Հայրենի ղեկավարները ա՛լ ղեկավարելու համը փախցնել սկսան: Մէյ մը կախուեցան Սպիտակ արջէն, ինչ կ’ուզէք յանձնեցին, յանձնեցին ու տուին՝ փոխարէնը խաղաղութեան փուճ խոստումներ ստացան։
Եւ տժգոյն օր մը խաղաղութեան փուչիկը պայթեցաւ…
Ի՞նչ հարց, այս անգամ փորձեցին կախուիլ Սէմ քեռիէն, մեծ աղուէսէն եւ հլու-հնազանդ ազգն ու ազգայինը ուրացան, «Լեզու-պատմութիւն-կրօնք ինչքա՞ն դրամ կը բերեն» մտածեցին, մեր սրբութիւններն ալ վերացնել ու փոխարէնը երկիրը ֆէյսպուքադերասանութեամբ, նորարար ոճով կառավարել սկսան։
Այս փուլին ալ սուտ խոստումներէ կախուեցան, «Հպարտ եղիր, քաղաքացի՛, ու այնքան բարձրացուր ճակատդ, որ քթիդ տակ պատահածը չտեսնես» ըսին։
Քաղաքացին ալ հաւատաց, «Չէ՞ որ կախեալ ազգի մաս կը կազմեմ, ուրեմն կեցցէ՜ յեղափոխութիւնը, կեցցէ՜ հպարտութիւնը» ըսաւ, առանց իմանալու, որ գլուխը կախ քաղաքացի պիտի դառնար, պիտի զոհէր իր զաւակը, հրկիզէր տունն ու տեղը եւ տեղահանուէր կրկին:
Ու ղեկավարներուն նոր հեքիաթները չուշացան, «Խաղաղութիւնը ունեցածնիս-չունեցածնիս թշնամիին յանձնելն է» ըսին։
Սպիտակ արջը զայրացաւ, «Իմ բաժի՞նս ուր մնաց» ըսաւ, ու ինքն ալ եկաւ Արցախի մէջ տեղաւորուեցաւ:
«Բոլորն ալ բարի նպատակով եկեր են», մտածեց ղեկավարապետը… «հրամմեցէ՛ք, գրաւեցէ՛ք» ըսելն ու ստորագրութեամբ մը ազերիներու եւ թուրքերու հետ տնտեսական կապերու պատրանքէն կախուիլը մէկ եղաւ։
Ու շարունակեցինք, տակաւին պիտի շարունակենք յանձնել ու տալ, տալ ու յանձնել՝ յանուն կախեալ մնալու մոլութեան:
Մոլորեա՛լ ժողովուրդ, ե՞րբ պիտի դառնաս ինքնուրոյն, ե՞րբ պիտի ժողվես ուժերդ ու վերջ տաս ենթարկուելու մոլութեան:
Փշակն