Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտատարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 52 պարագաներ եւս արձանագրուեցան, 82 վարակակիրներ բուժուեցան, իսկ 3 ուրիշներ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 15. 282-ի, բուժուածներունը՝ 9. 389-ի, իսկ մահացածներունը՝ 1. 004-ի։