՝ Լիբանանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց:
10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-10 Հոկտեմբեր 2020-ին, ժամը 12:00-էն սկսեալ Արցախի մէջ զինադադար կը յայտարարուի:
-Կիպրոսի խորհրդարանը Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը դատապարտող բանաձեւ կը քուէարկէ:
-Ալիեւ կը յայտարարէ Երեւանի հետ բանակցելու Պաքուի պատրաստակամութիւնը:
-Մինսքի խմբակի համանախագահները կողմերուն հետ կրակոցի դադրեցման յստակ շրջագիծերով համաձայնութիւն գոյացնելու շուրջ կ’աշխատին:
-Ֆրանսան կ’ողջունէ Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական զինադադար յայտարարելու որոշումը:
-Գերմանիա կ’ողջունէ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած մարդասիրական զինադադարի համաձայնութիւնը:
-Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ Հայ Դատի գրասենեակներուն առաջնորդութեամբ կը կազմակերպուին ցոյցեր եւ բողոքի հաւաքներ ընդդէմ ատրպէյճանաթրքական յարձակումներուն։
13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Թուրքիոյ մէջ կ’արգելափակուին  ՀՀ շարք մը պետական կառոյցներու պաշտօնական կայքեր:
-Ստեփանակերտի մէջ կը յայտնաբերուի թրքական եւ իսրայէլական արտադրութեան մօտաւորապէս 673 ռումբ:
-ԵԽԽՎ-ի մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանականները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին միջամտելու առումով Թուրքիոյ կատարածը ահաւոր կը նկատեն:
-Վրաստան կը հերքէ քաղաքային թռիչքներու անուան տակ զինուորական բեռնափոխադրումներու իրականացումը դէպի Հայաստան եւ Ատրպէյճան:
-ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կողմերուն կոչ կ’ուղղեն անյապաղ մարդասիրական զինադադար հաստատելու եւ զինադադարի ստուգման ձեւաչափին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:
15 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ  2020
-Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ կ’որդեգրէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին նկատմամբ միջնորդութիւնը:
-Սպանիոյ քոնկրեսի 21 երեսփոխան եւ 15 ծերակուտական միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղեն ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
-Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանը կ’որդեգրէ Արցախի դէմ պատերազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ մը:
-Միշիկընի Օրէնսդիր Մարմինը Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան դատապարտող բանաձեւ կ’ընդունի:
-Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու ընթացքին արձանագրուած մարդու իրաւունքներու խախտումները» քննելու նպատակով ենթայանձնաժողով կը հիմնուի:
16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները կը հանդիպին ՀՀ-ի Ռուսիոյ դեսպանին հետ:
-Իտալական Միլանը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ժիրայր Րէիսեան խորհրդարանի հերթական նիստին խօսք առնելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մղած պատերազմը կը դատապարտէ:
-Ծոցի երկիրներուն մէջ թրքական արտադրութիւններու պոյքոթը կը սաստկանայ:
-Բրիտանիան կը դատապարտէ քաղաքային բնակավայրերու թիրախաւորումը:
-Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ կը դատապարտէ Արցախի մէջ թրքական միջամտութիւնն ու Ատրպէյճանին զինամթերքի հայթայթումը:
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ’որոշեն 18 Հոկտեմբերէն սկսեալ մարդասիրական զինադադար հաստատել:
-Ատրպէյճան անգամ մը եւս չի յարգեր 18 Հոկտեմբերին նախատեսուած հրադադարը եւ կը շարունակէ իր յարձակումները:
-Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը կ’ընդունի Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ:
-Սպանիոյ քոնկրէսի 21 պատգամաւորներ եւ 15 ծերակուտականներ թուրք-ատրպէյճանական արարքը դատապարտող միատեղ յայտարարութիւն կը տարածեն:
18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Պատերազմէն ընկճուած Ատրպէյճանի քաղաքացիները կը պահանջեն Ալիեւի հրաժարականը:
-Իրանի սահմանին մօտ կը խոցուի մէկ ռազմական ինքնաթիռ եւ երկու ԱԹՍ:
-ՍԵՄ-ի կազմակերպութեամբ տեղի կ’ունենայ Արցախեան պատերազմին նուիրուած զօրակցական երգահանդէս մը, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն մէջ։
19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ատրպէյճան անգամ մը եւս կը խախտէ 18 Հոկտեմբերին նախատեսուած հրադադարը եւ կը շարունակէ իր յարձակումները:
-ֆրանսական Լիմոնէ քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ-ին կոչ կ’ուղղէ դադրեցնելու ռազմական սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:
-Աւստրալիոյ հայ համայնքը թուրք-ատրպէյճանական արարքին դատապարտումին պահանջով կը փակէ Հարբոր կամուրջը:
-ԱՀ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութիւնը հանդիպում կ’ունենայ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
-Հազարաւոր հայեր փարիզի մէջ բողոքի ցոյցով կը պահանջեն ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
-ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի անդամները կը հանդիպին Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը միաձայնութեամբ կ’ընդունի Արցախի ճանաչման բանաձեւը:
-Իրանի տարածքին դարձեալ անօդաչու թռչող սարք կ’իյնայ:
21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Լաւրով առանձին հանդիպումներ կ’ունենայ Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ:
-Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս փուլին Ղարաբաղի հարցը: դիւանագիտական լուծում չունի:
-Քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ’ուղղեն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ:
-ՄԱԿ Հայաստանի եւ Ատրպէճանի կոչ կ’ուղղէ յարգելու զինադադարին որոշումը, առանց Ատրպէյճանի նախայարձակ ըլլալը հաստատելու:
22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-ԱՄՆ-ի Ֆաուլըր քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը կը ներկայացնէ Արցախի անկախութեան մասին բանաձեւ:
-Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքը կը դատապարտէ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները:
-Ալիեւ չի բացառեր Մոսկուայի մէջ Փաշինեանի հետ հանդիպումին կարելիութիւնը:
-Օնթարիոյի խորհրդարանը միաձայնութեամբ կը դատապարտէ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները:
23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ’ունենայ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն հանդիպումը ԼՂ հակամարտութեան հարցով:
-Նոր հարաւային Ուելս նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-ԱՄՆ Ֆորտ Լի քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-Թուրքիոյ մէջ հայերու նկատմամբ ատելութեան խօսքեր եւ սպառնալիքներ կ’արտասանուին, նաեւ՝ Կարօ Փայլանի հասցէին:
-Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գծով դիւանագիտական աշխուժութիւն տեղի կ’ունենայ:
24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Atlantic Council-ի տեղի կ’ունենան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցի ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան:
25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Արցախի զօրակցութեան նուիրուած ժողովրդային հաւաք մը տեղի կ’ունենայ, Հալէպի Ազիզիէ շրջանի հրապարակին մէջ, մասնակցութեամբ հազարաւոր հայորդիներու, պետական եւ կուսակցական մարմիններու, կրօնապետներու եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներու:
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-26 Հոկտեմբերի ժամը 8:00-ին, մարդասիրական հրադադարի դրութիւնը գործադրութեան կը դրուի:
-Ատրպէյճան երրորդ մարդասիրական հրադադարը կը խախտէ:
27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Քանատա կը շարունակէ արտաքին կողմերուն կոչ ուղղել չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
-ԱՄՆ քոնկրեսականներ Արցախին կը զօրակցին:
28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-ՄԱԿ-ը խստօրէն կը դատապարտէ տագնապի ընթացքին բնակավայրերուն վրայ կատարուած յարձակումները:
-Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտես Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զէնքի վաճառքը արգիլելու մասին բանաձեւեր կը ներկայացնէ Ծերակոյտին:
-Խախտելով մարդասիրական բոլոր կանոնները, Ատրպէյճան կը ռմբակոծէ Ստեփանակերտի «Մօր Ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոն»ը:
-ՀՅԴ Կամաւորներու նոր խումբեր կը մեկնին առաջնագիծ:
29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ Պայտընին ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը:
-Իտալիոյ Չերքիարա Տի Քալապրիա քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Իտալիոյ Պալերմօ քաղաքը միաձայնութեամբ կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
-ՄԱԿ-ը խստօրէն կը դատապարտէ ԼՂ հակամարտութեան ընթացքին բնակավայրերու վրայ յարձակումները:
31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Քանատայի խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնաժողովը Թուրքիոյ զինուորական սարքերու վաճառքի վերահսկողութեան առնչութեամբ բանաձեւ կը վաւերացնէ:
-Ժընեւի մէջ կ’աւարտի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-ՀՅԴ ԳՄ-ը կը գուժէ կամաւորականներ Կիմ Խաչատրեանի ու Մայիս Նազարեանի մահը:
-Արցախի Մարտունի քաղաքը Ատրպէյճանի կողմէն կ’ենթարկուի ռմբակոծութեան:
-Արցախի ԱԳՆ-ը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէն ֆոսֆորային զինատեսակներու կիրառումը:
-Օհայօ նահանգի օրէնսդիր ժողովին կը ներկայացուի Արցախի ինքնորոշումը ճանչցող բանաձեւ:
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ՝ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտերուն ընթացքին կուսակցական հաւատարիմ ընկերներ Մաւրիկ Գրիգորեանի եւ Արտակ Իշխանեանի նահատակութիւնը:
-Փալերմոյի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ կը ճանչնայ  Արցախի անկախութիւնը։
-Հայ Դատի Յանձնախումբը Օ՛Պրայընէն կը պահանջէ աւելի հաստատ քայլեր որդեգրել՝ Պաքուի ոճիրները կասեցնելու համար:
4 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Շուշիի ուղղութեամբ կ’իրականացուին ատրպէյճանական խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման գործողութիւններ:
-Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ իշխանութիւններուն կը տրամադրէ թրքական bayraktar-ի համար պահեստամասեր մատակարարող ընկերութիւններուն ցուցակը:
-Իտալիոյ Լոմպարտիա տարածաշրջանը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
-Սլովաքիոյ խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին բանաձեւ կ’որդեգրէ:
5 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-adidas-ը ատրպէյճանական «քարաբաղ» ֆութպոլային ակումբին հետ կը դադրեցնէ գործակցութիւնը:
-Քանատայի Լաւալ քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
6 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-ԱՄՆ-ի Էնկլուուտ-Քլիֆս քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։
-Քորսիքայի Ազգային ժողովը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձեւ կ’ընդունի:
7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Հայկական զինեալ ուժերը բուռն եւ յամառ դիմադրական պայքար կը մղեն Շուշիի եւ անոր մերձակայքին մէջ:
9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-ՀՅԴ ԳՄ-ը կը գուժէ բժիշկ-ազատամարտիկ Նորայր Շահպազեանի մահը:
-Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի հետ կը ստորագրէ յանձնուողական համաձայնագիրը:
10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Ատրպէյճանի տարածքին կրակի դադրեցման վերահսկողութեան ռուս-թրքական կեդրոն կը ստեղծուի:
-Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում կ’ունենայ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանին հետ:
-Արամ Ա. կաթողիկոս հայ ժողովուրդին կոչ կ’ուղղէ հեռու մնալու ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ:
-ANCA-ն համաձայնագիրի վերանայման կոչ կ’ուղղէ ԱՄՆ-ին
11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Ռուսիա եւ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի վերահսկումի կեդրոնի ստեղծումին մասին յուշագիր կը ստորագրեն:
-Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման վերահսկողութեան համար կը տեղակայուի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ:
Ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին համաձայնութիւններու պահպանման վերահսկողութեան համար ռուսական դիտակէտերը կը  տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքով եւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միացնող Լաչինի միջանցքի երկայնքով: Խաղաղապահ գործողութեան հրամանատարութիւնը կը տեղակայուի Ստեփանակերտ քաղաքի շրջանը:
-Ատրպէյճան  կ’իւրացնէ Դադիվանքը:
12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Արցախի զինադադարի հսկողութեան ռուս-թրքական կեդրոն կը հիմնուի Ատրպէյճանի մէջ:
13 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Գերիներու փոխանակման եւ դիակներու որոնման աշխատանքը կը սկսի:
14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Ատրպէյճանցիները կը պղծեն Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարը:
-Ատրպէյճան կ’երկարաձգէ յանձնումի համար յատկացուած ժամկէտը:
-Մոսկուա ԻՒՆԵՍՔՕ-ն կը յորդորէ մասնակցելու Արցախի մէջ մշակութային արժէքներու պահպանումին:
-Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ մարդասիրական հարցերու  միջնախարարական կեդրոն կը ձեւաւորէ:
-Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը կը գուժէ նահատակութիւնը դաշնակցական ընկերներ՝ Յարութ Բանոյեանի (1976-ի ծնունդ, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ աստիճանի մետալակիր, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար ՀՀ «Մարտական Խաչ» Ա. աստիճանի, ԱՀ «Մարտական Խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր), Յակոբ Ասթարճեանի (1991-ի ծնունդ, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկ, ՀՀ արիութեան մետալակիր) եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի (1992-ի ծնունդ, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկ, ՀՀ արիութեան մետալակիր), որոնք հերոսաբար նահատակուեցան 5 Նոյեմբեր 2020-ին, Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին, Արցախ:
15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը տեղակա-յուի ռուս խաղաղապահներու 18 դիտակէտ:
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Հոլանտայի խորհրդարանը կ’ընդունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու բանաձեւերը:
-ԱՄՆ Նեւատա նահանգի Քլարք շրջանը ներկայացուցած է Արցախը պաշտօնապէս ճանչցող հռչակագիր։
18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Ֆրանսայի ծերակոյտը ԼՂՀ-ը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը կ’որոշէ քուէարկութեան ներկայացնել:
-Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու միատեղ աշխատանքային խումբ կը ստեղծուի:
19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Հալէպահայ նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի կ’ունենայ Հալէպի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Վիեննայի մէջ:
-Հալէպահայ երեք նահատակներուն յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Եռաբլուր Պանթէոնին մէջ կազմակերպութեամբ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան:
-Աղտամը կը յանձնուի Ատրպէյճանին:
20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Զանազան բնագաւառներու մէջ նախարարներու հրաժարականներ եւ նոր նշանակումներ տեղի կ’ունենան:
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Ֆրանսայի ծերակոյտը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու  բանաձեւ կ’ընդունի:
25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
-Քարվաճառը ամբողջութեամբ կը յանձնուի Ատրպէյճանին:
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը եւս կը յանձնուին Ատրպէյճանին:
-Ատրպէյճանէն Հայաստան կը տեղափոխուին 44 գերիներ:
-Կը վտանգուին Հայաստանի սահմանները, յատկապէս Սիւնիքի մարզը, որ ենթակայ կը դառնայ թշնամիին թափանցման փորձերուն:
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Կապանի եւ 13 գիւղերու բարձունքները կը յանձնուին Ատրպէյճանին:
19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-19 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ եռօրեայ սուգ կը յայտարարուի։
20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020
-Հալէպահայ նահատակներու քառասնօրեայ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի կ’ունենայ:
***
-9 Նոյեմբեր 2020-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կնքած յանձնուողական պայմանագիրէն վերջ,  10 Նոյեմբերէն սկսեալ Հայաստանի  մէջ սկիզբ կ’առնեն վարչապետին հրաժարականը պահանջող բազմապիսի ցոյցեր, հացադուլներ: Այս իրավիճակէն մեկնած կը կազմուի Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը, որ արդիւնք էր 16 կուսակցութիւններու համաձայնութեան։ Ան ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետի թեկնածու կ’առաջադրէ Վազգէն Մանուկեան: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսը, Հայ Աւանդական երեք կուսակցութիւնները, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու  Սփիւռքի աւելի քան 200 կազմակերպութիւններ, կեդրոններ եւ մտաւորականներ  կը պահանջեն վարչապետին հրաժարականը:
Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէն  9 Նոյեմբերին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, 27 Սեպտեմբերին Արցախի հանդէպ սանձազերծուած պատերազմին ատրպէյճանական կողմը կորսնցուցած է ընդհանուր առումով 264 ԱԹՍ, 16 ուղղաթիռ, 25 ինքնաթիռ, 784 զրահամթերք, 6 ՏՕՍ եւ ունեցած է մարդուժի 7630 կորուստ:
Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը  25 Դեկտեմբերի տուեալներուն համաձայն յայտարարեց, որ հայ նահատակներուն թիւը հասած է 5108-ի: 20 Դեկտեմբերի դրութեամբ դատաբժշկական փորձաքննութեան ենթարկուած է 3248 մարմին:
Համադրեց՝
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»