Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով առցանց կազմակերպուած HAYTADOLOGY II Հայկական Ժամանակակից Հարցերու Խտացեալ Դասընթացքի չորրորդ եւ վերջին օրը, որ տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2021-ին բաւական  գործնական (practical) ու փոխգործակցական (interactive) էր: Դասընթացքին վերջին օրը յատկանշուեցաւ Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչուած առկայ ու ապագայ ծրագիրներու քննական վերլուծում-արժեւորումով ու ապագայի ծրագիրներու մշակումով: Դասընթացքի այս օրը հիմնականօրէն բաժնուած էր երկու մասի։ Առաջին փուլին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տ. Գէորգեան, որ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակի հայեցակարգն ու Արցախի մէջ կեանքի կոչած ուսուցողական, վարժողական եւ վերականգնողական ծրագիրներն ու ընթացող աշխատանքները: Ան յորդորեց երիտասարդները նախաձեռնող ըլլալ, դասընթացքի միջոցին իրենց սորվածը շրջապատին հետ բաժնեկցելու եւ ի նպաստ հայութեան եւ Հայաստանի հետեւողական աշխատանքին լծուելու: Առցանց կլոր սեղանի մը շուրջ Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Քանատայի եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակներու (Հայաստան) նախագահները ելոյթներ ունեցան՝ դասընթացքի մասնակիցները իրազեկելու  իրենց գրասենեակներուն տարած աշխատանքներուն մասին: Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Անահիտ Յակոբեան: Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահ Գասպար Կարապետեան նախ ներկայացուց գրասենեակին կեանքի կոչած քարոզչական, քաղաքական եւ երիտասարդութիւնը թիրախ դարձնող վարժողական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմի օրերուն Եւրոխոհրդարանի եւ Եւրոմիութեան շրջանակներուն մօտ գրասենեակին տարած ու մինչեւ օրս շարունակուող աշխատանքները՝ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու, ռազմագերիներու հարցը բարձրաձայնելու, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը շարունակելու եւրոպական զանազան պատուիրակութիւններու (քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական) Արցախ այցելութեան ծրագիրները, որոնք հայանպաստ որոշումներ որդեգրելու կը նպաստեն: Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Արամ Համբարեան իր խօսքը սկսաւ հաստատելով, որ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը Հայ Դատի աշխարհատարած յանձնախումբերուն առաքելութիւնն է: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայ աշխատանքները, որոնք կը կեդրոնանան Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման եւ մարդասիրական օժանդակութեան վրայ, ինչպէս նաեւՀայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման վրայ: Ան բացատրեց, թէ ինչպէս ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը աշխատանք կը տանի, որ ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը զարգանայ մեր տարածաշրջանին մէջ ու ան Արցախի միջազգային ճանաչման ու անվտանգութեան նպաստէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դերկատարութիւնը հակակշռի տակ առնէ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւնները բաւական խրթին փուլ մը կ՛ապրին՝ նկատի առած վերջին տարածաշրջանային զարգացումերը եւ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ դերակատարութիւնը: Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրաենեակի տնօրէն Վերա Եագուպեան իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական ու կրօնական նրբութիւններն ու վերջին տարիներու դէպքերը եւ անոնց որպէս հետեւանք շրջանի փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան յայտնեց, որ երբ արաբ-թրքական յարաբերութիւնները ջերմ են, Հայ Դատի աշխատանքները բաւական կը դժուարանան ու խոչընդոտները կը շատնան, իսկ երբ յարաբերութիւնները վատանան՝ այդ աշխատանքները աւելի դիւրին կը դառնան: Արցախի հիմանհարցի գծով, Եագուպեան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէս գրասենեակը աշխատանք կը տանի արաբ հասարակութիւններուն բացատրելու, որ արցախեան հիմնահարցը կրօնական հակամարտութիւն չէ, այլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կը վերաբերի: Գալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, նկատի առած որ Ցեղասպանութեան մէկ փուլը արաբական աշխարհին մէջ գործադրուած է, արաբական պետութիւնները ընդհանրապէս չեն դրժեր կամ ուրանար անոր իրողութիւնը, սակայն մինչեւ օրս, քաղաքական շահերու բերումով բացի Սուրիայէն ու Լիբանանէն արաբական այլ երկիր մը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց գրասենեակին քարոզչական աշխատանքները, որոնք արաբ զանգուածները հայկական հարցերուն իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել կը նպատակադրեն եւ հաստատեց, որ գրասենեակը շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի արաբական կարեւոր զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ ու անոնց ճամբով մեր ձայնը լսելի կը դարձնէ հասարակական լայն զանգուածներու: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ պատերազմի օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով գրասենեակը շրջանին մէջ գործող քրտական լրատուական միջոցներու հետ գործած ու համապատասխան լուսաբանութիւններ ներկայացուցած է: Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակէն (Հայաստան) Գէորգ Ղեկուսեան համապարփակօրէն ներկայացուց Հայ Դատի Կեդրոանկան Գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներն ու աշխարհատարած Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը համակարգելու եղանակը: Ղուկասեան իրազեկեց մասնակիցները, որ գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներուն մէջ կը մտնեն աշխարհատարած Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան հայերէնի թարգմանութիւնը, զայն աւելի քան 120 զանգուածային լրատումիջոցներու հետ բաժնեկցիլը եւ ամփոփագիրներու հրապարակումը: Կեդրոնական գրասենեակը նաեւ ունի նոր ել. կայք որ հանրութեան կը ներկայանայ նոր կարելիութեամբ: Բովանդակային իմաստով շուտով կը հրապարակուի Արցախի շահերու պաշտպանութեան ուղեցոյցը, որ պիտի ընդգրկէ շահերու պաշտպանութեան տեսական ուղղութիւններ եւ քաղաքական առաջադրանքներ: Ան ընդգծեց նաեւ կարեւորութիւնը աշխուժացնելու Pro-Artsakh Forum-ն ու Pro-Artsakh Network-ը, որ կեանքի կոչուեցաւ Հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ, իր մէջ ներառելով ի նպաստ Արցախի աշխատանք տանող միջազգային քաղաքագէտներ, գիտնականներ, խորհրդարանականներ, տեղական ինքնակառավարման մարմնի ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ եւ լրագրողներ: Սեւակ Պելեան, որպէս Քանատաի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն, իր զեկոյցին սկիզբը բացատրեց, որ Քանատան միջազգային ասպարէզի վրայ որպէս միջին ուժ կը ներկայանայ եւ հայկական հարցերու գծով իր ազդեցութեան մակարդակը սկսած է բարձրանալ շնորհիւ Քանատայի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքներուն: Ան հաստատեց, որ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ Քանատան պատերազմի օրերուն անմիջակապէս ըսելիք ունեցաւ: Պայրաքտար անօդաչու սարքերու ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն Քանատայէն Թուրքիոյ տրամադրումը կասեցնելը կարեւոր ձեռքբերում նկատեց, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քանատական արտադրութեան զէնք ու զինամթերք մատակարարումը կասեցնելը հիմնական աշխատանք նկատեց: Պելեան յայտնեց, որ պատերազմի օրերուն ազերիները աշխոյժ չէին, սակայն պատերազմէն ետք կազմակերպութիւն մը հիմնեցին եւ սկսան մօտէն հետեւիլ հայութեան գործունէութեան: Ապա դիտել տուաւ, որ Հայ Դատի գրասենեակը Քանատայի ԱԳՆ-ի հետ գրասենեակը ջերմ յարաբերութիւններ մշակած է եւ բաղդատաբար անցեալի հետ, Քանատան աւելի հայանպաստ կեցուածքներ սկսած է որդեգրել: Ան դիտել տուաւ, որ գրասենեակը խորհրդարանական մակարդակի վրայ դարձեալ բաւականին լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ պատերազմի օրերուն յաջողած է խորհրդարանին մէջ գործող հինգ կուսակցութիւններէն հայանպաստ կեցուածք ստանալ, ներառեալ Քանատա-Ատրպէյճան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահին Արցախի Ինքորոշման իրաւունքը հաստատող յայտարարութիւնը: Քարոզչական հսկայական աշխատանք կը տարուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու դէպի Արցախ: Գրասենեակը նաեւ մնայուն կապի մէջ է ՄԱԿ-ի ու ԵԱՀԿ-ի մօտ Քանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ: Զեկոյցներու աւարտին մասնակիցները կարեւոր հարցադրումներով շահեկան զրոյց ունեցան գրասենեակներուն տնօրէններուն հետ: Յատկանշական էր քննարկել պատերազմի օրերուն յաճախ կեանքի կոչուած առցանց խնդրագիրներու (Online Pettition) երեւոյթը, ուր հաստատուեցաւ, թէ այդ խնդրագիրները եթէ յստակ թիրախաւորում չունենան եւ կազմակերպուած չըլլան, ո՛չ միայն ապարդիւն են, այլ նաեւ կրնան վնասակար ըլլալ: Առ այդ շատ կարեւոր է այս մարզին մէջ մասնագիտական եւ համակարգուած մօտեցում ցուցաբերել ու ճիշդ ձեւով օգտագործել առցանց այս միջոցները: Օրուան երկրորդ կիսուն դասընթացքի մասնակիցները նախորդ օրը իրենց կատարած աշխատանոցներու արդիւնքները ներկայացուցին եւ քննարկեցին: Եօթը աշխատանոցներու ճամբով տղաքը կրցած էին քննական մօտեցումով արժեւորել վերջին պատերազմի օրերուն Եւրոպայի հայութեան տարած աշխատանքները, ձեռքբերումները, ձախողումները, դժուարութիւներն ու քաղուած դասերը: Անոնք ցաւալի բայց իրապաշտ հաստատումներ ըրած էին պատերազմի օրերուն առկայ կազմակերպական, ներհամայնքային, զօրաշարժի ենթարկուելու, համաճարակի սահմանափակումներու, քարոզչական-ցուցական աշխատանք տանելու, ազերիական ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու, դրամահաւաքի ու մարդասիրական օժանակութիւններ ապահովելու եւ այլ հարցերու մասին: Այս քննարկումներուն հիման վրայ խումբերը  առաջարկներ ներկայացուցին, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին տեղեկութիւններու միասնական շտեմարան ստեղծելու (database), Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ հորիզոնական կապ եւ տեղեկութիւններու արագ փոխանակման առցանց հարթակ ստեղծելու, յառաջիկայի քարոզարշաւները համակարգելու, տեղւոյն քաղաքական կեանքին առաւել մասնակից դառնալու, Եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող այլ փոքրամասնութիւններու հետ համագործակցելու, թուրքերուն եւ ազերիներուն գործունէութիւնը լրջօրէն հետապնդելու եւ անոնց ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու, եւրոպական հասարակութեան մօտ հայկական հարցերու գծով մայուն քարոզչական աշխատանք տանելու, տեղական կառավարական ու ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ճամբով հայանպաստ որոշումներու հասնելու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքի անսակարկելիութիւնը հանրայնացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչման նպաստելու, ինչպէս նաեւ Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու: Դասընթացքի պաշտօնական փակումը կատարելու համար ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տ. Խաչատուրեան, որ շնորհաւորեց ներկաները իրենց մասնակցութեան համար, անդրադարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն հիմնական չորս ուղղութիւններուն (Հայաստանի հզօրացում, Արցախեան հիմնադրամի կարգաւորում եւ անկախութեան ճանաչում – Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում եւ Հետեւանքներու Վերացում – Սփիւռքի կազմակերպում եւ Սփիւռք-Հայաստան կապերու ամրագրում): Ան մաղթեց, որ դասընթացքի մասնակից երիտասարդները աներեր ու վճռականօրէն շարունակեն իրենց աշխատանքը Եւրոպայի մէջ, նորարար ըլլան, չյուսահատին եւ հաւատան, որ միասնական ջանքերով հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ այս օրերու ծանր ճգնաժամէն դուրս գալ ու վերականգնիլ: Եւրոպայի 13 Երկիրներէ հաւաքուած աւելի քան 80 երիտասարդներ չորս օրերու վրայ առիթը ունեցան գիտական մօտեցումով 18 մասնագէտ դասախօս-զեկուցաբերներէ մեր օրերու հիմնական գերխնդիրներուն տեղեակ ըլլալու, համապատասխան գիտելիքներ, տեղեկութիւններ եւ վերլուծութիւներ ձեռք ձգելու, անոնց հետ քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակումներ ընելու: Դասախօս-զեկուցաբերներուն կողքին, մասնակիցները 10 փորձառու զրուցավարներու հետ արժեւորեցին մինչեւ օրս տարուող աշխատանքները եւ այդ արժեւորման հիման վրայ նոր ծրագիրներ առաջարկեցին, որոնք համադրաբար Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին ու մնացեալ յանձնախումբերուն հետ, շուտով կարելի է կեանքի կոչել: HAYTADOLOGY II խտացեալ առցանց դասընթացքը աւարտեցաւ դրական մթնոլորտի մէջ: