Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին կոչը Սուրիան արաբական լիկա վերադարձնելու գծով անկիւնադարձային նշանակութիւն ունէր արաբական աշխարհին վերջին զարգացումներուն, յատկապէս Թուրքիոյ արաբական երկիրներ թափանցումին լոյսին տակ։
Այս ժամկէտը պատահականօրէն չէր ընտրուած, որովհետեւ կը միտէր զարգացնել արաբական երկիրներու կապը եւ դէմ դնել օտար թափանցումներուն, որոնց հետեւանքով ոչ միայն արաբական աշխարհի հարստութիւնները կը կողոպտուին օտար երկիրներու կողմէ, այլեւ աստիճանաբար կը կորսուին տուեալ երկիրներու ինքնիշխանութեան հիմքերը՝ պետական ամուր կառոյց, ինքնաբաւ տնտեսութիւն, ազգային հարստութեանց պաշարներու օգտագործումով տուեալ երկիրներու ժողովուրդներու կենսամակարդակի բարելաւում եւ այլն։
Նախորդ Երեքշաբթի, մայրաքաղաք Տուպայի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ կարեւոր դերին, որուն վերականգնումը կը պահանջէ արաբական երկիրներու ճիգերու խտացումն ու սուրիական կողմէն յաւելեալ ջանքերու ներդրումը, վերջ տալու սուրիական պատերազմի տարիներուն ընդհատուած յարաբերութիւններուն, եւ յանուն արաբական երկիրներու ինքիշխան գոյութեան, գործակցութեան անկաշկանդ յարաբերութիւններ մշակելու Սուրիոյ եւ արաբական երկիրներու միջեւ։ Այս յարաբերութիւնները պիտի բարելաւեն տարածաշրջանի ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը, դէմ դնելով արաբական երկիրներու ազգային անվտանգութեան սպառնացող բազում վտանգներուն՝ արաբ-արաբ բազմաբնոյթ գործակցութեան ենթահողէն մեկնելով։
Իրականութեան մէջ այս գործակցութեան կարեւորութեան մատնանշումը ուշացած ալ կարելի է համարել, որուն հետեւանքով ալ օտար ուժեր օգտուեցան ու կը շարունակեն օգտուիլ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ ողջ արաբական աշխարհի հարստութիւններէն։
Քաղաքական պայմանները փոխուած են, իսկ արաբական երկիրները համոզուած, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իրականութեան մէջ արաբական աշխարհին կարեւոր մէկ մասնիկն է, իսկ Սուրիան իր աշխարհաքաղաքական դիրքով ու հարստութիւններով կրնայ մեծ ներդրում ունենալ արաբական աշխարհի զարգացման ու ինքնիշխան գոյութեան մէջ, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ Սուրիոյ տագնապի սուրիական ջանքերով լուծման։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին Օման այցելութիւնը եւս լոյսին կը բերէր այս տեսակէտը, երկու երկիրներու գործակցութեան ոլորտներու զարգացման փուլէն սկսելով։
Արաբական երկիրները, վերջապէս, պիտի համաձայնին կարեւոր մէկ նպատակի համար՝ օտար ուժերու դուրս բերման, որովհետեւ անոնք տարուէ տարի աւելի կը տկարացնեն արաբական երկիրները եւ կը տիրանան անոնց ոչ միայն տնտեսական այլեւ քաղաքական լծակներուն։