Ուրբաթ, 22 Յունուար 2020-ին, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, գումարուեցաւ Կրօնական Ժողովի հերթական նիստ, մասնակցութեամբ՝ Քեսապահայութեան նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Կրօնական Ժողովի անդամներուն, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Քեսապահայութեան նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին եւ այս առիթով երախտագիտական զգացումներով եւ որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը քեսապահայութեան եւ շրջակայքի հոգեւոր տեսուչ նշանակելուն առիթով: Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային Իշխանութեան եւ Կրօնական Ժողովին բարի ծառայութիւն մաղթեց Հայր Սուրբին:
Անցնելով ժողովի օրակարգի կէտերուն, ժողովականները առաջին հերթին անդրադարձան Կրօնական Ժողովի նիստերուն մնայուն օրակարգ կազմող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Սրբազան Հայրը շեշտեց Թեմի հոգեւոր կեանքէն ներս Դպրեվանքին առանցքային դերակատարութիւնը եւ հոգեւորականներուն թելադրեց, որ քաջալերեն նոր սերունդի զաւակները, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն Դպրեվանքէն ներս:
Ապա ժողովականները քննարկեցին պսակաձեւ ժահրի համավարակին ներկայ իրավիճակը եւ նախազգուշական պայմանները յարգելու կարեւորութիւնը, ծիսակատարութիւնները կարգապահութեամբ կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային-եկեղեցական յառաջիկայ տօները լաւագոյնս կազմակերպելու հրամայականը:
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ անցնող օրերուն Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի մատուցած Սուրբ եւ Անմահ հանդիսաւոր պատարագին եւ այս առիթով գնահատեց Ճեզիրէ շրջանէն ներս Հայր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին եւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանին հոգեւոր ծառայութիւնը: Ապա գնահատանքով անդրադարձաւ քահանայ հայերուն Թեմի շրջաններ այցելութեան եւ անոնց մատուցած ծառայութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Քեսապ: Սրբազան Հօր պիտի ընկերակցի քեսապահութեան եւ շրջակայքի նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, որ Քեսապ ժամանելով պիտի սկսի իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցել: Նոյն օրերուն Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ նաեւ Լաթաքիա եւ հանդիպում պիտի ունենայ Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանին եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին հետ:
Հայր Անդրանիկ խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմին ծառայելու պատիւին արժանացած ըլլալու համար։
Ժողովի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց հոգեւորականաց դասուն ծառայութիւնը, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն մէջ եւ մաղթեց, որ յոյսով, հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը: