ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ վերջին 1 օրուան ընթացքին, ՀՀ-էն Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է աւելի քան 180 քաղաքացի, անոնց ընդհանուր թիւը, ըստ ռուս խաղաղապահներու, գերազանցած է 48 000-ը։

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի զինուորական ծառայողները կ՚ապահովեն քաղաքացիներուն ապահով վերադարձը իրենց մշտական ​​բնակավայրեր, կը տրամադրեն մարդասիրական օգնութիւն եւ կը վերականգնեն քաղաքացիական ենթակառոյցները։

«Այժմ կ՚իրականացուի իրավիճակի շուրջօրեայ դիտարկում և զինադադարի պահպանման վերահսկողութիւն 23 դիտակէտերու մէջ», ըսուած է գերատեսչութեան Հաղորդագրութեան մէջ։