“Երկիր”._ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդած է, որ 11 եւ 12 Յունուարին առաւօտեան ՀՀ պետական սահմանին հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով պահպանուած է կայուն մարտական իրավիճակ:
ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող հատուածներուն մէջ, մասնաւորապէս, Գորիս-Կապան միջպետական ցամաքային ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բէկ հատուածին, սահմանային դէպքեր չեն արձանագրուած:
ՀՀ զինեալ ուժերուն եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը սահմանագօտիին ամբողջ երկայնքով: