Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2021-ին, «Մայատին» պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ իրանեան ծովային փոխադրամիջոցներու կազմակերպութեան ապրանքներու փոխադրութեան ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ապտալլա Հասումի յայտնեց, որ Իրանի Հրմօզքան նահանգի «Պանտար Ապպաս» նաւահանգիստին եւ Սուրիոյ Լաթաքիա նահանգի նաւահանգիստին միջեւ ծովային գիծ պիտի բացուի յառաջիկայ 10 Մարտ 2021-ին, եւ ըստ ծրագիրին ծովային գիծը տեղւոյն վրայ ի գործ պիտի դրուի։