«Երկիր».-Ատրպէյճան Արցախէն գրաւած տարածքներուն մէջ անտառային եւ ջրային աղբիւրներուն, բուսական եւ կենդանական աշխարհի հետազօտութիւններ կ’իրականացնէ:
Trend-ը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի Բարձր արհեստագիտական ազգային ակադեմիայի պարկով, որ AZELTECH կազմակերպութեան կից է, նոր ԱԹՍ-ներ (ոչ ռազմական) ստեղծելու ծրագիրներ կը մշակուին:
«Անոնք կը կիրառուին «ազատագրուած» տարածքներուն մէջ անտառային եւ ջրային աղբիւրներու, բուսական եւ կենդանական աշխարհներու ուսումնասիրութեան համար: Այս տարածքներուն մէջ հայկական Մեծամօրի հիւլէական կայանին միջուկային թափօնները թաղելու մեծ հաւանականութեան հետ առնչուած` ռատիօէքոլոկիական դիտարկում radioecological monitoring
կ’իրականացուի նաեւ անօդաչու թռչող սարքերուն միջոցով», յայտնած է կազմակերպութիւնը: