Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 3 Մարտին ՀՀ Քննչական կոմիտէի կողմէն ստացած է ծանուցագիր, որուն մէջ յայտնած են, որ իշխանութիւնը զաւթելու ուղղուած հրապարակային կոչեր կատարելու փաստով 20 Փետրուարի 2021_ին յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին համաձայն, եւ որոշում առնուած է Վազգէն Մանուկեանը այս գործին մէջ ներգրաւել իբրեւ մեղադրեալ։ Այդ նպատակով Վազգէն Մանուկեան 4 Մարտին, ժամը 11։00-ին, ՀՀ Քննչական կոմիտէ հարցաքննութեան կանչուած է՝ մեղադրանք առաջադրելու եւ իբրեւ մեղադրեալ հարցաքննելու նպատակով։