Պատերազմի տարիներու ընդհատումէն ետք, այս տարի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը կազմակերպեց գիրքերու աւանդական ցուցահանդէս վաճառքը։ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Ճեմարանի Տնօրէնութեան և Շրջ. Միութեան վարչութեան անդամներուն ներկայութեան, Երեքշաբթի, 2 Մարտ 2021-ի միջօրէին բացումը կատարուեցաւ գիրքերու ցուցահանդէսին, Ճեմարանի ՛՛Զարեհեան՝՝ սրահէն ներս։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան կազմակերպած սոյն նախաձեռնութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք ոգևորութեամբ կը թերթատէին ցուցադրուած գիրքերը՝ ծանօթանալու իւրաքանչիւրին։ Մամուլի ճոխ հաւաքածոներու, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ Շրջանաւարտից Միութեան հրատարակութիւններու եւ արխիւներու, բազմալեզու հատորներու հոյլին մէջ, յատուկ ցուցափեղկի մէջ զետեղուած էր Սիմոն Վրացեանի մակագրութեամբ 1954-ին Ճեմարանին նուիրուած ՛՛ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝՝ հատորը, որ ինքնին մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ Ճեմարանի արխիւներուն մէջ։ Աւարտին սրբազան հայրը իր գնահատական խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն։

Ժիրայր Կարապետեան