Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ նահանգներուն յատակացուած պէնզինի եւ մազութի քանակը ժամանակաւորապէս պիտի նուազի՝ պէնզինը 17% տոկոսով, իսկ մազութը՝ 24% տոկոսով:
Այս առիթով, սուրիական քարիւղային նիւթերու պահեստի եւ բաշխումի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն երկրչփ. Ահմատ Շամմաթ յայտնեց, որ սոյն միջոցին կը դիմեն, որովհետեւ ԱՄՆ-ի Սուրիոյ դէմ պարտադրած պատժամիջոցներուն հետեւանքով քարիւղային արտադրութիւններուն Սուրիա ներածումը ուշացած է: Ուստի ժողովուրդին նուազագոյն կարիքի ապահովման համար, նախարարութիւնը յարմար նկատեց բոլոր նահանգներու յատկացուած վառելանիւթերուն քանակը ժամանակաւորապէս նուազեցնել:
Շամմաթ հաստատեց, որ պէնզինի կայաններուն մէջ ստեղծուած խճողումը պիտի դադրի ամենամօտ ժամանակմիջոցին եւ նախարարութիւնը իր կարելին ի գործ պիտի դնէ այս հարցը լուծելու համար: