«Տե­ղե­կատ­ուա­կան առ­ճա­կա­տում» եզ­րոյ­թը կը բնու­թագ­րէ մարդ­կա­յին հան­րու­թեանց մի­ջեւ ծա­ւա­լող դի­մա­կա­յու­թեան գոր­ծըն­թաց, որ կը ձգ­տի ռազ­մա­վա­րա­կան մա­կար­դա­կի գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան, ռազ­մա­կան կամ այլ նպա­տակ­նե­րու իրա­գործ­ման եւ յա­ջո­ղու­թեան:
Տե­ղե­կատ­ուա­կան առ­ճա­կատ­ման առա­ջին վա­ւե­րագր­ուած ար­տա­յա­յտու­թիւնը ար­ձա­նագր­ուած է,- այս­պէս կոչ­ուած,- Արե­ւել­եան պա­տե­րազ­մի կամ Խրի­մի պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին (1853-1856), երբ Սի­նո­քի ճա­կա­տա­մար­տին ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ անգլ­ի­ա­կան մա­մու­լը այդ ճա­կա­տա­մար­տի մա­սին հաշ­ուե­տուու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լով կը գրէր. «Ռու­սե­րը կը գնդակա­հարէ­ին ու վերջ կու տա­յին ծո­վուն մէջ լո­ղա­ցող վի­րա­ւոր թուր­քե­րու կեան­քե­րուն…»:
Տե­ղե­կատ­ուա­կան պա­տե­րազ­մը կը սան­ձա­զերծ­ուի մադ­կա­յին հան­րու­թեանց մի­ջեւ, որոնք ստեղ­ծած են իշ­խա­նու­թեան սե­փա­կան հա­մա­կար­գեր, կը բո­վան­դա­կեն տար­բեր, եր­բեմն նոյ­նիսկ զի­րար մեր­ժող, փոխ բա­ցա­ռող եւ հա­կա­սող արժեհա­մա­կար­գեր՝ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն եւ իշ­խա­նու­թեան վար­չադ­րոյթ ներ­փա­կող։ Նման հան­րոյթ­ներ կը հանդիսա­նան ճանչց­ուած եւ չճանչց­ուած պե­տու­թիւն­նե­րը, պե­տու­թեանց դա­շինք­ներն ու միու­թիւն­նե­րը, քաղաքացիական պա­տե­րազ­մի կող­մե­րը, ծայ­րա­յե­ղա­կան եւ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, որոնք կը ձգ­տին բռ­նի ու­ժով զաւ­թել երկ­րի իշ­խա­նու­թիւնը, ան­ջա­տո­ղա­կան եւ ազա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րը։
Տե­ղե­կատ­ուա­կան են­թա­հո­ղի վրայ ըն­թա­ցող հա­կա­մար­տու­թիւնը կ’ու­ղեկ­ցի կեան­քի եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան հիմ­նա­րար ոլորտ­նե­րէն (քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան, ռազ­մա­կան եւ այլ…) ներս իրա­կա­նա­ցող առ­ճա­կա­տում­նե­րուն ու կ’ապա­հո­վէ անոնց բա­րե­յա­ջող ել­քը։
Տե­ղե­կատ­ուա­կան պա­տե­րազ­մի ղե­կա­վար­ման եւ ծա­ւալ­ման գլ­խա­ւոր մի­ջոց­ներ կը հան­դի­սա­նան զանգ­ուա­ծա­յին լրատուա­մի­ջոց­նե­րը, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը, փոս­տա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­ներն ու մին­չեւ ան­գամ ներ­ժո­ղովր­դա­յին բամբասանք­նե­րը։
Տե­ղե­կատ­ուա­կան պա­տե­րազ­մին կր­նան մաս­նակ­ցիլ թէ՛ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ ստեղծ­ուած կա­ռոյց­նե­րը, եւ թէ առան­ձին հան­րոյթ­ներ, խմ­բա­ւո­րում­ներ ու ան­հատ­ներ։
Տե­ղե­կատ­ուա­կան առ­ճա­կա­տու­մը շա­րու­նա­կա­կան է, անընդ­մէջ։ Կը ծա­ւա­լի ոչ միայն պա­տե­րազ­մա­կան գործողութիւննե­րու ըն­թաց­քին, այլ նա­եւ խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու տակ։
Մի­ջազ­գա­յին նո­րօր­եայ յա­րա­բե­րութ­եանց մէջ շատ մը պե­տու­թիւն­ներ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ’ըն­ծա­յեն տե­ղե­կատ­ուա­կան պա­տե­րազմ­ներ ղե­կա­վա­րող դրոյթ­նե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման եւ տե­ղե­կատ­ուա­կան անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման հիմնախն­դիր­նե­րուն։ Տե­ղե­կատ­ուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան, մե­թոտ­նե­րու եւ հնարք­նե­րու առա­ջըն­թացն ու հեռահաղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու ժա­մա­նա­կա­կից նուա­ճում­նե­րը միջ­պե­տա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հարթութեան վրայ սե­փա­կան շա­հերն ու նպա­տակ­նե­րը յա­ռաջ մղող էա­կան գոր­ծօն­ներ կը հա­մար­ուին։ Հե­տե­ւա­բար՝ պե­տու­թիւն­ներ անս­պառ ջանք, եռանդ եւ նիւ­թա­կան հս­կայ յատ­կա­ցում­ներ ի սպաս կը դնեն՝ տի­րա­նա­լու հա­մար արհես­տա­վարժ «տե­ղե­կատ­ուա­կան բա­նակ»ի եւ պաշտ­պան­ուած տե­ղե­կատ­ուա­կան են­թա­կա­ռոյց­նե­րու։ Վեր­ջին տարի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին փոր­ձը կը վկա­յէ, որ տե­ղե­կատ­ուա­կան հոս­քե­րու ներ­գոր­ծու­թիւնը որե­ւէ պե­տու­թ­եան հա­մար կր­նայ հզօր զէն­քի վե­րած­ուիլ եւ հա­կա­ռա­կոր­դի նկատ­մամբ առա­ւե­լու­թիւն շնոր­հել անոր։ Իսկ նման զէնք դիմակա­յե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ նե­րու­ժէ եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ զուրկ պե­տու­թիւն­նե­րը, ամե­նայն հաւանականութեամբ, պի­տի յայտն­ուին պարտ­ուած­նե­րու եւ ար­հա­մարհ­ուած­նե­րու շար­քին։
Անց­նող երե­սու­ն ամ­եա­կին հայ­կա­կան զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը՝ Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը, պար­տադ­րա­բար ներքաշ­ուած են տե­ղե­կատ­ուական անո­ղոք եւ մա­շեց­նող մար­տե­րու մէջ։ Ազեր­ի­ա­կան տե­ղե­կատ­ուա­կան քաղաքականու­թեան դէմ իր ան­դուլ պայ­քա­րին շնոր­հիւ, հայ­կա­կան կող­մը բա­ւա­կան փորձ եւ գի­տե­լիք կու­տա­կած է արդէն։ Սա­կայն աս­տի­ճա­նա­բար վե­րա­փո­խուող եւ զար­գա­ցող հա­ղոր­դա­մի­ջոց­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ թշ­նամիի կող­մէ տակաւ սաստ­­կա­ցող քա­րոզ­չու­թիւնը մեր զոյգ պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար, անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը դարձ­նեն ժա­մա­նա­կի փո­փո­խու­թեանց հա­մա­հունչ քայ­լեր որ­դեգ­րել, ին­չու չէ նա­եւ՝ հար­կա­ւո­րու­թեան պա­րա­գա­յին հա­մար­ժէք հակահարուած­նե­րով հա­կա­ռա­կոր­դի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հա­կակշ­ռե­լը։
Վե­րո­յիշ­եալ տե­սա­կէ­տի լա­ւա­գոյն ապա­ցոյցն ու ար­ժա­նա­հա­ւատ հաս­տա­տու­մը պի­տի հան­դի­սա­նար, ըն­թա­ցիկ 2020 տա­րեթիւի Սեպ­տեմ­բե­րին, ազե­րի­նե­րու կող­մէ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան դէմ շղ­թա­յա­զերծ­ուած մէ­կու­կէ­սամ­եայ լայ­նա­ծա­ւալ եւ ող­բեր­գա­կան պա­տե­րազ­մը, որ ահա­ւոր եւ կոր­ծա­նա­րար հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցաւ պա­տե­րազ­մող հայ եւ ազե­րի ժողովուրդ­նե­րուն հա­մար, պատ­ճա­ռե­լով անոնց՝ մարդ­կա­յին եւ տն­տե­սա­կան ան­դար­մա­նե­լի ու ան­հա­շիւ կո­րուստ­ներ։ Այդ օր­հա­սա­կան պա­տե­րազ­մի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կը զու­գակ­ցէ­ին տե­ղե­կատ­ուա­կան ոչ-պա­կաս սարսափե­լի առ­ճա­կա­տում­ներ, որոնց հան­գա­մա­նօ­րէն կ’անդ­րա­դառ­նանք հե­տա­գայ տո­ղե­րով։
* * *
Թուրք­իոյ բա­ցա­յայտ օժան­դա­կու­թեամբ, 27 Սեպ­տեմ­բեր 2020-ին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զերծ­ուած 44-օր­եայ մար­տա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու զու­գա­հեռ, հա­կա­մար­տող կող­մե­րու մի­ջեւ տե­ղե­կատ­ուա­կան թէժ պա­տե­րազմ մեկ­նար­կած էր։
Առ­ճա­կա­տող զոյգ կող­մերն ալ սե­փա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը կ’իրա­զե­կէ­ին իրենց ար­ձա­նագ­րած «հպար­տա­ռիթ» յաջո­ղու­թիւն­նե­րու եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցի, ինչ­պէս նա­եւ հա­կա­ռա­կոր­դի «ան­փա­ռու­նակ» ձա­խո­ղութ­եանց, թու­լու­թեանց, նահան­ջի եւ ընկր­կում­նե­րու մա­սին։
Նոյն ըն­թաց­քին անոնք չէ­ին վա­րա­նիր հա­կա­ռա­կոր­դի հաս­ցէ­ին վի­րա­ւո­րանք­ներ, վար­կա­բե­կում­ներ, գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ տե­սա­նիւ­թեր եւ լու­սան­կար­ներ հրամց­նե­լու հան­րու­թեան՝ ոգե­ւո­րե­լու հա­մար սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը, մի­ա­ժա­մա­նակ ահ ու սար­սա­փի մատ­նե­լու թշ­նա­մին։
Իսկ հա­կա­դիր կող­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու առնչ­ուած պատ­կեր­նե­րը մեծ տարողութեամբ կը տար­բե­րէ­ին իրար­մէ։
Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ յայ­տա­րար­ուած ռազ­մա­կան դրու­թեան ար­դիւն­քով խօս­քի ազա­տու­թիւնը զգալի­օ­րէն սահ­մա­նա­փակ­ուած էր։
Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր ան­կախ մետ­իա­յի հետ աղերս­ուած իրա­վի­ճա­կը աւան­դա­բար եւ առ­հա­սա­րակ աւե­լի բա­րեն­պաստ պատ­կեր կը պար­զէ, քան Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին, 8 Հոկ­տեմ­բեր 2020-էն սկս­եալ կը գոր­ծէր յա­տուկ օրէնք, որով կ’ար­գիլ­ուէր ռազ­մա­ճա­կա­տի կա­ցու­թիւնը բա­ցա­սա­բար ներ­կա­յաց­նել։
Որ­պէս գլ­խա­ւոր հա­ղոր­դում­ներ, կող­մե­րը պար­բե­րա­բար հան­րու­թիւնը կը տե­ղե­կաց­նէ­ին ծա­ւա­լող ռազ­մա­կան գործողու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին մա­սին, առա­ւել եւս հեր­թա­կա­նօ­րէն կը զե­կու­ցէ­ին սե­փա­կան թէ թշ­նամիի կորուստներու առն­չու­թեամբ։
Հայ­կա­կան կող­մը պար­բե­րա­բար կը հրա­պա­րա­կէր նա­հա­տակ­ուած հայ զին­ծա­ռա­յող­նե­րու ան­ուա­նա­ցու­ցակ­նե­րը, ինչպէս նա­եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէր հրե­տա­կո­ծու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով զոհ­ուած կամ վի­րա­ւոր խա­ղաղ եւ անզէն բնա­կիչ­նե­րու մա­սին։
Ատր­պէյ­ճան կը բա­ւա­կա­նա­նար պար­բե­րա­բար անդ­րա­դառ­նա­լով սե­փա­կան խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու մահ­ուան պարագանե­րուն, մինչ՝ ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ կորսն­ցու­ցած իր զին­ծա­ռա­յող­նե­րու թիւը չէր հրա­պա­րա­կեր՝ խոստանա­լով այդ մա­սին հա­ղոր­դել պա­տե­րազ­մի աւար­տէն ետք միայն։
Պա­տե­րազ­մի մեկ­նար­կէն ի վեր, ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէն գլ­խա­ւոր եւ պաշ­տօ­նա­կան «խօ­սա­փող»ի պարտականութիւն­նե­րը կը կա­տա­րէ­ին երկ­րի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­ե­ւի twitter-եան գրա­ռում­նե­րը, որոնց մէջ պարբերա­բար կը հա­ղորդ­ուէ­ին ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի կող­մէ գրանց­ուած յաղ­թա­նակ­նե­րու եւ գրաւ­ուած տարածքնե­րու կամ բնա­կա­վայ­րե­րու մա­սին։
Որոշ ժա­մա­նակ ետք, սո­վո­րա­բար, այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն կը հե­տե­ւէր Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նախարարութեան տե­սա­հաս­տա­տու­մը YouTube-եան եւ telegram-եան ալիք­նե­րով։
Նոյն կեր­պով յայ­տա­րար­ուե­ցան Թա­լիշ ու Մա­տա­ղիս գիւ­ղե­րու, Ճապ­րա­յիլ եւ Ֆի­զու­լի քա­ղաք­նե­րու գրաւ­ման լու­րե­րը։ 2020-ի Հոկ­տեմ­բեր 9-ին Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը շտա­պեց յայ­տա­րա­րե­լու Հատ­րու­թի շրջ­կեդ­րո­նի գրաւ­ման լու­րը, մինչ­դեռ՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­ւաս­տի աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն, այդ գրա­ւու­մը իրա­կա­նա­ցած էր տու­եալ թուա­կա­նէն քա­նի մը օր ետք միայն։
Բնա­կա­նա­բար, որ­պէս կա­նոն, հայ­կա­կան կող­մը կը մեր­ժէր ըն­դու­նիլ իրեն վե­րագր­ուած դիր­քե­րու եւ բնա­կա­վայ­րե­րու կո­րուս­տը, լռել­եայն հեր­քե­լով Իլ­համ Ալի­ե­ւի լպիրշ յո­խոր­տան­քով կա­տա­րած հեր­թա­կան հա­ղոր­դում­նե­րը՝ ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ յայտն­ուած նո­րան­ուաճ գիւ­ղե­րու կամ տա­րածք­նե­րու մա­սին։
Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան գլ­խա­ւոր խօ­սա­նակ Արծ­րուն Յով­հան­նիս­եան 24 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ի իր պաշ­տօ­նա­կան հա­ղորդ­ման ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան դրօշ­նե­րու տե­ղադր­ման առնչ­ուած հա­կա­ռա­կոր­դի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը հե­տեւ­եալ ձե­ւով կը բա­ցատ­րէր. «Ատր­պէյ­ճա­նա­կան խմ­բե­րը սկ­սել են հայ­կա­կան գիւ­ղեր ներ­թա­փան­ցել, դրօշ­ներ տն­կել՝ յաղ­թա­նակ ցու­ցադ­րե­լու եւ խու­ճապ սե­րմա­նե­լու հա­մար…»։
Հայ­կա­կան կող­մը յա­ճախ յայ­տա­րա­րած է ար­ցախ­եան բա­նա­կի տար­բեր զօ­րա­մ­ի­ա­ւոր­նե­րու բա­րե­յա­ջող հակագրոհներու եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի հեր­թա­կան ընկր­կում­նե­րու, ինչ­պէս եւ հս­կա­յա­կան կո­րուստ­նե­րու մա­սին։ Սա­կայն Պա­քուն միշտ ալ հեր­քած է այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։
Երե­ւա­նը, իր հեր­թին, մին­չեւ պա­տե­րազ­մի վեր­ջըն­թեր օրը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը դր­ժէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի յառաջ­խա­ղաց­քի եւ ռազ­մա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ շր­ջա­նա­ռուող հրա­տա­րա­կում­նե­րը։
Իւ­րօ­րի­նակ նա­խա­դէպ կը հան­դի­սա­նար հայ­կա­կան կող­մէն Կու­պաթ­լի շրջ­կեդ­րո­նի կո­րուս­տը։
Երե­ւան, 25 Հոկ­տեմ­բե­րին, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հրա­պա­րա­կեց ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու իր քար­տէ­զը, որ բնա­կա­նա­բար, հիմ­նո­վին կը տար­բե­րէր Պաք­ուի կող­մէ քա­նիցս հրա­պա­րա­կուող քար­տէզ­նե­րէն։
Ան­շուշտ, մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու գօտի­էն ներս ան­կողմ­նա­կալ դի­տորդ­ներ դժ­ուար էր գտ­նել, այն­տեղ հազուագիւտ եղած են նա­եւ չէ­զոք լրագ­րող­ներն ու զա­նա­զան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու ան­կա­շառ թղ­թա­կից­նե­րը։ Այդ պատճա­ռով ալ՝ ռազ­մա­ճա­կա­տի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման մա­սին ճշգ­րիտ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լը ընդ­հան­րա­պէս ան­կա­րե­լի կը թուէր։ Նման եզ­րա­յան­գում­ներ հնա­րա­ւոր կը դառ­նան միայն մաս­նա­գի­տա­կան աչա­լուրջ եւ բա­րե­խիղճ քն­նու­թեամբ, անա­չա­ռօ­րէն ու­սում­նա­սի­րե­լով եւ բաղ­դա­տե­լով հա­կա­մար­տող կող­մե­րու նիւ­թե­րը, բացայայ­տուող կողմ­նա­կի նշան­ներն ու անոնց ման­րա­մաս­նե­րը։
Թշ­նամիի զի­նամ­թեր­քի, ռազ­մա­սար­քե­րու եւ բա­նա­կա­յին­նե­րու ոչն­չաց­ման, ինչ­պէս նա­եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան (մարդակային թէ տն­տե­սա­կան) ահա­ւոր կո­րուստ­նե­րու վե­րա­բեր­եալ այ­լա­զան տե­սա­նիւ­թեր հրա­պա­րա­կե­լու որե­ւէ առիթ հա­կա­դիր զոյգ կող­մե­րու պաշ­տօ­նա­կան ալիք­նե­րը ջա­նա­ցած են առա­ւե­լա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել։
Այդ հրա­պա­րա­կում­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին, կը բո­վան­դա­կէ­ին տրոն­նե­րով յար­ձա­կում­նե­րու բա­զում տեսագրութիւն­ներ, իսկ հայ­կա­կան կող­մի պա­րա­գա­յին՝ հրե­տանիի, հե­տե­ւա­կի եւ հա­կահ­րա­սայ­լե­րու ար­դիւ­նա­րար աշխա­տան­քը։ Յիշ­եալ տե­սա­նիւ­թե­րու ընդ­մէ­ջէն հնա­րա­ւոր դար­ձած է ստու­գել, եւ յայտ­նա­բե­րել ան­հետ կո­րած բազում մար­դոց մա­հը։
Չմոռ­նանք սա­կայն, որ առա­ւել հի­աս­թափեց­նող ու սահմռ­կե­ցու­ցիչ նիւ­թե­րը առ­հա­սա­րակ կը ներ­կա­յաց­ուին ըն­կերա­յին ցան­ցե­րով կամ առան­ձին սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րու պատ­կա­նող մաս­նա­ւոր մար­զի մետ­իա­յով, գլ­խա­ւո­րա­բար՝ telegram ալիք­նե­րով։ Այս ալիք­նե­րը կ’օգ­տա­գործ­ուին թէ՛ ըն­թա­ցող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէ­տի վե­րար­տադր­ման, թէ՛ ռազ­մա­ճա­կա­տի վրայ տի­րող իրա­վի­ճա­կի մա­սին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րու ընդհան­րաց­ման, եւ թէ այն­պի­սի նիւ­թե­րու տա­րած­ման հա­մար, որոնց մա­սին լրատ­ուա­կան պաշ­տօ­նա­կան եթերակայան­նե­րը չեն ցան­կար անդ­րա­դառ­նալ՝ ցե­ղա­յին-էթ­նիք նկա­տա­ռում­նե­րով։
Այդ ալիք­նե­րու մի­ջո­ցով կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ առ­ճա­կա­տող եր­կու կող­մե­րէն քաղ­ուած բազ­մա­թիւ տե­սա­նիւ­թե­րու՝ որոնց մէջ կը պատ­կեր­ուին թշ­նա­մի զի­նուոր­նե­րու ան­կեն­դան մար­մին­ներ, եր­բեմն՝ որո­շա­կի նպա­տա­կով ցու­ցադր­ուած ման­րա­մաս­նե­րով, մին­չեւ ան­գամ ան­մարդ­կայ­նօ­րէն պղծ­ուած մարմ­նա­հետ­քե­րով։
Յի­շենք թէ՝ եր­կու հայ զի­նուոր­նե­րու կամ աշ­խար­հա­զօ­րա­յին­նե­րու (որոնց­մէ մէ­կը՝ տա­րեց) գե­րե­վար­ման եւ գնդակահար­ման վե­րա­բե­րող տե­սա­նիւ­թը աշ­խար­հով մէկ առանձ­նա­յա­տուկ ար­ձա­գանգ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է եւ դատապար­տում­նե­րու լայ­նա­ծա­ւալ ալիք բարձ­րա­ցու­ցած։ Ատր­պէյ­ճան­ցիք, ան­մի­ջա­պէս, այս նիւ­թը «ֆէյք» (յերիւրածոյ) որա­կած են։ Սա­կայն Պի-Պի-Սի պատ­կերասփիւռի ու Bellingcat մի­ջազ­գա­յին հե­տա­զօ­տա­խում­բը կը պնդեն, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քին կող­մէ վեր­ջերս գրաւ­ուած Ար­ցախ­եան Հատ­րութ քա­ղա­քին մէջ տե­ղա­ցի եր­կու հայոր­դի իրօք գն­դա­կա­հար­ուած են ազե­րի գրո­հա­յին­նե­րու կող­մէ։
Տե­ղե­կատ­ուա­կան պա­տե­րազ­մի գլ­խա­ւոր թե­մա­նե­րէն կը հան­դի­սա­նար ատր­պէյ­ճա­նա­կան թէ հայ­կա­կան բա­նակ­նե­րու կող­քին կռուող վարձ­կան զին­եալ­նե­րու կամ ահա­բե­կիչ­նե­րու հար­ցը։
Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի առա­ջին օրէն իսկ Երե­ւա­նի մէջ կը պն­դէ­ին, թէ Ատրպէյ­ճա­նի կող­քին հայ­կա­կան բա­նա­կին դէմ կը կռ­ուին սուր­ի­ա­կան թր­քա­մէտ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու վարձ­կան զինեալներ, որոնք սուր­ի­ա­կան պաշ­տօ­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­կա­ռա­կորդ­ներն են, եւ որոնք Թուրք­իոյ նախաձեռնութեամբ եւ օժան­դա­կու­թեամբ տե­ղա­փոխ­ուած են Ատր­պէյ­ճան հա­յոց զօր­քին դէմ առ­ճա­կա­տե­լու։
Հրա­պա­րակ­ուած են զա­նա­զան տե­սա­նիւ­թեր, որոնց մէջ մար­տե­րու ըն­թա­ցքին կամ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ար­դէն իսկ գրաւ­ուած դիր­քե­րու վրայ ի յայտ կու գան արա­բե­րէն խօ­սող զին­եալ­ներ։
Արեւմտ­եան որոշ պար­բե­րա­կան­ներ, ինչ­պէս Պի-Պի-Սի-ն եւ Ռոյ­թըր­զը, կը հաս­տա­տեն վարձ­կան զին­եալ­նե­րու Ատրպէյ­ճան տե­ղա­փո­խու­թեան իրո­ղու­թիւնը։ Երե­ւա­նը զա­նոնք «ահա­բե­կիչ­ներ» կ’ան­ուա­նէր եւ կը փոր­ձէր հա­մո­զել Ռու­սաս­տա­նը՝ հա­կ­ա­ա­հա­բեկ­չա­կան հա­ւա­քա­կան պայ­քար ձեռ­նար­կե­լու անոնց դէմ։ Մինչ արեւմտ­եան մետ­ի­ան՝ պարզա­պէս «վարձ­կան­ներ» կամ «սուր­ի­ա­ցի ապս­տամբ­ներ» որա­կում­նե­րով կ’անդ­րա­դառ­նար այդ զին­եալ­նե­րուն։
Ինչ­պէս կան­խան­շե­ցինք, Պա­քուն յա­մա­ռօ­րէն կը հեր­քէր օտար զին­եալ­նե­րու առ­գո­յու­թիւնը սե­փա­կան զին­եալ ու­ժե­րու շար­քե­րուն մէջ, ամե­նայն պո­ռո­տա­խօ­սու­թեամբ միշտ կրկ­նե­լով ու պն­դե­լով՝ որ աւե­լի քան հա­րիւր հա­զար զի­նուոր հաշուող բարձր մարզ­ուա­ծու­թեան տէր եւ ժա­մա­նա­կա­կից արդ­ի­ա­գոյն զի­նամ­թեր­քով օժտ­ուած իր բա­նա­կը ինք­նա­բաւ է ու ի վի­ճա­կի՝ հայ­կա­կան «զաւ­թիչ» ու­ժե­րէն ազա­տագ­րե­լու Ղա­րա­բա­ղը եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան վերադարձ­նե­լու զայն։
Նոյն ըն­թաց­քին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան մա­մու­լի եւ զանգ­ուա­ծա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ կը հանդիպինք այն­պի­սի ստա­պա­տիր տե­ղե­կու­թեանց, որոնք կը փոր­ձեն հա­ւաստ­ի­աց­նել՝ թէ հայ­կա­կան բա­նա­կի կող­քին ատր­պէյ­ճա­նի դէմ կը կռ­ուէ­ին հա­կա­թուրք թե­քու­մով ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­դամ քիւրտ զինեալներ։
Ինչ­պէս զոյգ կող­մե­րու պե­տա­կան-պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեանց, այն­պէս ալ անոնց հե­տե­ւորդ ան­կախ մետ­իա­յի հրա­պա­րա­կում­նե­րուն մէջ հա­կա­ռա­կոր­դի հաս­ցէ­ին անխ­նա­յօ­րէն շռայլ­ուած վար­կա­բե­կիչ եւ ստոր­նա­ցու­ցիչ արտայայտու­թիւն­նե­րը սո­վո­րա­կան երե­ւոյթ­ներ դար­ձած են։
Օրի­նակ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը, իր ու­ղերձ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, երկ­րի մը ղե­կա­վա­րին ան­յա­րիր վար­քա­գիծ դրսեւորելով հան­դէս կու գար հայ­կա­կան բա­նա­կին հաս­ց­է­ագր­ուած հե­տեւ­եալ անար­գա­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ. «Մենք ցոյց տուինք անոնց՝ ով ով է, մենք վերջ­նա­կա­նօ­րէն քշե­ցինք զա­նոնք մեր տա­րածք­նե­րէն, շու­նե­րու նման…»։
Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնը, իր հեր­թին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի հայ զի­նուո­րա­կան­նե­րու պար­բե­րա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը պար­զա­պէս «ցնորք» կամ «երազ» կ’որա­կէր։
Միւս կող­մէ՝ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նութեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւս պի­տի չու­շա­նա­յին ներգրաւուե­լու այդ զազ­րա­խօ­սու­թեանց եւ փո­խա­դարձ ցե­խար­ձա­կում­նե­րու տիղ­մին մէջ հայ­կա­կան կող­մէն ատրպէյճա­նա­կան քա­ղաք­նե­րը հրե­տա­կո­ծե­լու ան­հիմն եւ սար­քո­վի լու­րե­րը բնու­թագ­րե­լով «բա­ցար­ձակ յի­մա­րու­թիւն եւ ցի­նիկ սուտ»։
Զոյգ եր­կիր­նե­րու լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը (իրենց պաշ­տօ­նա­կան թէ ան­կախ թե­ւե­րով) սո­վո­րա­բար հան­րու­թեան կը ներկայա­նա­յին թշ­նա­մի կամ հա­կա­ռա­կորդ կող­մին հաս­ց­է­ագր­ուած իրենց բուռն, կծու, նուաս­տա­ցու­ցիչ եւ վար­կազր­կիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ծան­րա­գոյն ու եպե­րե­լի ամ­բաս­տու­թիւն­նե­րով, մին­չեւ ան­գամ ամօ­թա­լի եւ ան­հան­դուր­ժե­լի վատաբանում­նե­րով։
44-օր­եայ պա­տե­րազ­մի գրե­թէ ողջ տե­ւո­ղու­թեան հայ­կա­կան մետ­իա­յի վեր­լու­ծա­բան­նե­րը ան­տե­ղի­տալի­օ­րէն կը պն­դէ­ին, որ Ատր­պէյ­ճան հս­կա­յա­կան կո­րուստ­ներ կ’ար­ձա­նագ­րէ, իսկ հայ­կա­կան կող­մը յա­ջո­ղութ­եամբ ետ կը մղէ ատրպէյճանա­կան բո­լոր յար­ձա­կում­նե­րը, տե­ւա­բար զրահ­ուած այն հաս­տատ հա­մո­զու­մով՝ որ հայ մար­տի­կը ուշ կամ կա­նուխ ան­պայ­ման պի­տի ջախ­ջա­խէ անա­գո­րոյն թշ­նա­մին։
Գաղտ­նիք չէ՝ որ հա­կա­մար­տող զոյգ կող­մե­րու լրատ­ուա­մի­ջոց­ներն ալ կը ջա­նա­յին իրենց լսա­րա­նի հա­մար բա­րեն­պաստ մթ­նո­լորտ ստեղ­ծել եւ ար­ժա­նա­հա­ւատ, հա­մո­զիչ տե­ղե­կանք հա­ղոր­դել։ Անոնք պատ­րաստ էին որե­ւէ մի­ջո­ցա­ռու­մի ձեռնար­կե­լով սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նա­սի­րա­կան ոգին բարձ­րաց­նե­լու, անոր կո­րովն ու մար­տու­նա­կու­թիւնը ջրդե­ղե­լու։ Մի­ա­ժա­մա­նակ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն սադ­րիչ եւ գրգ­ռիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կե­լով անոնք կը հետամ­տէ­ին հա­կա­դիր կող­մի նկատ­մամբ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բուռն ընդվ­զում, հա­մա­տա­րած խոր­շանք, ատե­լու­թիւն եւ ան­հաշտ թշ­նա­մանք սեր­մա­նել։
Խաչիկ Շահինեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»