ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Հալէպի ճատրակի տղոց ախոյեանական մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Հալէպի մակարդակով  (14 եւ 10) տարեկան խմբաւորումներուն մէջ ՀՄԸՄ գրաւեց  առաջին դիրքը, իսկ (12) տարեկանի խմբաւորման՝ երկրորդը։
Յաղթանակ արձանագրողներն են՝
Յակոբ Խաչատուրեան- Առաջին դիրք (14 տարեկան)
Արսէն Գինեան- Առաջին Դիրք (10 տարեկան)
Անդրանիկ Գույումճեան- Երկրորդ դիրք (12 տարեկան)
Ճատրակի աղջկանց ախոյեանական մրցաշարքին, ՀՄԸՄ-ական քոյրերը դարձեալ արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ:
Սինթիա Մախուլ- Առաջին դիրք (14 տարեկան)
Բարտի Գինեան- Երկրորդ դիրք (14 տարեկան)
Նարօտ Սաղպազարեան- Առաջին դիրք (12 տարեկան)
Ալիսիա Գասապեան- Երկրորդ դիրք (12 տարեկան)
Նանար Գասապեան- Երրորդ դիրք (10 տարեկան)
Գոհարիկ Կեւրէկեան- Երկրորդ դիրք (20 տարեկան)
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երթի փուլի աւարտին, Լաթաքիոյ Թըշրին խումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել աղիւսակին առաջնութիւնը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք վերջին շաբաթներու ախոյեան Քարամէն: Հալէպի Իթթիհատը բարձրացաւ երկու աստիճան եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հուրճուլան:
– Դամասկոսի Ուահտէի աղջկանց պատանեկան խումբը տիրացաւ Սուրիոյ հանրապետական բաժակին՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Հուրիէն 81-71 արդիւնքով: Հալէպի Ճալաա խումբը գրաւեց երրորդ դիրքը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը յայտարարեց, որ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներու արտասփռումի եւ ծանուցման արտադրումի իրաւունքը ստացած է ՍԱՐԱՅ հաստատութիւնը փոխան 595 միլիոն ս.ո.-ի: Պայմանագրութեան տեւողութիւնն է երեք տարի:
– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան կարգապահական յանձնախումբը մինչեւ տարեշրջանի աւարտը պատժեց Լաթաքիոյ Հըթթին խումբի մարզիչ Հուսէյն Աֆաշը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
-ԶԻՏԱՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի ակումբը իր պաշտօնական էջին մէջ յիշեց, որ խումբի գլխաւոր մարզիչ Զէնէտտին Զիտան վարակուած է պսա­կա­ձեւ ժահ­րով: Ըստ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, ֆրան­սա­ցի մաս­նա­գէ­տը բժշ­կա­կան քն­նու­թիւն­նե­րու են­թար- կ­ուած է եւ պարզ­ուած որ ար­դիւն­քը դրա­կան է, որուն հե­տե­ւան­քով ան պի­տի բա­ցա­կա­յի խում­բի փոր­ձե­րէն եւ մր­ցում­նե­րէն:
 Զի­տա­նի բա­ցա­կա­յու­թեան շըր­ջա­նին, խում­բի մար­զի­չու­թեան պաշ­տօ­նը պի­տի ստանձ­նէ իր օգ­նա­կա­նը՝ Տէ­յվիտ Պի­թո­նին: Աւելց­նենք, որ խում­բը 40 կէ­տով կը գրա­ւէ աղիւ­սա­կին երկ­րորդ դիր­քը:
-ՌԱՅԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱՐՍԵՆԱԼԻՆ
Անգլ­իոյ Ար­սե­նալ ակում­բը պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ մէկ տար­ուան վարձ­քով խում­բին մի­ա­ցած է Պրայ­թըն խում­բի բեր­դա­պահ Մաթ Ռա­յա­նը: Ըստ ակում­բին ար­ձա­նագ­րած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, 28 տա­րե­կան բեր­դա­պա­հը Պրայ­թըն խում­բին մի­ա­ցած է 2017-ին, եւ անոր հետ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է 124 մր­ցում­նե­րու: Ար­սե­նա­լի մար­զիչ Մի­քէլ Ար­թի­թան ըսաւ, որ Ռա­յան մեծ դեր պի­տի ու­նե­նայ խում­բի յա­ռա­ջըն­թա­ցին մէջ, որով­հե­տեւ ներ­կա­յիս ան Անգլ­իոյ լա­ւա­գոյն դար­պա­սա­պահ­նե­րէն մէկն է:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ
ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ