«Դուն յաւերժ պատասխանատու ես անոնց համար,
որոնց ընտելացուցած ես», ըսաւ աղուէսը փոքրիկ իշխանին։
Անթուան տը Սէյնթ Էկզիւպէրիի «Փոքրիկ Իշխանը» հեքիաթը ֆրանսայի մէջ նկատուած է քսաներորդ դարու լաւագոյն հեքիաթը եւ յառաջադէմ երկիրներու մէջ անպայման ներառուած է դպրոցականներու պարտադիր ընթերցանութեան ցանկին մէջ, որովհետեւ այս հեքիաթը կը զարգացնէ մանուկին երեւակայութիւնը եւ տարբեր անկիւնէ դիտել կու տայ կեանքը։ Դժախտաբար ուշ ծանօթացայ այս հրաշք հեքիաթին։ Դժբախտաբար կ’ըսեմ, որովհետեւ եթէ աւելի կանուխ կարդացած ըլլայի՝ շատ մը հարցեր ուրիշ ձեւով կը դատէի։ Փոքրիկ Իշխանը կ’ապրէր մոլորակի մը վրայ, ուր կար երեք հրաբուխ (որոնցմէ մէկը յանգած) եւ մէկ վարդ, զոր Փոքրիկ Իշխանը շատ կը սիրէ։ Օր մը Փոքրիկ Իշխանը կ’որոշէ լքել իր մոլորակը եւ ճամբորդել ծանօթանալու համար միւս մոլորակներու բնակիչներուն։ Ան շատ դժուարութեամբ հրաժեշտ կու տայ իր սիրելի վարդին, կը մաքրէ մոլորակը եւ ճամբայ կ’ելլէ։ Առաջին մոլորակին վրայ կը գտնէ թագաւոր մը, որ կը կարծէր թէ բոլորին վրայ իշխելու եւ բոլորին հրամայելու իրաւասութիւն ունի, անոր պատմուճանը կը ծածկէր ամբողջ մոլորակը, բայց մոլորակին վրայ թագաւորէն բացի ոչ ոք կ’ապրէր։ Թագաւորը կ’առաջարկէ փոքրիկ իշխանին մնալ իր մոլորակին վրայ եւ կը խոստանայ զինք կարգել արդարադատութեան նախարար: Փոքրիկ Իշխանը կը մերժէ, որովհետեւ նախ՝ մոլորակին վրայ կենդանի շունչ չկար, ապա՝ ան տակաւին պէտք էր ճամբորդէր։ Յաջորդ մոլորակներուն վրայ Փոքրիկ Իշխանը կը հանդիպի հպարտ մարդուն, յարբած մարդուն, գործարարին, փողոցի լամբ վառողին եւ աշխարհագրագէտին։ Իւրաքանչիւր հանդիպումի ան կը համոզուի, որ մեծերը շատ տարօրինակ են։ Վերջին մոլորակը, ուր կ’այցելէ Փոքրիկ Իշխանը Երկիր մոլորակ կ’ըլլայ, հոն ան կը հանդիպի շատերու, գլխաւորաբար՝ աղուէսին, զայն կ’ընտելացնէ եւ կ’ընտելանայ անոր: Աղուէսը Փոքրիկ Իշխանին կը սորվեցնէ կեանքի գաղտնիքներ եւ սկզբունքներ, անոնք լաւ ընկերներ կը դառնան: Այնուհետեւ Փոքրիկ Իշխանը կը հանդիպի օդաչուին, որուն կը պատմէ իր ամբողջ ճամբորդութեան պատմութիւնը։ Օդաչուն նոյնինքն Էկզուպէրին է, որ կը պատմէ Փոքրիկ Իշխանի ճամբորդական արկածները։ «Փոքրիկ Իշխանը» Լեցուն է փոխաբերութիւններով, հետեւաբար իւրաքանչիւր անգամ երբ կարդանք, տարբեր ձեւով կը հասկնանք գրուածը: Օրինակ՝ Փոքրիկ Իշխանի մոլորակը կը ներկայացնէ մարդու հոգին, իսկ մէջը աճող մոլախոտերը՝ չար միտքերը, որոնք պէտք է արմատախիլ ընել։
Գիրքին մէջ կան դաստիարակչական գաղափարներ, որոնց պիտի անդրադառնամ յաջորդ յօդուածով եւ իմ դիտանկիւնէս վերլուծեմ զանոնք:
Վեհան Պարսումեան