Երբ 1988-ին սկիզբ առաւ Արցախի պատերազմը, միջազգային դերակատարները միշտ կը փորձէին փխրուն զինադադարներով կասեցնել զայն: 1992-ի Մարտին յառաջացաւ Մինսքի խումբը, որուն պատասխանատուութեան ծիրին մէջ էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցի քաղաքական լուծման ապահովումը: Մինսքի խումբը կը բաղկանար 17 երկիրներէ, սակայն հիմնական որոշումները եւ բանակցութիւնները յանձնուած էին հիմնական երեք երկիրներու պատասխանատուութեան, անոնք են՝ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա:
Պատմական, ցեղային, կրօնական եւ քաղաքական պայմաններն ու միջավայրը իրենց խոր հետքերը ձգած են Արցախի հիմնահարցի ակունքներուն վրայ՝ սկսած 1918-էն եւ նոյնիսկ ԽՍՀՄ-ի հիմնադրումէն առաջ. միջազգային ուժեր, յատկապէս Մեծն Բրիտանիա, լրջօրէն հետաքրքրուած են Հարաւային Կովկասով: Իսկ Ռուսական կայսրութեան համար Հարաւային Կովկասը կենսական աշխարհաքաղաքական տարածք էր, որ դարերու խորքէն փոխանցուած է այսօրուան Ռուսաստանի վերահսկողութեան եւս:
Վերջին պատերազմը դադրեցաւ ռուսական միջամտութեամբ: Այս զինադադարով Ռուսաստան ուզեց փոխանցել աշխարհին, որ Հարաւային Կովկասը կը մնայ ռուսական շահերու կենսական տարածք: Զինադադարի պայմաններու հաստատումով, Ռուսիա Թուրքիոյ նկատմամբ ունեցաւ բաւական շահեկան դիրք, սակայն այս զինադադարը վերջնական չէ եւ կը պարունակէ ոչ յստակ եւ չճշդուած կէտեր, որոնք յղի են լարուածութեան սրման նախադրեալներով եւ վերջ չեն կրնար տալ 30 տարի երկարաձգուող այս արիւնալի պատերազմին, միւս կողմէ, ռուս խաղաղապահ ուժերուն ծախսը մեծ է ռուսական զինուորական պիւտճէին վրայ:
Աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւններ
Որքան ալ Ղարաբաղի հարցը ընկալուի իբրեւ ցեղային, ազգային եւ կրօնական պատերազմ, անոր թաքուն շերտերուն մէջ կը գտնենք հզօր մրցակցութիւն, որ կը հասնի մինչեւ աշխարհաքաղաքական մարտերու, որոնք կը մղուին Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ անոր դերակատարները տարբեր են, իրենց տարբեր քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական շահերով: Այդ շահերը յաճախ կը խաչաձեւուին՝ աշխարհի այս կարեւոր հանգոյցին վրայ:
ԱՄՆ 1992-էն սկսած էր սատարել Հայաստանի Հանրապետութեան ընդդէմ Ատրպէյճանի: Ամերիկեան քոնկրեսը դրամական մեծ օգնութիւն կը ցուցաբերէր Հայաստանին եւ Արցախին եւ կը նախատեսէր, որ անոնք տնտեսապէս համալրուին եւ միաձուլման հասնին, սակայն 2001-ի Սեպտեմբեր 11-ին ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած նշանաւոր ահաբեկչական գործողութիւններէն վերջ ԱՄՆ սկսաւ նոյնքան օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին, որ հաւասարակշռէ միակողմանի քաղաքականութիւն մը՝ խուսափելու համար իսլամիստներու սուր հակազդեցութենէն եւ խաբանելու չինական «Մետաքսէ Ճանապարհ» ծրագիրը, միաժամանակ ցանկալով հիմք դնել ժողովրդավար եւ թափանցիկ երկիրներ հիմնելու ծրագիրին, միշտ զգուշանալով Հարաւային Կովկասի տարածքին ռուսական ազդեցութեան հզօրացումէն: ԱՄՆ միշտ կողմնակից եղած է հարցի խաղաղ հանգուցալուծման: Եւրոպական Միութիւնը եւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը շարունակողի դերին մէջ եղած է՝ միշտ ցանկալով Մինսքի խումբին միջոցով հաստատել առանց պատերազմի խաղաղութիւն այս տարածաշրջանին մէջ:
1994-ին հաստատուած զինադադարի հիմնական դերակատարը Ռուսիան էր եւ այդ զինադադարէն վերջ բոլոր փոքր պատերազմները վերջ կը գտնէին ռուսական միջամտութեամբ:
Հայաստան Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր ռազմավարական դաշնակից է, ուր նոյնպէս հաստատուած են ռուսական ուժեր: Հայաստան մաս կը կազմէ նաեւ ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի, որոնք կը գտնուին ռուսական գերակշիռին տակ: Ատրպէյճան յաճախ կը մեղադրէր Ռուսիան Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանին զինելու յանցանքով, սակայն Ռուսիա հաշուի առնելով Թուրքիոյ կոշտ հակազդեցութիւնը, աստիճանաբար սկսաւ զէնք մատակարարել Ատրպէյճանին եւս, ինչ որ խիստ մտահոգութեան ալիք բարձրացուց հայկական միջավայրի մէջ: Ռուս փորձագէտ Սերկէյ Մարտկեոտնովի կարծիքով, Ռուսիան դաշնակիցի իր պարտականութիւնները չկատարեց, ըստ հայկական կառվարութեան, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ Հարաւային Օսէթիոյ եւ Ղրիմի թերակղզիներու պատերազմներուն ընթացքին: Մարտկեոտնով կը նշէ, որ մեկնելով այն պարզ իրականութենէն, որ Ռուսիա մեծ կայսրութիւն է, ան չունի յատուկ քաղաքական գիծ Հարաւային Կովկասի մէջ, ոչ ալ գաղափարաբանական յատուկ ուղղուածութիւն:
Ատրպէյճան միշտ դրական գնահատած է Ռուսիոյ միջամտութիւնը Ղարաբաղի հարցին եւ լայն կարելիութիւններ ստեղծած է ռուս-ազերիական գործակցութեան՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ. Օրինակ՝ սահմանի երկկողմանի ապահովութիւն, Կասպից ծովու մէջ գտնուող ուժանիւթի օգտագործում: Ռուսիա, իր կարգին, միշտ խուսափած է այն միտքէն, որ Ատրպէյճան վերածուի երկրորդ Վրաստանի, որ խստօրէն կը վտանգէ Ռուսիոյ շահերն ու ապահովութիւնը: Ատրպէյճան լաւ գիտէ, որ եթէ վերածուի երկրորդ Վրաստանի՝ շատ ծանր կրնայ վճարել Ռուսիոյ:
Թրքական քաղաքականութիւնը՝ ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, միշտ եղած է կողմնակալ եւ դէպի պատերազմ մղող տրամաբանութեամբ, հակահայ կեցուածքներով եւ քայլերով լեցուն: Ան ունի դարաւոր ատելութիւն հայերու եւ Հայաստանի նկատմամբ: Այս պատճառով Ատրպէյճան թրքական արտաքին քաղաքական հոլովոյթներու մէջ կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ՝ նոյնիսկ երբեմն կը հնչէ «Մէկ ազգ, երկու երկիր» լոզունքը, որովհետեւ զիրենք կը միաւորեն պատմական, լեզուական եւ ցեղային կապերը: Շրջանցուած է այն փաստը, որ Թուրքիա սուննիական երկիր է, իսկ Ատրպէյճան 70%-ով շիա դաւանանքին կը պատկանի:
ԽՍՀՄ-ի անկումէն ետք, Թուրքիա փորձեց վերամիացնել թրքալեզու երկիրները, հասնելով իր վաղեմի փանթուրքիստական երազին, իսկ Ատրպէյճան անոր անկիւնաքարը կը կազմէր: Ըստ թուրք փորձագէտ Պայրամ Պալսի, երկբեւեռ աշխարհի անկումէն ետք, երբ ԱՄՆ դարձաւ աշխարհի հսկայ ուժը, Թուրքիան մղեց իրականացնելու իր վաղեմի երազը, որ յստակօրէն կը վտանգէր Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը: Սա դրական կը դիտուէր հայր Պուշի վարչակազմին կողմէ:
Սակայն երբ 1994-ի պատերազմը աւարտ ունեցաւ ի շահ հայերուն՝ Ռուսիոյ շատ աշխոյժ միջամտութենէն մեկնելով Ամերիկան իր այս ծրագիրը սառեցուց: Այս պատճառով Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խիստ նուազեցաւ, սակայն Թուրքիա իր քաղաքական եւ տնտեսական շահը կառուցեց նոր հաստատուող նաւթահորերու միջոցով: Ռուսական ազդեցութենէն ազատիլ փորձելով եւ լրիւ շրջանցելով Հայաստանը՝ Թուրքիա փորձեց Հայաստանը շրջափակել եւ մեկուսացնել տարածաշրջանային տնտեսական մեծ շահերէն: Ան մասամբ յաջողեցաւ: Թուրքիա տարիներու ընթացքին ամէն ճիգ ի գործ դրաւ դառնալու Մինսքի խումբի լիարժէք անդամ, իր խօսքը ըսելու եւ իր շահերը պաշտպանելու նկատառումներով՝ սակայն բոլոր փորձերը ապարդիւն մնացին:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը սոյն հարցին կապակցութեամբ որքան ալ հակահայկական յայտարարութիւններ հնչեցնէ, Իրան կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկամ երկիր: Իսկ այդ յայտարարութիւնները ունին զուտ ներքին, իրանական ազերի ազգաբնակչութիւնը հանգստացնելու բնոյթ, որովհետեւ Իրանի հիւսիսային շրջաններու մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 15 միլիոն ազերիներ: Իրանի համար տկար Ատրպէյճան մը շատ ձեռնտու է, որովհետեւ Իրան այդպէս կը մնայ այդ տարածաշրջանի ամենաուժեղ քարիւղ եւ կազ արտադրող երկիրը, տնտեսական ուժը եւ կը նախընտրէ ուժեղ Հայաստան, որ չի վտանգեր Իրանի տնտեսական եւ քաղաքական վերելքը:
Այս պատճառով Իրանի մէջ ապրող հայկական գաղութը ունի բացառիկ արտօնութիւններ, խորհրդարանի մէջ իր ներկայացուցիչները եւ նոյնիսկ Իրանի պետական գանձարանէն գումար կը յատկացուի Իրանի մէջ գտնուող հայկական կոթողներու, վանքերու եւ այլ վայրերու վերանորոգման համար:
Իսրայէլն ալ այս տարածքի վրայ ունի իր մշտական, աշխարհաքաղաքական եւ ապահովական շահերը, որոնց պատճառով ան հաստատած է սերտ եւ զինուորական, տնտեսական ու ապահովական համապարփակ յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի հետ: Ըստ Իսրայէլի, ուժեղ Ատրպէյճանը չափազանց կարեւոր բազուկ կը համարուի հակաիրանական քաղաքականութիւն վարող Իսրայէլին: Ան Իրանը ճնշելու եւ  անոր լրտեսելու լաւ միջոց է: Ըստ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի, Ատրպէյճան վերջին տասը տարիներու ընթացքին գնած է 10 միլիառ տոլարի հասնող տարբեր տեսակի զէնքեր ու հրթիռներ: Ըստ արեւմտեան մամուլի, Ատրպէյճան Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններուն ծառայած է՝ արժէքաւոր տեղեկութիւններ տալով անոնց: Ան Իսրայէլին ներկայացուցած է իր միջոցներով ձեռք ձգուած Իրանի կորիզային ծրագիրին թանկարժէք թղթածրարը: Իսրայէլ իր ուժանիւթի 40%-ը կը ստանայ Ատրպէյճանէն՝ թրքական խողովակներու միջոցով, որոնք կը հասնին թրքական նաւահանգիստներ եւ կը տեղափոխուին դէպի Իսրայէլ:
Իսրայէլ Ատրպէյճանի բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ մարզած է նորագոյն ճարտարագիտութեան օգտագործման համար եւ լարած ու զարգացուցած է լրտեսական ռատարներ՝ ուրկէ կը լրտեսէ Իրանն ու տարածաշրջանի այլ երկիրներ:
Քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ մշակութային այսպիսի դժուար, խճճուած եւ գերզգայուն աշխարհագրական դիրքի վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ իր յաւերժի ճամբորդի դերը, որուն միակ եւ ամենակարեւոր երաշխիքը միասնութիւնն է, քաղաքական ուժերու շահեկան գործակցութիւնն ու տարածաշրջանային ռազմավարութեան ուրուագծումը:
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան