Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2021-ին Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը պարգեւատրած է 2015-2020 թուականներուն` 9-րդ շրջանին հրատարակուած պարբերականներու խմբագրական կազմերու անդամները:

Այս առիթով, Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութեան նախագահ Մալեք Սաքքուր պարգեւատրած է համաշխարհային գրականութեան պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ, սուրիահայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը` անոր ունեցած գրական վաստակին համար: