Համացանցի վրայ այսօրուընէ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ»ի 2021 թուականի առաջին թիւը: «Դրօշակ»ի Առաջնորդողը կ’անդրադառնայ Հայաստանի, Արցախի եւ անոնց շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Եզրակացութիւն կատարուած է, թէ ինչ փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են, որոնք կը նպաստեն ազգի ու պետականութեան առջեւ ծառացած խիստ մտահոգիչ գործընթացներու կանխումին եւ կարելիութիւններու դուռ բանալով առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու համար: Պաշտօնաթերթը հարցազրոյց ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանին հետ: Բիւրոյի ներկայացուցիչը հարցազրոյցին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձած է յագեցած եւ տրամաթիկ 2020 թուականին հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, ինչպէս եւ այս իրադարձութիւններուն արձագանգելով ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ողջ կուսակցութեան ծաւալած գործունէութեան: Հարցազրոյցը կը պարունակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ շարք մը կարեւոր հիմնահարցերու մասին, կը լուսաբանէ կատարուածը եւ կ’անդրադառնայ յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրներուն: Շարունակելով առանցքային իրադարձութիւններու քննարկումի շարքը «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ Վարդան Յակոբեան կ’անդրադառնայ Արցախի վերջին պատերազմէն վերջ ի յայտ եկած տարածաշրջանային նոր իրողութիւններուն եւ անոնց հեռանկարին: Իր կարգին արեւելագէտ, տարածաշրջանային հարցերու փորձագէտ Արմէն Պետրոսեան կը գրէ , ի դէմս Էրտողանի, այսօրուան Թուրքիոյ որդեգրած յարձակողական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մասին` հարեւան երկիրներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Արցախեան պատերազմին ունեցած դերակատարութեան մասին: Հայաստանի հասարակական երկփեղկուածութեան մասին իր մտահոգութիւնները շարադրած է Արա Նռանեան, տագնապ յայտնելով երկրի մէջ իշխող ուժերու ապազգային քարոզչութան ձեւաւորած անպատասխանատուութեան կրաւորական մթնոլորտին, որ այս ճակատագրական ժամանակներուն մէջ լրջօրէն կը վտանգէ ազգի ու պետութեան ապագան: Պատմաբաններ Արմէն Ասրեան եւ Անի Մելքոնեան անդրադարձած են 102 տարի առաջ Յունուար ամսուն կեանքէն հեռացած Հայաստանի հիմնադիր Արամ Մանուկեան մարդուն, քաղաքացիին եւ պետական գործիչի կերպարին զուգահեռներ գծելով մեր օրերուն հետ եւ ընդգծելով առաջնորդի բարոյական, քաղաքական կերպարն ու պատասխանատուութեան զգացումը: Անի Մելքոնեան անդրադարձած է նաեւ ճիշդ նոյն օրերուն կեանքէն հեռացած հայութեան մէկ այլ մեծագոյն գործիչին, Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Ռոստոմի կերպարին, որ թէ՛ կեանքը եւ թէ մահը պատմական նշանակութիւն ունեցան հայութեան ճակատագիրին համար: «Դրօշակ»ի ներկայ համարով տեղ գտած է նաեւ «Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի ,ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Պարսկաստանի Սահմանադրական Շարժումը» ուշագրաւ յօդուածի 2-րդ եւ վերջին մասը: Հիմնուելով տարբեր աղբիւրներու վրայ Դ. Մելիքեան բազմակողմանիօրէն քննութեան ենթարկած է անցած դարասկզբին Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած Սահմանադրական յեղափոխութեան եւ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան հարցը: Արծարծուած են այն պատճառները, որոնք թելադրեցին հայ ազգային-քաղաքական առաջնորդող ուժին գործակցելու եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ստանձնելու հարեւան երկրի մէջ ծաւալուած ժողովրդավարական յեղափոխութեան մէջ եւ ի յայտ եկած այն առարկայական պատճառներուն, որոնք ստիպեցին հայկական կողմէն զատուելով հեռանալու այս դատապարտուած շարժումէն: ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթի նոր Տարուան մեկնարկային համարը ընթերցողին կ’առաջարկէ այլ հետաքրքրական նիւթեր եւս: Ներբեռնել համարը Դրօշակ թիւ 1, Յունուար 2021