ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ գործող ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները սուրիական Ճեզիրէի իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց ահաբեկչական գործողութիւնները բնակիչներուն դէմ։ Ամերիկեան ինքնաթիռներու աջակցութեամբ, ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները խուժած են Հասիչէի հարաւային Շատտատի քաղաք, 3 քաղաքացիներ առեւանգած եւ զանոնք ԱՄՆ-ի ուժերուն ենթակայ զօրանոցներ փոխադրած են։