Այս կարճ լուրը Հայաստանի «ընդդիմադիր» մամուլի մէկ էջէն է:
Տարեսկիզբին, Երեւանի շուկաներուն մէջ նկատուած են Ատրպէյճանի մէջ արտադրուած զովացուցիչներ՝ «Քոքա-քոլա» (լուսանկարն ալ նոյն տեղէն է):
***
Յիշեցում: 27 Սեպտեմբերին պայթած պատերազմէն քանի մը օր ետք, Հայաստանի կառավարութեան աղբիւները, առեւտրականները յայտարարեցին, որ 31 Դեկտեմբերին, վերջ պիտի գտնէ թրքական արտադրութեանց ներածումը: Դեկտեմբերի վերջերուն, որոշումը վերահաստատուեցաւ: Կ’ենթադրենք, թէ հիմա, հայկական շուկային մէջ թրքական ապրանք չի ծախուիր (իսկ եթէ «մնացուկներ» կան, պատճառը այն է, որ ներածուածը պէտք է սպառել: Գոնէ այդ էր պաշտօնական բացատրութիւնը՝ ներածման արգելքի յայտարարութեան օրը. ըսին, որ նախապէս ներածուածներուն վաճառքը պիտի չարգիլուի, մինչեւ որ… սպառին):
Ուրեմն. եթէ թրքական արտադրութեանց ներածումը իսկապէս դադրած է, սա կը նշանակէ՞, որ Ատրպէյճանի հետ առեւտուրի «նոր դարաշրջան»ը բացուած է արդէն, ճամբայ ելած է «պիզնէս»ի նորագոյն տրամաբանութիւնը, որ կրնայ մոգական գաւազանի ազդեցութիւն ունենալ, մոռացութեան մատնել, որ ազերիական բանակը աւելի քան 2 ամիս առաջ, ամբողջ 44 օր մահ ու աւեր տարածեց Արցախի մէջ, մեզմէ խլեց այդ երկրամասին մեծագոյն մասը, հիմա, ազերիները պատառ-պատառ կը գրաւեն նաեւ Սիւնիքէն հողամասեր, պարտադրելով, որ հայ բնակիչներ լքեն իրենց պապենական տուներն ու կալուածները, ապրուստի աղբիւրները, նաեւ՝ պէտք է համոզուին, որ Արցախն ու սիւնիքեան այդ տարածքները երբեք հայութեան չեն պատկանած, մենք անիրաւ գտնուած ենք խեղճ ազերիներուն նկատմամբ, որոնք արդէն ծրագիրներ կը մշակեն՝ Արցախը ողողելու հարիւր-հազարաւոր «ազերի բռնագաղթուածներով»…:
Ազերիական արտադրութեանց հայկական շուկայ մուտքը արդեօք կ’արդարանա՞յ՝ բացատրելով, որ «Քոքա-քոլա»ն ըստ էութեան ամերիկեան ապրանք է, պարզապէս Ատրպէյճանի մէջ (նաեւ այլուր) կ’արտադրուի, ուրեմն, կարելի է հաշտ աչքով դիտել անոր ներածումը: (Չէ՞ որ աշխարհի այս կամ այն շրջանին մէջ ալ թրքական արտադրութիւններ շուկայ կ’իջնեն արաբական երկիրներու արտադրութիւն ըլլալու խաբկանքով): Կամ, վերջապէս, սա արդեօք հայկական հանճարե՜ղ հնարամտութեան մէկ արտայայտութի՞ւնն է եւ կը միտի ազերին հակադրել թուրքին (մինչդեռ մինչեւ հիմա կը կարծէինք, որ անոնք նոյնն են…):
***
Եզրակացութիւն: Անկցի՛ն պատերազմն ու հայրենի որոշ հողեր, կեցցէ՛ «պիզինէս»ը, առանց որուն, չկայ հայոց փրկութիւն: «Քոքա-քոլա»-ով մը կուլ տուէք այն «տեսութիւն»ը, թէ առանց էական հանգոյցներու լուծման՝ կրնանք թուրքն ու ազերին կոչել «ղարտաշ-եօլտաշ»…
Սարգիս Մահսերէճեան