Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքին ջանքերուն շնորհիւ, Լոնտոնի մէջ Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը որպէս ատրպէյճանական ներկայացնող պաստառները հեռացուած են: Պաստառները Լոնտոնի մեթրոպոլիթէն կայարաններէն հանուած են Transport for London (TfL) ցանցին կողմէն: «Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէն ներկայացուած պաշտօնական բողոքներէն վերջ Լոնտոնի մեթրոյի վիրաւորական պաստառները, որոնք հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը կը ներկայացնէին որպէս ատրպէյճանական, այժմ հանուած են Լոնտոնի երթեւեկութեան կեդրոնէն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: