«Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրակազմը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ՀՅԴ «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Պուլուզեանին, անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն, Արցախեան պատերազմի օրերուն Աւետիս Պուլուզեանի նահատակութեան համար։

Փառք ու պատիւ հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին իրենց կեանքը նուիրաբերած բոլոր նահատակներուն։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

«Գանձասար»ի խմբագրութիւն