«Հայրենիքի Փրկութէան շարժում»ը այս օրերուն կը շարունակէ անդադրում իր պայքարը` պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Շարժումին մասնակիցները կը շարունակեն ամէն օր գիշերել հանրապետութէան հրապարակին մէջ` վրաններու տակ` յայտնելով, որ իրենց պայքարը կանգ պիտի չառնէ, այնքան ատեն որ մեր հայրենիքը դէպի կործանում տանող իշխանութիւնը չէ հեռացած:
ՀՅԴ անդամները այս պայքարի բովին մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունին. անոնք կը հաստատեն, որ լիայոյս են, որ այս անգամ եւս իրենց պայքարը յաջողութեամբ կը պսակուի, այս իշխանութիւնը կը հեռանայ, եւ վերջապէս կարելիութիւն կը ստեղծուի ձեւաւորելու նոր իշխանութիւն, որ կը յաջողի մեր հայրենիքը դուրս բերել ստեղծուած ծանր ու դժուար վիճակէն, լուծել այն ցաւոտ հարցերը, որոնք ծառացած են մեր երկրին առջեւ: