«Արմէնփրէս».- Ուքրանիայէն հայուհի ջութակահար Գարօլինա Վանոյեան դափնեկիր դարձած է «Golden Talents of Madrid 2021» միջազգային երաժշտական մրցոյթին, որ Սպանիոյ մէջ ամէն տարի տեղի կ’ունենայ: Մրցոյթին 11 երկիրներէ 1200 մասնակից դատակազմին ներկայացուցած է իր երաժշտական ծրագիրը: Համավարակի լոյսին տակ մրցոյթը առցանց տեղի ունեցած է: Մասնակիցներուն աշխատանքները դատակազմի անդամները դիտարկած են 10 օր շարունակ: Վերջնական արդիւնքով Գարօլինա Վանոյեան դարձած է երկրորդ աստիճանի դափնեկիր: