«Երնէկ թէ այս նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին…»
«Երնէկ թէ այս նոր տարին
Հայ ազգ ի մի գումարուէր…»
Գամառ Քաթիպա
ՔԱՆԻ ՄԸ ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր տարին դիմաւորող աշխարհն ու բոլոր ժողովուրդները հասարակաց մէկ մաղթանք ունին անկասկած. «Թող 2020 տարին երթայ անվերադարձ, իրեն հետ տանի իր բոլոր պատուհասները, աղէտները եւ մահ ու աւեր սփռող արհաւիրքները…»:
Մարդկութիւնը սպառող տարուան ընթացքին դիմագրաւեց հասարակաց պատուհասներ, որոնք հարուածեցին քիչ թէ շատ բոլորը. ուրիշներ ունէին տեղական բնոյթ, նոր իմաստ տուին «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ» խօսքին:
Բնականաբար Պսակաձեւ ժահրը եղաւ ողջ մարդկութիւնը պատուհասող համայնակուլ աղէտը, միաձայն անէծքներ բարձրացնելով բոլոր ցամաքամասերուն վրայ. անոր դէմ պատուաստին գիւտը, տարեվերջի օրերուն, յոյսի ալիք մը տարածեց, սակայն անկէ լիովին ձերբազատելու համար դեռ բաւական պէտք է սպասենք:
Համատարած այս պատուհասէն անդին, տարբեր երկիրներ ու ժողովուրդներ ապրեցան առանձին դժբախտութիւններ. Լիբանան ահաւոր ցնցումներ ապրեցաւ մէկ կողմէ՝ նաւահանգիստի պայթումին, միւս կողմէ՝ տնտեսական-դրամատնային տագնապներուն հետեւանքով, երկար սպասեց, որ քաղաքական կողմեր համախոհութիւն գոյացնեն եւ զայն մարմնաւորեն համաձայնական կառավարութեան մը կազմութեամբ: Միացեալ Նահանգներ չորրորդ տարին բոլորեց Տանըլտ Թրամփ կոչուած բազմերես աղէտին հովանիին տակ, հիմա, կը յուսայ, որ ընտրեալ նախագահը՝ Ճօ Պայտըն, գոնէ մասամբ յաջողի վերականգնել քիչ մը ամէն կալուածի մէջ քանդուածը (եթէ անշուշտ վարագոյրին ետին գործող «չաստուածները» կամենան): Եւրոպական երկիրներ շարունակեցին կքիլ գաղթականներու ալիքներուն տագնապին տակ, որուն դիմաց նոր թափ ստացան տարօրինակ մրցակիցներ՝ ոճրային ահաբեկչական գործողութիւններ: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ անմարդկային ոճիրներ տեղի ունեցան օր-ցերեկով, ահազանգերը բազմաձայն երգչախումբ կազմեցին, բացայայտ դարձաւ, թէ թրքական գործօնը ինչպիսի՛ բաժին ունի այդ ոճիրներուն մէջ, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլք սկսած են կտրուկ քայլերու դիմել՝ էրտողանական «Գորշ գայլեր»ը չէզոքացնելու եւ ժանիքները արմատախիլ ընելու համար: Ոճրային ահաբեկչական արարքները տագնապեցուցին նաեւ ափրիկեան եւ ասիական երկիրներ, հասնելով մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Մարդկութիւնը այլապէս կրեց բնական աղէտներու ծանր հետեւանքները, քիչ մը աւելի իրազեկ դարձաւ, որ կենսոլորտի «ողջակիզման» ընթացքը պէտք է վերջ գտնէ, իսկ խտրականութիւն կոչուած հին-նոր պատուհասը եւս ազնիւ մարտահրաւէրներու դիմաց դրաւ աշխարհը:
Աշխարհի այս կամ այն գօտին պատուհասող բնական ու մարդակերտ աղէտներու ցանկը աւելի՛ երկար է, քան 2020 տարուան ամիսներուն, շաբաթներուն ու օրերուն թիւը: Հեւքոտ թափով զիրար հալածող պատուհասները պատճառ դարձան, որ մարդիկ, երկիրներ ու ժողովուրդներ օրը օրին շնչասպառութեամբ հետեւին իրադարձութիւններուն, մոռնալով, որ շատ մը պատուհասներ նորաստեղծ չեն, այլ շարունակութիւնն ու նորագոյն զարգացումներն են անցեալ տարիներուն, տասնամեակներուն՝ մարդկութիւնը «գերեվարած» ահաւոր իրադարձութիւններուն: Փաստօրէն, այսօր ո՜վ կը յիշէ, թէ ճիշդ 10 տարի առաջ, Թունուզէն ծայր տուաւ «Արաբական գարուն» կոչուած սեւ ու կարմիր «սառնամանիքը», մահ ու աւեր տարածեց մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրներու մէջ, կարգ մը հրդեհներ մարեցան, ուրիշներ կը շարունակեն փոշիացնել աշխատող զանգուածներու կարողականութիւններն ու մարդոց վաստակը, որպէսզի զէնքի եւ այլ ճարտարարուեստներ… «գարուններ» ապրին: Այս եղելոյթին մէջ եւս, հիմա շա՛տ աւելի յստակ է, որ Թուրքիա ինչպիսի՛ վատ դերակատարութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ, արաբական եւ այլ երկիրներու աչքերը կը սկսին աւելի յստակ տեսնել ոճրածին եւ ոճրագործ պետութեան «նոր-կայսերական նուաճումներ»ը:
2020 տարին այլապէս աղէտալի վիճակ ստեղծեց պաղեստինցիներուն համար (չենք մոռնար Եմէնը եւ ուրիշներ…), որովհետեւ Թրամփի եւ իր խմբակին կնքահայրութեամբ, արաբական կարգ մը երկիրներ սկսան սիրաբանիլ Իսրայէլի հետ, մոռնալով կամ հարկադրաբար անտեսելով, որ իրենց երկարատեւ տագնապներուն կերտիչներէն մէկն ալ՝ նոյնինքն Իսրայէլն է, այն երկիրը՝ որուն դէմ արաբական աշխարհը անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ բարձրաճակատ եւ միակամ կը կանգնէր ազգային դատերու խրամատին մէջ, յետոյ, այդ ճակատին քայլ առ քայլ խորտակումը շատ բան չձգեց արաբ ազգայնականութենէն. Փաստօրէն, նիւթը, առեւտուրի եւ տնտեսական վերելքի սին հրապոյրները նոր տեսակի նահանջներու եւ անկումներու հորիզոններ բացին արաբական թէ այլ աշխարհներուն դիմաց, կը փորձեն կլանել նաեւ մեր հայրենիքն ու հայութիւնը…: «Ազատական» մտածողութիւնը կը փորձէ մարդկութիւնը համոզել, թէ ազգային շահերը, նկատումները, մինչեւ իսկ հայրենի հողն ու ինքնութիւնը ժամանակավրէպ արժէքներ են, հիմա ամէն բան կը սկսի, պէտք է սկսի նիւթական շահով, նիւթը հետապնդելով եւ… նիւթով տիրապետութիւն տարածելով: «Որտեղ հաց՝ այնտեղ կաց» խօսքը նոր իմաստ եւ մեկնաբանութիւն կը գտնէ, տխեղծութեան կը տանի աշխարհը:
ՄԵՐ «ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ»Ն ՊԱՏՈՒՀԱՍՈՂ ԱՂԷՏԸ
Մենք՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներս ալ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կրեցինք յիշեալ (եւ այլ) բազում պատուհասներու ծանր հետեւանքները: Սակայն կասկած չկայ, որ մեզ ցաւցնող՝ իւրայատուկ պատճառներ ունինք մաղթելու, որ 2020 տարին անհետ կորսուի պատմութեան աղբանոցին մէջ, որովհետեւ անիկա մեզի բերաւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ԱՂԷՏ մը. 27 Սեպտեմբերին, Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական-ահաբեկչական պատերազմը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեց ամէնէն սեւ էջերը, ամէնէն մութ էջերը՝ Ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստէն ասդին (Մուսա Լերան 40 օրերու հերոսամարտէն 105 տարի ետք՝ հակաբեւեռ 44 օրեր), աղէտ, որուն տարողութիւնը կարծէք թէ տակաւին կը մնայ շատերու ըմբռնողութեան սահմաններէն դուրս, աղէտ՝ որուն «յաւելուածները» կ’արձանագրուին պատերազմին կասեցումէն աւելի քան 40 օր ետք, աղէտ, որ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը դրած է այնպիսի՛ ծանր բեռներու եւ ահաւոր մարտահրաւէրներու ճնշումին տակ, որոնք բառերով անբացատրելի կը մնան: 10 Նոյեմբերին հրապարակ եկած եւ ամբողջ հայութիւնը ափ ի բերան թողած, յուսախաբութեան մատնած համաձայնագիրը ո՛չ միայն դիմակազերծեց իշխանաւորներու ստապատիր ու կեղծ վարմունքը, այլ ահա օր ըստ օրէ յստակ կը դառնայ, թէ մեր կորուստներուն եւ վնասներուն ցանկը չէ սահմանափակուած համաձայնագիրին պայմաններով, այլ Արցախէն մնացած տարածքներ, նոյնինքն Հայաստանէն տարածքներ կը գտնուին կորուստի մատնուելու ընթացքի մէջ: Թիկունքը Թուրքիոյ տուած Ատրպէյճանը անսանձ կամայականութեամբ, կամակորութեամբ կը վերադասաւորէ սահմանները, իսկ հայկական կողմը կը մնայ գլուխն ու ձեռքերը վար կախած հանդիսական, կը շարունակուին ուրիշներու մէջ յանցաւորներ փնտռելու վրան-բաց ճիգերը: Իշխանութիւնը ունի կոտրուած ձեռքեր, սակայն կ’ուշանայ առողջ ձեռքեր ապահովելու իր կողքին. Արտերկիրը եւս մատնուած է շշմած կացութեան, կ’ուշանայ կենսաւորելու իր կարողականութիւնները, որոնք թէ՛ պատերազմի օրերուն եւ թէ անկէ առաջ, գործնական նեցուկ կը տրամադրէին հայրենիքին՝ Հայաստան-Արցախ ամբողջութեան: Ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ հոն է, որ շատեր կը թուին կուլ տուած ըլլալ ազգային աղէտը, զգայազիրկ կրաւորականութեամբ տրամադիր են «եօլա գնալու» ամօթալի պարտութեան հետեւանքներուն հետ, «ի՞նչ կրնանք ընել», կամ՝ «աղէտը դեռ մեր դուռը չէ բախած» (ան)տրամաբանութեամբ:
Եթէ փորձենք քանի մը նախադասութեան մէջ ամփոփել Հայաստանի ու հայութեան վիճակը, կրնանք արձանագրել հետեւեալ անառարկելի իրականութիւնները:
Կորսնցուցած ենք Արցախի մեծագոյն տարածքը (կորուստին մեծ բաժինը՝ զինեալ ուժով չգրաւուած հողեր), սկսած ենք կորուստներ ունենալ նաեւ Հայաստանէն (հիւսիս եւ հարաւ), մեր զինուժը մատնուած է (ամենամեղմ բառերով) ոչ-նախանձելի անգործութեան, կորսնցուցած է մարդուժ, զինական կազմածներ, պաշտպանական դիրքեր, զինաթափ կ’ընէ մեզի պատկանող հողամասեր, իրողապէս մատնուած է բարոյալքումի՝ որ արձանագրուած մարդկային կորուստներուն չափ ողբերգական է: Ունինք շուրջ 100 հազար գաղթական, որոնք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ անորոշ ապագայի դէմ յանդիման են, ամիսներ շարունակ (եթէ ոչ տարիներ) պիտի չկարենան վերականգնիլ (ամօ՞թ է Գիւմրիի երկրաշարժի տնակորոյսներուն վիճակին հետ բաղդատական մը ընելը…): Արձանագրուած քանդումներն ու վնասները (պարտէզներու, մշակուած հողերու կորուստ՝ սկսելու համար) պետական մեքենան կը դնեն հսկայական ճնշումի եւ անյաղթահարելի թուացող մարտահրաւէրներու դիմաց: Քաղաքական-դիւանագիտական կալուածին մէջ եւս ունինք մեծ կորուստ եւ նահանջ: Հետզհետէ աւելի պարզ կը դառնայ, որ մեր արտաքին յարաբերութեանց վիճակը եթէ աւելի բարերար դասաւորում ստացած ըլլար, այս տարողութեամբ կորուստներ պիտի չունենայինք:
Յիշեալ կալուածներուն մասին տեղեկութիւններու կուտակումը կը լեռնանայ օր ըստ օրէ, անհաշիւ մեկնաբանութիւններ, մեղադրանքներ եւ տեսութիւններ մրցումի ելած են իրարու հետ: (Մինչեւ իսկ նահատակներուն յարգանքի տուրքերը անասելի մրցակցութեան առիթ դարձան): Իշխանութիւնը կը փորձէ պաշտպանել իր դիրքորոշումները, չքմեղանքներ որոնել, իսկ ընդդիմադիրները լիաթոք կը հակաճառեն, փաստացի տեղեկութիւններով եւ տուեալներով կը ցուցադրեն, թէ իշխանութիւնը ինչպիսի՛ սխալներ գործած է, անտեսած է չոր իրականութիւններ եւ աջակցութեան ձեռքեր, փորձառու զինուորականներու եւ հմուտ դիւանագէտներու յորդորները: Մատնուած ենք վիճակին այն կռփամարտիկին, որ քաջաբար կռուելէ ետք, անակնկալ հարուած մը ստացած է գլուխէն եւ տապալած է գետին, իրաւարարը 10 համրելէ ետք, բարձրացուցած է հակառակորդին բազուկը, իսկ գետին տապալած մարզիկը, ոտքի կանգնելու փորձի պահուն, գինովի պէս կը տատանի եւ չի գիտեր թէ ի՞նչ կ’անցնի-կը դառնայ իր շուրջը, օգնութեան փութացողներն ալ հակասական եւ ապաշնորհ դարմաններ կը փորձեն՝ աւելի ծանրացնելով «գինովութիւնը»: (Սա կ’արձանագրենք իբրեւ օրինակ, ընդունելով, որ Արցախի մէջ եղածը մարզական բնոյթով մենամարտի չէր նմաներ, գալիքին մէջ ալ մարզական ոգի պէտք չէ փնտռենք):
Որքան ալ ճիշդ ու տեղին ըլլան մեկնաբանութիւնները, խոցելի կէտերուն թւումը, իրականութենէն բան չի փոխուիր: Կարճ՝ մենք այս հանգրուանին պարտուած ենք (գոնէ այս ճշմարտութիւնը կ’ընդունին բոլորը), պէտք ունինք վերականգնումի, անցեալը յենակէտ ընելով՝ նայելու դէպի անմիջական եւ հեռաւոր ապագային, յաջորդ փուլերուն, դէպի վերականգնում եւ նոր նուաճումներ. այսօր, «նոր նուաճումներ» բառը կրնայ երազային ու անիրականանալի թուիլ, մինչդեռ այդպէս չէ՝ եթէ սթափումը չուշացնենք, այլ մեր ոտքերը դնենք գետնի վրայ, որքան ալ որ լպրծուն եւ անկայուն դարձած ըլլայ մեր ենթահողը: Հայութեան ու հայրենիքին շահերուն գերադասումը եւ անոր հիմամբ՝ ամբողջական հեռապատկերի մը մշակումը հրամայական է եւ մեկնակէտ, հիմ պիտի ծառայէ նոր փուլի բազմաճիւղ աշխատանքներուն, ձեռքերը միացնող աշխատանքին:
ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՇՏԵՐ
Արցախի մէջ սկսած հողակորուստը, որ կը սպառնայ նոյնինքն Հայաստանին, ունի արտաքին եւ ներքին պատճառներ: Անոնց ցանկագրումը կը կատարուի ամէն օր, սակայն դարման չի բերեր կացութեան: Աւելին, ներքին բեմին վրայ ստեղծուած հակադրութիւնները, արդար քննարկումներն ու յանցաւորներուն ուղղուած քննադատութիւնները, բացայայտումները, քիչեր կ’անդրադառնան որ՝ ինչպիսի վնասներ կը հասցնեն մեր դատին: «Կլասթնոսթ»ին հաւատարիմ մնալու նախանձախնդրութեամբ, կը հրապարակուին որոշ գաղտնիքներ, կը ցուցադրուին աղտոտ լաթեր, որոնց քուլիսներու մէջ դարմանումը շատ աւելի օգտակար եւ արդիւնաբեր կրնայ ըլլալ. եւ թող ո՛չ ոք ըսէ, թէ մեր հակառակորդները արդէն ծանօթ են ամէն ծալքի, այլ՝ հարց տայ, թէ աշխարհը մեզ ի՞նչ աչքով եւ դատողութեամբ կը դիտէ: Ի վերջոյ, դուրսէն դիտողը չունի հինի-նորի, սեւի-սպիտակի հայեցակէտ, այլ մեզ կը դիտէ իբրեւ Հայաստան-Արցախ եւ հայ ժողովուրդ:
Նոյնքան կարեւոր է որ իրարմէ զատորոշենք ներքին ու շրջանային-արտաքին գործօնները, թէեւ ո՛չ ոք կ’անգիտանայ, թէ ինչպիսի՛ սերտ աղերս կայ անոնց միջեւ: Իսկ եթէ որոշենք, թէ ճակատէն պիտի դիմագրաւենք աղէտը եւ պիտի վճռենք յաղթահարել զայն, ամէն բանէ առաջ, պարտաւոր ենք յստակացնել մեր ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ՝ քաղաքականութիւն-մարտավարութիւն-ռազմավարութիւն, եւ այդ «աստղ»ին շուրջ թաւալող մեծ ու փոքր «մոլորակներ»ը: Առանց հայակեդրոն, Հայաստան-Արցախակեդրոն ուղեգիծի բիւրեղացման, մեր բոլոր ճիգերն ու առաջադրանքները, որքան ալ ըլլան անկեղծ ու հայրենասիրական, պիտի չարդիւնաւորուին ցանկալի չափով:
Աւելի՛ն, ներքին ու արտաքին բեմերուն զատորոշումը եւ իւրաքանչիւրին վրայ մեր դիմաց բարձրացող մարտահրաւէրները ըստ կարելւոյն՝ իրարմէ անկախաբար հետապընդելն ու փոխազդեցութիւններէ առաւելագոյն չափով հեռու պահելը պիտի նպաստէ մեր գործին: Պատերազմին յաջորդած օրերուն ու շաբաթներուն, ահաւասիկ մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր, օր աւուր ծագող «մանր» բայց երբեք արհամարհելի տագնապները, դաժան իրականութիւններու բացայայտումը բնականաբար իշխանութիւն եւ ընդդիմադիրներ ընկղմած են անոնց քայլ առ քայլ հետեւելու, զանոնք արծարծելու տղմուտ ջրափոսին մէջ, կը կլանէ գրեթէ մեր ամբողջ ներուժը, անորոշ պահելով ընդհանուր պատկերը, գոնէ անոր մեծ մասը, ինչ որ սակայն տեսանելի պիտի ըլլայ՝ վեր բարձրանալով առօրեայ (կրկնենք՝ ո՛չ արհամարհելի) տաղտուկներու մակարդակէն:
ՆԵՐՔԻՆ ԲԵՄ
Ներքին բեմին վրայ, կը կանգնինք մեր գլխուն տեղացած՝ բազում մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նո՛յնքան ԱՌԱՋՆԱՀՐԹ է, որքան մնացեալներէն որեւէ մէկը: Հետեւաբար, որեւէ իշխանութեան համար, կենսական նշանակութիւն ունի բազում ախտերու դարմանումը, ո՛վ որ ալ գտնուի իշխանութեան ղեկին վրայ: Հայաստանի իշխանութեան ղեկը գրաւողը իրաւունք եւ լիազօրութիւն չունի արհամարհելու իր թերութիւնները, դիմացինին գործակցութեան պատրաստակամութիւնը, երկրին ու ժողովուրդին զլանալու կացութեան բարւոքումը: Արձանագրենք մէկ քանին:
Առանց երկար մանրամասնութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու, այսօր կանգնած ենք դէմ յանդիման «տրամաբանութեան» մը, որ անմիջական պտուղն է 44 օրուան պատերազմին եւ կը թելադրէ (Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ ջուր կը լեցնեն այս ջաղացքին), որ Արցախի շուրջ 75 առ հարիւրին կորուստը վերջնական հարց է, պէտք է վերջնականապէս համոզուինք ստեղծուած նոր «աշխարհագրութեան» եւ փորձենք փրկել, վերականգնել ինչ որ մնացած է մեզի (ուրիշներ հաճած են շնորհ ընել պատառիկ մը): Այս իրողական մտածելակերպը ընդունող-տարածողները չեն անդրադառնար, թէ այս իրավիճակը ընդունելով, մարսելով եւ մարսել տալով՝ փաստօրէն կը հաստատեն թուրք-ազերիական խեղաթիւրումը, ըստ որուն, Արցախը Ատրպէյճանին պատկանած է միշտ (Ստալինն իսկ այդպէս չէր ըսած), կը նուիրագործեն այն մեղադրանքը, թէ հայեր բռնագրաւած էին ազերիական հողեր եւ ահա, ամէն մարդ իր իրաւունքը կը վերստանայ (մինչեւ իսկ չեն տեսներ, կամ չեն լսեր, թէ թուրքն ու ազերին պարզապէս կը պատրաստուին ամբողջ Արցախն ու Հայաստանի մեծագոյն բաժինն ալ մարսելու): Մինչդեռ, ներքին ճակատի վրայ, պէտք է վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնն ու անոր հայութեան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հաւատարմութիւնը, յանձնառութիւնը, տիրութիւն ընելու, վերատիրանալու քաղաքական կամքը: Եւ սա կարեւոր մեկնակէտ է ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ, ՇԱՀԵՐՈՒ վերականգնումին, անոր հիմամբ նոր հորիզոններու մշակման: (Ազգային շահ հետապնդելը բնականաբար չի նշանակեր ուրիշինը ոտնակոխել, ինչպէս կ’ընեն թուրքն ու ազերին):
Յիշեալ կէտէն մեկնելով, իշխանաւորներէն մինչեւ ընդդիմադիրներ եւ հասարակական կեանքի մէն մի մասնիկ՝ պարտաւոր է վերականգնելու ներքին միասնականութիւնը, ընդհանրական վտանգներուն դիմաց միացնելու ձեռքերը: Միասնականութիւն չի նշանակեր համայնավարական ոճով միատեսակ մտածելակերպ, այլ տարիներէ ի վեր ժողովուրդը բաժանումներու մատնող ալիքներուն զսպումը, անոնց դէպի սփիւռքեան ափեր տարածման կանխարգիլումը, ՄԷԿ ԱԶԳ-ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ մտածումին գործնականացումը: Փաստօրէն, միայն վերջին 2.5 տարիներուն չէր, որ բաժանուածութիւնն ու փոխադարձ ատելութիւնը խաւ առ խաւ խորացան: Սեւ-սպիտակի, յեղափոխական-հակայեղափոխականի, հին-նորի եւ այլ պիտակաւորումները, անկէ բխած անհանդուրժողութիւնը պարզապէս նոր անուն ստացան վերջին տարիներուն եւ մտրակահարուեցան իշխանութեան ամէնէն բարձր դիրքերէն, ներգրաւելով ընդդիմադիրները: Միասնականութիւն, ժողովրդավարական համակարգի մէջ միասնականութիւն՝ կը նշանակէ ունենալ գաղափարական եւ մտածելակերպի տարբերութիւն, սակայն իբրեւ առանցքային կիզակէտ՝ ընդունիլ երկրին ու ժողովուրդին կացութեան բարելաւումը, անվտանգութեան նախապայմաններուն ապահովումը, տեսնել, որ բուրգին գագաթը բոլորը միացնող կէտն է, իսկ այդ բոլորը իրականացնելու համար՝ պէտք է վարել ազնիւ մրցակցութիւն, առանց անտեսելու եւ արհամարհելու դիմացինները, նախորդներն ու անոնց դրական քայլերը, չունենալ այն սնափառութիւնը, թէ ինձմէ առաջ ջրհեղեղ էր, ես նոր Նոյ Նահապետն եմ, եկած եմ ամէն բան հիմնայատակ կործանելու եւ միայն իմ պատկերացումովս գործ տեսնելու: Մեր այսօրուան դառն կացութեան մէջ գտնուողը ինքզինք պարտաւորուած կը զգայ մէկդի դնելու մեծ ու փոքր տարակարծութիւն եւ ստեղծել ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ: Եւ թող յստակ ըլլայ բոլորին, որ անկարելի, երազային բաներու մասին չէ մեր խօսքը: Անցեալին, նաեւ՝ երէկ, պատերազմի օրերուն, ազգը յաճախ դարձաւ միացեալ բռունցք, կամք դրսեւորեց տարակարծութիւնները մէկդի ձգելու եւ ձեռքերը միացնելու պետական իշխանութեան շուրջ:
Մեր հայրենիքի ապահովութեան եւ պահպանումին մէջ, ո՛չ ոք կրնայ վիճիլ, թէ ինչպիսի կարեւոր ու առանցքային դեր ունին բանակը, ոստիկանական ուժերն ու ապահովութեան սպասարկութիւնները: Ո՛չ ոք ինքն իրեն պէտք է իրաւունքը տայ կոտրելու ուժական բազուկներուն կարողականութիւնը, քաղաքական հաշիւներու խաղալիք դարձնելու զանոնք: 44 օրուան պատերազմը ահաւոր եւ անհամաչափ վնաս պատճառեց մեր զինուժին (թուարկումը աւելորդ է): Անյետաձգելի կարեւորութիւն ունի բանակին եւ ուժական կառոյցներուն ամբողջական վերականգնումը, սկսելով ղեկավարութենէն ու զինական կարողութիւններէն, այն մօտեցումով եւ տրամաբանութեամբ, որ մեր զինուժն ու ֆետայական յենարաններըկը տիրէր անցեալ տասնամեակներուն եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ անոնք 90-ականներէն սկսեալ ու մինչեւ 2016-ի ճակատումներէն յաղթական դուրս եկան (անմիջապէս արձանագրենք, որ սա նաեւ կ’ենթադրէ քաղաքական-դիւանագիտական յենարաններուն լիարժէք վերականգնումը: Այս մասին նաեւ աւելի ուշ):
Պատերազմական գերիներու եւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կորսուածներու հարցը այլ դառն տագնապ մըն է, որ դժբախտաբար, ստեղծուած ծանօթ կացութեան մէջ, առաւելաբար կը ներգրաւէ բոլոր կողմերը, որքան ալ որ ուժգին հնչեն «այս հարցը պէտք չէ քաղաքականացնենք» կոչերը եւ տեսնել, որ մեր վնասներուն եւ կրած պարտութեան իսկական արմատը՝ թուրքն ու ազերին են: Իշխանութիւն(ներ)ը մէկ կողմէ կ’աշխատին վերադարձնել գերիներ, անդին, ազերիական կողմը «ճարպիկօրէն» նոր գերիներ կ’որսայ (մեր փշրուած «աթոռներուն» հետեւանքով), զանոնք վերածելու սակարկութեան նոր խաղաթուղթի: Այս ծիրին մէջ, չենք կրնար անտեսել իշխանութեան «ստեղծած» այն իրավիճակը, որուն մէջ, ծնողներ պահանջ կը դնեն (զգացականօրէն՝ իրաւացի) ո՛չ միայն իրենց զաւակներուն հետքը գտնելու եւ գերութենէ, անթաղ գերեզմաններէ վերադարձնելու, այլ նաեւ կը բարձրանան՝ «թող մեր զաւակները Հայաստանի մէջ ծառայեն» տրամաբանութեամբ կոչեր: Իրողապէս, Հայաստանը այս գետնի վրայ ալ կարծէք թէ կը հետեւի իշխանութեան տրամաբանութեան եւ ձեռքերը կը լուայ Արցախի պաշտպանութենէն, մտնելով այն «մաշկին» մէջ, որ իրեն կը թելադրէ մտածել, թէ Արցախը թուրք-ազերիին կը պատկանի եւ Հայաստան բնակողը ստիպուած չէ զայն պաշտպանելու…: Նման նշում, այս փուլին, հաւանաբար լեղի թուի ծառայող զաւակներ ունեցողներուն, որոնց այս մօտեցումը արդարացնող միակ կէտը այն է, որ կը տեսնենք թէ իշխանութիւն(ներ)ը ինչպիսի պատուհասի բերանը նետեցին մեր բանակն ու անոր խիզախ ծառայողները, եւ մարդիկ առայժմ կորսնցուցած են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ունենալու եւ անոր պաշտպանութեան հաւաքակա՛նօրէն պատասխանատու ըլլալու զգացողութիւնը: Հարցը հիմա հասած է հոն, որ լոռեցին կամ գեղարքունիքցին իրաւունք ունի մտածելու, որ իր զաւակները ինչո՞ւ պէտք է պաշտպանեն Սիւնիքն ու Վայոց Ձորը, մինչեւ իսկ… քանի մը քիլոմեթր անդին գտնուող գիւղն ու քաղաքը: Փաստօրէն, երբ բանակի հրամանատարութիւնը սահմանապահ ուժերուն կը յանձնարարէր Ղափանի դիմացի բարձունքները ազերիներուն զիջիլ, պաշտօնական լրատու միջոցներ շրջանի կարգ մը գիւղերէն անուղղակի քարոզչութիւն կ’ընէին, թէ 500 կամ հազար մեթր անդին հաստատուող ազերիական ուժերը խուճապային վիճակ չեն առթեր, այսինքն՝ «ի՞նչ կայ որ, կրնանք ազերի քիրվաներուն հետ կենակցիլ, մոռնալ, որ անոնք Արցախի մէջ ամէն օր նոր գիւղ մը կամ պարտէզներ կը խլեն հայերէ, փոկրոմներ կազմակերպեցին, մեզմէ հայրենի հողեր խլեցին, կ’ուզեն նորեր ալ խլել…»:
Վերոյիշեալ կէտերուն անմիջականօրէն կը կապուի պատերազմին ծալքերուն բացայայտումը եւ յանցաւորներուն հաշուետուութիւնը, արդար պատիժներու ենթարկումը: Անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի՝ դատաիրաւական ի՛սկապէս անկախ եւ արդար համակարգի մը բիւրեղացումը, Դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան երաշխաւորումը: Աւելորդ է երկար անդրադառնալ, թէ անցեալի եւ «յեղափոխական» իշխանութիւններուն օրով, այս համակարգը ինչպիսի վիճակներու մատնուեցաւ, մինչդեռ Ժողովրդավարութեան ամէնէն հիմնական կիրարկումներէն մէկը այն է, որ երկրի ԳՈՐԾԱԴԻՐ, ՕՐԷՆՍԴԻՐ եւ ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութիւնները պէտք է իրարմէ անկախ հեղինակութիւններ ըլլան, վերածուին զիրար հակակշռող, մէկզմէկ հսկող եւ ինքզինք միւսներէն գերադաս սեպելու ընթացքը խափանող-դարմանող իշխանութիւններու: Պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին թէ անկէ ետք (տարիները չենք սահմաներ կամ սահմանափակեր), արձանագրուած են թերութիւններ, անփութութիւններ, ապիկարութիւն, սխալ դատողութիւն, իրականութիւններու հանդէպ արհամարհանք, անհարկի եւ սխալ դասաւորումներ եւ այլն: Պատերազմի օրերուն, այս մասին բերանները կը մնային լուռ, եւ ատիկա ճիշդ էր: Պատերազմի աւարտէն ետք, «բացուեց լեզուն իմ մանկիկին»ի տրամաբանութիւնը տիրական դարձաւ, երբեմն յարութիւն առին նաեւ… փանջունիներ: Առաջնահերթ եւ անյետաձգելի հրամայական է, որ եղածին ու չեղածին քննութիւնը կատարուի անաչառ մօտեցումով, մէկը անարդարօրէն վար զարնելու, ուրիշ մը փրկելու տրամաբանութենէն հեռու, այլ բանակին, հայրենիքին ու ազգին բարիքին հետամտութեամբ: Քննութեան համար պէտք է նկատի ունենալ դատական երկու գլխաւոր մարզ՝ զինուորական եւ քաղաքային: Նպատակը՝ գտնել, թէ ո՞վ դաւաճանած է կամ ապիկար գործ տեսած է, իսկապէս կարող զինուորականներ ու քաղաքական մարդիկ հեռու պահուա՞ծ են պատերազմէն, արտաքին ի՞նչ ուժեր, գործօններ, շահեր դեր ունեցած են, փտածութեան ի՞նչ նոր տարբերակներ ծնունդ առած են… Այբէն մինչեւ Օ-Ֆէ: Սա պէտք է կատարել լուսարձակներէ հեռու, մինչդեռ հիմա որդեգրուած է «բաց-պատարագ»ի ոճը, իրականն ու շինծուն-քարոզչականը իրարու հետ մրցումի ելած են, եւ բարձրացած աղմուկին, փոշիին մէջ կորսուած է ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, առանց առարկայական քննութեան՝ վճիռներ կ’արձակուին հրապարակաւ ու պատկերասփիւռներէն, համացանցի էջերէն, երբեմն արդարօրէն, երբեմն չափազանցութեան հասնելով: Այս գետնի վրայ քննութիւնները պէտք է տանիլ որոշ խորհրդապահութեամբ (եւ թող ո՛չ ոք հրապարակ գայ «մարդիկ ամէն բան պէտք է գիտնան»-ի գիւտով, որովհետեւ «մարդիկ»ը կ’ընդգրկէ նաեւ թշնամին ու խեղաթիւրելու մոլուցքով տարուողը): Պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն քննութիւնը պէտք է զերծ մնան ամբոխավարութենէ եւ քաղաքական սակարանի «տրամաբանութենէն»:
Պատերազմը ահաւոր հարուած տուաւ նաեւ երկրի տնտեսութեան, որ այլապէս ինկած էր աշխարհը վարակած՝ Պսակաձեւ ժահրի ազդեցութեան տակ: Արցախի հողերուն մեծ մասին կորուստը, երկրագործական (նաեւ՝ այլ) մարզին կրած ծանր վնասներն ու սահմանափակումները, ուժանիւթի աղբիւներու կորուստը եւ նման «գաճաճ» պատուհասներ իրենց կողքին ունին ոտքը տեսանելի, սակայն գագաթը ամպերու մէջ կորսուած «հսկայ» մը, որ կը կոչուի բնակավայրեու քանդում եւ շուրջ 100 հազար գաղթական: Ճիշդ է, որ արցախցի գաղթականներէն մաս մը կը վերադառնայ այն փոքր տարածքը, որ մեզի մնացած է Արցախէն, սակայն չենք կրնար մեր աչքերը փակել այն դաժան իրականութեան վրայ, թէ բազմատասնեակ հազարաւորներ ցնոր տնօրինութիւն պիտի մնան պետական եւ մարդասիրական նպաստներէ կախեալ ըլլալու վիճակին մէջ: Արցախէն մինչեւ Հայաստան՝ գործազրկութիւնը (ո՛չ միայն պատերազմին հետեւանքով), արտադրողականութեան նահանջը եւ անոնց «յաւելուածները» իսկապէս դժուար յաղթահարելի (չըսելու համար՝ անկարելի) կացութիւն ստեղծած են: Սա կ’ենթադրէ ո՛չ միայն պետական համակարգի ներուժին ամբողջական լարումը, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան աջակցութեան բազմապատկումը, միջազգային նպաստներու ապահովում: Պատերազմին սանձումէն նուազ քան ամիս մը ետք, դրամին արժեզրկումը, սղութեան ալիքներու երեւումը եւ այլ ցուցանիշներ երկար մեկնաբանութիւններու եւ ահազանգի պէտք չունին: Այս գետնի վրայ, իշխանութիւնը իրաւունք չունի «լաւ պիտի ըլլանք»ի խաբկանքը տարածելու երկրին մէջ, այլ պարտաւոր է չոր իրականութիւնները ցոյց տալով՝ բոլորին հետ միացնելու ձեռքերն ու ներքին եւ արտաքին կարողականութիւնները:
Վերի կէտին կը հետեւի ներդրումներու ապահովումն ու Հայաստանը գրաւիչ դարձնելը: Գաղտնիք չէ, որ աշխարհի մէջ կան հսկաներ, որոնք իրենց սեփականութիւնը կը համարեն որեւէ երկրի մէջ բնական հարստութեանց եւ շուկաներու յանձանձումը: Որեւէ երկրի իշխանութեան եւ տեղւոյն գործարարներուն իրաւունքն է գործակցութեան (եւ ո՛չ միայն նեղ-շահակցութեան) տարազներ գտնել այդ անհայրենիքներուն հետ, անոնց նիւթական կարողութիւններէն օգտուելով եւ անոնց տրամաբանական շահ ապահովելով՝ պաշտպանել նաեւ սեփական երկրին ու ժողովուրդին շահը, ակնկալիքները (այս կէտը սերտօրէն կ’առնչուի արտաքին գործօններու, կը կարօտի մասնագիտական եւ առանձին քննարկումի): Կը հետեւի նաեւ, որ Հայաստանի բնական հարստութեանց վերաբերող քաղաքականութեան վերատեսութիւնն ալ անյետաձգելի հրամայական է:
Կրթական-ուսումնական մարզի հիմնական վերանայում եւ ազգային արժէքներու հիմամբ վերածրագրաւորում (սա վերը յի-շուածէն որոշ տարբերութիւն ունի): Բացայայտ է, որ Հայաստանի մէջ, մինչեւ իսկ երկրորդական ուսման մակարդակին վրայ, հայերէնն ու պատմութիւնը, մեր մշակութային արժէքներու իմացութիւնը հարուածներ կրեցին վերջին տարիներուն, կը սպառնան մեր պատմութենէն որոշ խզումի տանիլ նոր սերունդները: Յիշենք միայն բարձրագոյն ուսմանց կրթարաններէն որոշ նիւթերու պարտադիր չըլլալու որոշումը՝ աւելի քան տարի մը առաջ, իսկ տակաւին վերջերս հրապարակ եկած այն նորութիւնը, թէ համալսարան մուտքի քննութիւններէն պիտի զեղջուին հայագիտութեան որոշ նիւթեր, եւ սա՝ տխրահռչակ նախարարին փոխարինումէն ետք ալ, ինչ որ ցոյց կու տայ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ մէջ նահանջն ու անկումը, ապազգային-ազգաթափումի մտայնութեան տիրապետութիւնը ա՛յն օրերուն, երբ Արցախի մէջ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԱՏՄԱԿԱՆ աղէտներ կը դիմագրաւենք (տարրական գիտելիքի մասին է խօսքը). նախարարութենէն նման «ներշնչում» ստացող միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտը ինչո՞ւ պարտք պիտի զգայ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու այս նիւթերուն իմացութեան, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան խորացման…: Ըսինք, չէ՞. աշխարհը կը տարուի դէպի… աշխարհաքաղաքացիներ պատրաստելու, իբրեւ Ալֆա եւ Օմեղա ճանչնալով նիւթը:
Լրատուութեան ու քարոզչական ցանցերը նմանապէս հիմնական վերականգնումի եւ վերատեսութեան կը կարօտին: Այս մասին երկար խօսիլ չ’արժեր: Կը բաւէ միայն արձանագրել, թէ պատերազմի օրերուն միաձայնութեամբ գործող լրատու աղբիւրները Նոյեմբերի 10-էն ետք վերադարձան բաբելոնեան խառնիճաղանճի վիճակին: Պատկերասփիւռ-թերթի կալուածէն անդին, կայ անշուշտ համացանցային «բաբելոնը», ուր տիրապետողը… հայհոյանքն է ու վատաբանումը, սեփական աչքի գերանը չտեսնելու եւ դիմացինի աչքին մէջ երբեմն չեղած շիւղը իբրեւ կոթողական գերան ցոյց տալու «հնարամտութիւնը» (սա նորութիւն չէ, տարիներու չար աւանդութիւն դարձած է, ո՛չ միայն հայկական աշխահին մէջ, մոռցուած է Յ. Պարոնեանի այն իմաստուն խօսքը, թէ «հայհոյանքը փաստի սով է»): Նոր փուլին, եւ հայրենիքի ու ազգի շահերուն սիրոյն, պէտք է ազդու հսկողութեան տակ առնել տեղեկա-տուական-քարոզչական մեքենաները, կեղծ աղբիւրները: Պէտք է արհամարհել ներածուած այն «իմաստութիւնը», որ նման սանձումով՝ կ’ոտնակոխուի խօսքի, արտայայտութեան ազատութիւնը: Երբ անհիմն խօսքն ու հայհոյանքի հասնող ազատ արտայայտութիւնը երկիրն ու ազգը կը հասցնեն կործանման եզրին, նման ձեռքեր ու լեզուներ կտրելը առաքինութիւն պիտի սեպուի:
Իշխանութեան համար նոյնքան առաջնահերթ է բազում այլ հարցերու դիմագրաւումն ու վերադասաւորումները: Այս կէտին մէջ արագօրէն թուենք հետեւեալները, որոնց համար, ինչպէս սկիզբը շեշտեցինք, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ վերականգնումն ու ՀԱՅԱԿԵԴՐՈՆ մարտավարութեան յստակացումը անյետաձգելի են (ՀԱՅԱԿԵԴՐՈՆը օտարամերժութիւն չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ ի հարկին օգտուիլ այլոց դրական իրագործումներէն, ներդաշնակութիւն ստեղծել ուրիշի բարիքին հետ, սակայն նաեւ մերժել ազգային դիմագիծին եւ աւադներուն հակադրուողը):
Ա) Ազգային արժէքներու ամբողջական վերականգնումը եւ այլասեռող գործօններու մերժումը, չէզոքացումը: Այս կալուածին մաս կը կազմեն մեր Եկեղեցւոյ պահպանումը (անհատներէն անդին. մանաւանդ՝ աղանդաւորականներու մերժումը) եւ անոր ազգային դերակատարութեան գիտակցումը, լեզուի ու պատմութեան ուղեցոյցները, գլխագիր մշակոյթի տարբեր մարզերուն մաքրազտումն ու արժէքային հունի վերադարձը (երգ-երաժշտութիւն, գրականութիւն, կերպարուեստ եւ այլն):
Բ) Կենսոլորտի տագնապին յաղթահարումը (Սեւան, ջրային հարստութիւն, հանքեր՝ ոչ միայն տնտեսական առումով: Չմոռնանք նաեւ Ջերմուկի նման հարստութեան մը ուղղուած ֆիզիքական նորաստեղծ վտանգը, որ միայն կենսոլորտային չէ, դրացի հանքին պատճառով):
Գ) Առողջապահութեան մարզ. պատերազմը, անկէ առաջ՝ համաճարակը ցոյց տուին, որ այս գետնի վրայ եթէ գոհ ըլլալու պատճառներ ունինք, մարզը հեռու է անթերի ըլլալէ:
Դ) Զբօսաշրջութիւն եւ յարակից կալուածներ, ինչպէս՝ պատմական վայրերու հոգածութիւնը եւ զբօսաշրջութեան քարտէզին հարստացումը (մեզմէ խլուած հողերուն վրայ մնացած կոթողներու հարցը այլ կարեւոր կէտ է): Հաւանաբար մտածողներ ըլլան, թէ այս պայմաններուն մէջ՝ ի՜նչ խօսք զբօսաշրջութեան մասին, սակայն երբ կը խօսինք տնտեսական վերականգնումի մասին, եւ Հայաստանի պէս երկրի մը համար, պէտք չունինք երկար-բարակ ընելու, թէ այս մարզը ինչպիսի՛ կենսական նշանակութիւն ունի:
Ե) Գիտական-արհեստագիտական ոլորտներու զարգացումը, բարելաւումը: Որեւէ հայ անցեալ տարիներուն հպարտութեամբ կը լսէր, որ մինչեւ իսկ մեր պատանի աշակերտները կը տիրանան արդի արհեստագիտութեան գաղտնիքներուն, դարձած են հնարողներ, մրցանակներ կ’ապահովեն տեղական եւ միջազգային ողիմպիականներու: Պատերազմը եկաւ ցոյց տալու, որ այդ բոլորը գործնական գետին չեն հասած: Վերջերս, անվերապահ գոհունակութիւն առթող տեղեկութիւն մը հրապարակ եկաւ, թէ՝ արդի արհեստագիտութիւնը պիտի կիրարկուի պաշտպանական ճարտարարուեստի զարգացման մէջ: Վերջին պատերազմին դիտանկիւնէն՝ ուշացած քայլ, ապագայի հեռանկարով՝ անվիճելիօրէն ողջունելի:
Այս եւ նման հրամայականներէ մեկնելով է, որ պէտք է դիտենք ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մը կազմութեան առաջադրանքը, որ սոսկական իշխանափոխութիւն մը պիտի չըլլայ, անկախ, որ անիկա բացարձակապէս պէտք չէ դիտուի-ըլլայ աթոռակռիւ՝ ինչպէս կը վատաբանեն իշխանութեան մարդիկն ու անոնց շեփորահարները: Հայաստանի իշխանութեան ղեկը յանձն առնողը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան, չի կրնար տուրք տալ սեփական կամ մասնակի հաշիւներու, հետապնդել այդպիսի շահեր, այլ անոր մեկնակէտն ու վախճանակէտը պիտի ըլլայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԻ վերականգնումը՝ իր բոլոր մարզերով, կալուածներով եւ ստորոգելիներով: Մասնաւորաբար ներքին գետիններու վրայ, պէտք է վերջ տալ «անցեալցիներ»ը մեղադրելու անվաղորդայն վարքագիծին, «քաղաքականութեան» (մինչեւ իսկ եթէ անոր մէջ կայ նուազագոյն կամ աւելի մեծ ճշմարտութիւն), որովհետեւ անցեալի տուեալներով զիրար խարազանելը գործնապէս շահ պիտի չբերէ, աւելի՛ն, պիտի տկարացնէ այն ենթահողը, որ պիտի գործածենք մեր արտաքին յարաբերութիւնները եւ աշխատանքները ամուր հիմերու վրայ դնելու համար:
Եւ, ինչպէս նշեցինք, արտաքին կալուածը առանձին աշխարհ մըն է, առանց բոլորովին անջատ ըլլալու ներքինէն:
ԱՐՏԱՔԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ
Շատ խօսուեցաւ եւ կը խօսուի Հայաստանի (հետեւաբար նաեւ Արցախի) արտաքին յարաբերական շարժումներուն մէջ արձանագրուած նահանջերուն, մինչեւ իսկ որոշ գիծերու բոլորովին չէզոքացման մասին: Իրականութիւնները մեծ չափով կը հաստատեն այս նշումները, թէեւ պէտք չէ արհամարհել, որ հոս ալ ի զօրու է քաղաքական խաղի օրէնքը:
Արտաքին կեանքի մասին խօսելու համար, պէտք է նկատի ունենալ առ նուազն երկու օղակ. Ա) Երեւցող՝ միջպետական յարաբերութիւնները, գործակցութիւնները, հակադրութիւնները, եւ Բ) Միջպետականէն անդին տարածուող՝ սահման եւ երկիր-հայրենիք չճանչցող ուժերուն տիրակալութեան դաշտերը, հորիզոնները (աւելորդ չ’ըլլար անգամ մը եւս արձանագրել, թէ երկիրներ եւ պետութիւններ, մեծ կամ փոքր, առաւել կամ նուազ չափով ենթակայ են նման ուժերու հաշիւներուն, քմահաճոյքներուն, որքան ալ որ անընդունելի ըլլան անոնք, նկատուին վնասաբեր. այսօրուան աշխարհի դառն իրականութիւններուն մաս կը կազմեն անոնք եւ կը հարկադրեն, որ իտէալականութիւնը հետապնդուի… ոտքերը գետին դնելով):
Հայաստան մօտաւորապէս 30 տարիէ ի վեր անկախ պետութիւն է (շեշտենք, որ պետութիւն եւ իշխանութիւն տարբեր հասկացութիւններ են): Անկախ Հայաստանը ունի միջազգային ճանաչում, դժբխատաբար աւելի քան 25 տարի առաջ իրողական անկախութիւն շահած Արցախը չհասաւ նման ճանաչումի: Հայութեան համար, Արցախեան Պայքարի առաջին օրերէն իսկ, Արցախն ու Հայաստանի ՄԻԱՑԵԱԼ էին, եւ այս իրականութիւնը արտայայտութիւն գտաւ արցախեան շարժումի այն ցոյցերուն, երբ ամբողջ ժողովուրդը կը բացագանչէր «ՄԻԱՑՈՒՄ»: Պատերազմէն առաջ, նաեւ անկէ ետք, բարեկամ թէ հակադրեալ, վերապահ թէ կարեկից, կը մնայ այն ճամբւոն մէջ, որ Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ ազերիական հող, մինչդեռ հայկական քաղաքական միտքին ու դիւանագիտութեան համար տարրական յաջողութիւն պիտի ըլլայ պատմական ճշմարտութիւնները տեղ հասցնելու, Արցախի հայութեան պատկանելիութիւնը ամրագրելու թէ՛ պետական ու միջազգային միաւորներու մակարդակին, եւ թէ մանաւանդ մամուլին եւ մտաւորականներու, գիտնականներու, պատմագէտներու եւ արուեստագէտներու լծակցութեամբ (չմոռնանք նաեւ մարզիկներն ու արուեստագէտները): Եւ ահա հոս է որ կը շեշտուի դիւանագիտութեան կենսական ուժն ու դերը, իբրեւ յենարան՝ հողը պաշտպանող բանակին ու պետական այլ մեքենաներու:
Հայաստան անդամ է ՄԱԿին, միջազգային բազմաթիւ խմբաւորումներու, եւրոպական դաշինքներու, մասնաւորաբար Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ կազմաւորուած պաշտպանական-ապահովութեան ու տնտեսական «կաճառներու»: Նախկին Խորհրդային Միութեան դաշտէն դուրս եկած Հայաստանը բնականաբար պիտի փորձէր – եւ իրեն իրաւունք վերապահէր – բացուելու աշխարհին, ստեղծելու բարեկամական աւելի լայն յարաբերութիւններ: Այս տարրական իրաւունքը կիրարկելու համար, իշխանութեան ղեկին գտնուողը պէտք է զգայուն ըլլայ շրջանային եւ միջազգային նրբութիւններու հանդէպ, ուշադիր ըլլայ, որ նոր բարեկամութիւններու ստեղծումը վնաս չբերէ գրպանիդ մէջ եղող բարեկամներուդ (պայման չէ որ դուն ըլլաս ուրիշին գրպանին մէջ), մանաւանդ զգայուն ըլլաս, որ դրացիդ, դաշնակիցդ եւ վաղեմի բարեկամդ ինչպէ՞ս կը դիտեն քու քայլերդ (սա նաեւ չի նշանակեր ենթակայ ըլլալ դրսեցիներուն բոլոր նկատումներուն):
Հայաստան միշտ չէ յաջողած դրական հաւասարակշռութիւն պահպանել մօտակայ եւ հեռակայ գործակիցներու, դաշնակիցներու եւ գործակիցներու հետ: Պատերազմի օրերը ցոյց տուին, թէ դիւանագիտական-քարոզչական մեքենաները որքա՜ն ետ ինկած են աշխարհի քայլերէն: (Պարզ օրինակի մը համար. Երբ Ֆրանսայի մէջ հայ երիտասարդներ արդարօրէն ճամբաներ կը փակէին, ազերիական յարձակումին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու համար, որեւէ մէկը չմտածեց, թէ կարելի էր նոյն օրերուն միանալ նոյնինքն ֆրանսացիները հարուածող՝ թրքատիպ ահաբեկիչներու դէմ ֆրանսացիներու ցոյցերուն: Նոյնը՝ այլուր):
Միւս կողմէ, յարաբերութեանց գետնի վրայ, ձախորդութիւններու յաջորդած բարեշրջումներ բարիք եւ յաղթանակներ բերած են Հայաստանին ու Արցախին: Վերջին պատերազմէն ետք, բաւական հիմնաւորեալ կերպով (հոս ալ ստուգելի եւ անաչառ քննարկումի ենթարկելի շատ բան կայ) կը խօսուի այն մասին, թէ Հայաստան չէ կրցած լիարժէքօրէն պահպանել իր աւանդական կապերն ու գործակցութիւնը՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, «հաւկիթները տարբեր կողովներու մէջ դնելու» բարեմիտ մօտեցումով, պատճառ դարձած է, որ ունեցած հաւկիթներէն շատեր ջարդուին ու փճանան: Մանաւանդ կորսուին արցախեան հաւկիթներ, վտանգուին մայր Հայաստանի կարգ մը ձուերն ալ: Հետեւաբար, դաշնակիցներու, պետութիւններու եւ միջազգային խմբաւորումներու հետ յարաբերութեանց վերանայումը կը հարկադրէ ճիշդ գնահատել անմիջական շրջապատի եւ աշխարհի ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, նպաստաբեր եւ վնասաբեր կողմերուն ինքնութիւնը ճշդել առարկայական կերպով, հեռու՝ այսինչին կամ այնինչին հանդէպ «սիրելի է, ատելի է»ի զգացականութենէ: Բնականաբար այս մօտեցումը չի կրնար տարածուիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ, որոնք պէ՛տք է տեսնենք, թէ ճամբայ ելած են, եւ՝ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, Հայաստանը ի սպառ վերցնելու ծրագիրներով, հետեւաբար, անոնց հետ բարի դրացնութեան, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու պատրանքները չեն կրնար անցնիլ ինքնախաբէութենէ անդին (պէտք է դէմ կանգնիլ նաեւ նման պատրանքներ դուրսէն սնուցանողներուն, ինչպէս որ ըրինք փրոթոգոլներուն դէմ):
Կրկնենք: Նոր բարեկամներու որոնումն ու ապահովումը չի կրնար ըլլալ ու պէտք չէ ըլլայ ի հեճուկս անցեալի բարեկամներու (նոյն աղբիւրէն կը բխի, ներքին գետիններու վրայ, անցեալի բոլոր իրագործումներն ու ազգօգուտ գործ ընողները արհամարհելու, անտեսելու եւ անգործութեան մատնելու վարքագիծը): Եթէ մէկ կողմէ կարեւոր է անսալ Խրիմեան Հայրիկի՝ Երկաթէ Շերեփի անժամանցելի պատգամին, միւս հողմէ պէտք չէ մոռնալ, որ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով որոշ երաշխիքներու խոստումը ջրիկ դարձաւ Պերլինի մէջ, երբ բազմաթիւ խոհարարներու վստահուեցաւ մեր Դատին պաշտպանութիւնը: Այս ըսելով՝ չենք ուզեր ամբողջական կասկածի տակ դնել կամ աղբանոց նետել Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ (հոգ չէ թէ ուշացած եւ, ստեղծուած պայմաներուն մէջ քիչ մը երեւակայական հնչող) քայլերը, այլ անհրաժեշտ է յառաջդիմութիւն արձանագրել համաշխարհային քաղաքականութեան համալսարանին մէջ, տեսնելու՝ թէ հայկական նաւը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստաւորուիլ այս կամ այն հովերէն, այնպէս մը՝ որ այդ հովերը զիրար չխաչաձեւեն, առագաստ մը ուռեցնելու պահուն, չպատռեն այլ առագաստներ:
Ինչպէս հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրինք նախապէս, պէտք է տեսնենք եւ ըմբռնենք, որ այսօրուան աշխարհի դէպքերուն վրայ ինչպիսի՜ ազդեցութիւն ունին այն քիչ երեւցող ուժերը, որոնք խորքին մէջ կը կառավարեն պետական իշխանութիւնները: Այլ խօսքով, պէտք է ունակութիւնը ձեռք բերել՝ թափանցելու պետական իշխանութիւններու վարագոյրներու ետին, ձեւերը գտնել հասնելու այդ իրողական ուժերը շարժող լծակներուն: Սա կը հարկադրէ լուռ դիւանագիտութիւն, լուսարձակներէ հեռու աշխատանք: Խորքին մէջ, մեր դիմաց կայ հերքիւլեան գործ, որովհետեւ վարագոյրներու յետին բեմին տիրապետողը… նիւթական շահն է, անոր կու տան «ռազմավարական շահեր» անունը, եւ կը գործածուին այս կամ այն երկիրը ստրկացնելու: Մենք մեր մորթին վրայ կրեցինք նման շահերու ազդեցութեան տարողութիւնը, նաեւ պատերազմէն առաջ, եւ գիտենք, որ, օրինակի համար, Պաքուէն դէպի արեւմտեան աշխարհ երկարող խողովակներէն հոսող քարիւղը շատ աւելի արժէք ունի, քան թրքական ու իսրայէլեան անօդաչուներու, արգիլեալ զէնքերու զոհ գացող ազատամարտիկին ու քաղաքային բնակչութեան կեանքը, ստացուածքը, արիւնը: Նման կացութեան մէջ, հայկական պետութեան ղեկին նստողին դերը կրնայ թուիլ «անկարելի առաքելութիւն», սակայն ահա հոն է որ կը շեշտուի «համալսարանական քաղաքականութիւն» վարողի արժանիքը: Չմոռնանք, որ մեր վիճակը, կացութիւնը, առանձնայատուկ ըլլալով հանդերձ, եզակի չէ:
ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹԻՐԱԽ
Միջազգային բեմին արտաքին ու ներքին ծալքերուն իմացութիւնը ծնունդ կու տայ նոր հորիզոններու, որոնք յաճախ կը տեսնենք, եւ սակայն, այդ ուղղութեամբ բաւարար գործ չենք տեսած, չենք տեսներ ցարդ: (Մեզի համար շատ աւելի գերակշիռ կարեւորութիւն ստացած են ներքին հակաճառութիւններն ու հակամարտութիւնները, քան թէ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼՈՒ հրաւէրը): Ամէնէն պարզ եւ անմիջական իրականութիւնը հետեւեալն է. Թուրքիա (եւ իր դաշնակից-կամակատարները) այսօր գործադրութեան ճամբու մէջ դրած են նոր-օսմանականութեան ծրագիրները, որուն հարուածներէն մէկն ալ իջաւ Արցախի վրայ, կը սպառնայ Հայաստանին՝ սկսելով հարաւէն:
Եթէ հայութեան քաղաքական միտքը անսայ ժամանակակից աշխարհի թելադրանքներուն, մեր ընթացքը կրնայ բարեփոխութիւն ապրիլ: Ներքին հակամարտութիւնները, խաղաղութեան թէ պատերազմի օրերուն, այլապէս կրնան «բնական» նկատուիլ, սակայն կայ արտաքին որլորտի մէջ աշխատանքի գիծ մը, գիծեր, որոնց շուրջ վէճ ու հակադրութիւն աններելի են: Նշեցինք արդէն. ունինք հիմնական թշնամի մը, որուն դէմ պէտք է ուղղուած ըլլան մեր քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր ճիգերը, անոնց շուրջ պէտք է միանան (միացած ըլլային) բոլոր ձեռքերը, հիմա՝ երբ ուժական բազուկը որոշ տեղատուութիւն արձանագրած է: Այս աշխատանքին թիրախները պիտի ըլլան ո՛չ միայն նոյեմբերեան համաձայնագիրին շրջումը (եւ մեր միտքէն պէտք է հանենք այն՝ որ եղածը վերջնական է, անյեղլի: Պատմութեան մէջ չկայ համաձայնագիր, որ մասամբ կամ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկուած չըլլայ, պայմանաւ, որ անարդարութիւնը յեղաշրջելու կամք եւ ներուժ պէտք է ունենալ, եթէ չկայ, անյապաղ կուտակել): Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող անընդունելի զարգացումները հալած իւղի պէս պէտք չէ կլլել եւ գլուխ ծռել անարդար տնօրինումերու դիմաց: Կարելի չէ մոռնալ ու անտեսել այն՝ որ Արցախի հարցին ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄ հետապնդող ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ յստակ դարձուցած են, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի գործածութեամբ պարտադրուած «լուծումը» չի գոհացներ որեւէ կողմ, եւ ո՛չ միայն մեզ՝ հայերս, հետեւաբար, պէտք է փնտռել ու գտնել այն լարերը, որոնց վրայ պիտի յօրինուի մեզ արդարութեան հասցնող համանուագը:
Աւելին: Պէտք է մեր ռատարները նախկինէն շատ աւելի զգայուն դարձնենք եւ շատ աւելի լայն բանանք, տեսնելու՝ թէ Թուրքիոյ ինքնագլուխ քայլերուն եւ տնօրինումներուն, ոճրային քաղաքականութեան դէմ ինչպիսի ալիքներ սկսած են բարձրանալ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ ամերիկեան այլ երկիրներու, եւ թէ մեր անմիջական դրացիին՝ Իրանի եւ քիչ մը աւելի արեւելք ինկող հսկային՝ Չինաստանի մէջ (նաեւ այլուր): Գիտենք, որ Ռուսիա իր պատճառները ունի Թուրքիան (ու Ատրպէյճանը) դարպասելու, Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, նաեւ արեւելքցիները որոշ շահակցութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ, սակայն պէտք է տեսնել նաեւ միւս իրականութիւնները, այն՝ որ նոյն այդ ուժերն ու շրջանակները միանուագօրէն հաշտ աչքով չեն դիտեր նոր-օսմանականութեան արտայայտութիւնները: Սա երազ կամ ցնորածին հաշիւ չէ, այլ մաս կը կազմէ ժամանակակից աշխարհի քաղաքական աշխարհագրութեան: Էրտողանի եւ այլոց կայսերականութիւնը Թուրքիան ուշ կամ կանուխ պիտի տանի պայթումի, ինչպէս որ եղաւ 100 տարի առաջ…: Հետեւաբար, մեր կիսովին խորտակուած նաւուն վերականգնումը եւ մեր առագաստներուն ըստ այս հովերուն պարզումը հրամայական է եւ յետաձգում չճանչցող մարտահրաւէր: Այդ ընելու համար, չի բաւեր «հիմա ասկէ աւելին չենք կրնար ընել»ները, բողոքի ցոյցերն ու արդար ընդվզումի արտայայտութիւնները, այլ կենսական է որ մեր դիւանագիտութիւնը, իր հայրենի եւ համասփիւռքեան թեւերով, Հայ Դատին նման ցանցերով, վերստին թռիչք առնէ եւ հետամտի մեր թշնամին նահանջի մատնելու: Դարձեալ նշենք. այսօրուան վիճակով եւ իշխանութեան ցուցաբերած տրամադրութիւններով, սա կը թուի ցնորական, անկարելի, սակայն հարց տանք. ե՞րբ է եղած, որ մենք չենք նաւարկած ուժգին հոսանքներու դէմ, ունեցած ենք ընկրկումներ, սակայն նաեւ յաջողած ենք անկարելին կարելի դարձնել, մասամբ կամ այլապէս: Ուրիշներ ալ ըրած են նոյնը. արձանագրենք Եգիպտոսի, Լիբանանի, Վիեթնամի եւ այլոց նախընթացները (միշտ ալ ի մտի ունենալով իւրաքանչիւին իւրայատկութիւնը):
Արտաքին գիծերու վրայ մեր տանելիք աշխատանքը, ինչպէս նշեցինք արդէն, պէտք է դուրս բերուի ներքին հակադրութիւններու եւ հակամարտութիւններու ոլորապտոյտէն, մանաւանդ պէտք է եկուութեամբ վերջ դնել բացայայտ կամ քողարկուած այն կամակատարութեան, որոնք մեր իշխանութեան կը պարտադրուին «դուրսեր»էն (շեշտենք. «Դուրս»ը մէկ չէ):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Կարելի է երկար խօսիլ այն կալուածներուն եւ ուղիներուն մասին, որոնք իբրեւ մարտահրաւէր՝ կը տարածուին յետ-Նոյեմբեր 10-ի Հայաստանին, Արցախին եւ համայն հայութեան դիմաց:
Վիթխարի աշխատանք կայ կատարելիք, եւ առաջին քայլը պիտի ըլլայ մեր այժմու վիճակին ամբողջական իրազեկումը, գիտակցումը՝ մեր կրած կորուստին, նաեւ հաւատքը (ո՛չ զգացական մօտեցումով), թէ հակառակ մեր սահմանափակ ուժերուն, կրնանք ՇԱՏ ԲԱՆ ընել, բացասական «երթը» կասեցնել եւ մեր շոգեկառքը վերադարձնել ազգային շահերու եւ իրաւունքներու հետապնդման ուղիին:
Հայաստան ու համայն հայութիւնը կը գտնուին դառն, բայց նաեւ յուսատու նշոյլներով իրականութիւնները, կարելիութիւնները տեսնելու հրամայականին դիմաց: Բարեշրջում իրականացնելու համար, պէտք է իրարու դիմաց բանալ ականջները, կամք ցուցաբերել զիրար հասկնալու, զիրար համոզելո՛ւ ազգային շահերու բիւրեղացման եւ հետպնդման միջոցներուն շուրջ: Որեւէ խորտակուած շէնք կամ ոլորտ վերականգնելու համար, կը դիմուի պատերը քար առ քար վերստին շարելու աշխատանքին, առանց որ կողմերէն մէկը կամ միւսը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, քանդէ ուրիշին շարածը, անտեսէ կամ արհամարհէ ուրիշին կարողութիւնը:
Ու երբ այսօր կը խօսուի ազգային միասնականութեան եւ փրկութեան կառավարութեան մը մասին, ամէն բանէ առաջ, կենսական է, որ պատասխանատուութեան վրայ բերուին մասնագէտներ, ներքին ու արտաքին յարաբերութիւններու մէջ փորձառուներ, կապեր ունեցողներ, որպէսզի վերջ տրուին իրերամերժութեան եւ անձնակեդրոնութեան այն մրցավազքերուն, որոնք կարծէք թէ անուղղակի ժառանգ հասած են խորհրդային տարիներէն: Բնականաբար կարելի չէ երեւակայել, որ երկիրը այս վիճակին մատնողն ու այս կացութեամբ բաւարարուող-համոզուողը տալիք չունի նորին: Թող ո՛չ ոք ունենայ այն պատրանքը, թէ կրնայ առանձինն, միանձնեայ ձեւով երկիրը դուրս բերել այս խորխորատէն, այլ ձեռքերու միացումը պէտք է ճամբայ ելլէ այն գիտակցութեամբ եւ համոզումով, որ միացեալ ճիգերը անմիջական ապագային կրնան սպասուած արդիւնքներուն չհասցնել մեզ, սակայն մեր ընելիքին եւ իրագործելիքին պատասխանատուութեան բաժնեկից պիտի ըլլանք բոլորս, իշխանութիւն թէ անոր դէմ դիրք բռնած կողմեր, ճամբայ պիտի ելլենք երկար շունչ քաշելով եւ աննահանջ կորովով:
Անմիջական թիրախը պիտի ըլլայ Արցախի մէջ մեր ունեցած կորուստներուն վերականգնումը, որովհետեւ գաղտնիք չէ, որ Արցախը կարեւոր հիմնաքար է Հայաստանի պահպանումին համար, նաեւ մեկնակէտ՝ վերատիրանալու մեր այն իրաւունքներուն, որոնք ահաւասիկ հարկադրաբար եւ դաւադիր կերպով կը լուսանցքայնանան վերջին պատերազմին եւ զայն կանխող դէպքերու հետեւանքներուն ազդեցութեան տակ:
Մենք իրաւունք չունինք ընկրկելու մեր Դատին, արդար իրաւունքներուն իրականացման ճամբուն վրայ, միայն պարտութիւն եւ սուգ ժառանգելու վաղուան սերունդներուն: Արցախը 25-30 տարի առաջ ազատագրողները, իսկ անոնցմէ առաջ՝ Սարդարապատ եւ այլ յաղթանակներ կերտողները ընդմիշտ չեն կրնար քնացուիլ: Ինչ որ պիտի իրականացնենք՝ պիտի ընենք մեր բազուկներով, առանց մոռնալու, որ մեզի օգնութեան կը հասնին միայն այն ատեն, երբ մեր բազուկները վերջնականապէս վար չենք կախած եւ վճռած ենք երթը շարունակել Պատմութեան ու Աշխարհագրութեան մայրուղիին վրայ:
Այս կամքը ժամանակով չէ սահմանափակուած, այլ պայմանաւորուած է մեր արթնութեամբ, հանճարին թելադրած ինքնավստահութեամբ եւ ճիշդ տեսլականներու բիւրեղացումով, նաեւ՝ այն ըմբռնողութեամբ, որ կ’ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ, ուր մեզի ի նպաստ փոփոխութիւնները կրնան տեղի ունենալ մօտիկ կամ քիչ մը հեռու ապագային, իսկ մեզի կը մնայ չմնալ հլու հանդիստեսի աթոռին, այլ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ բերել բարենպաստ պայմաններու կերտումին:
Սարգիս Մահսերէճեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»