Այսօր, 29 Մարտին Անվտանգութեան Խորհուրդի շէնքին մօտ ՀՅԴ-ականները բողոքի ցոյց կազմակերպած են: Անոնց վրդովեցուցած էր այն հանգամանքը, որ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային պատկեռասփիւռի եթերին 3 անգամ չպատասխանեց հարցումին` Թուրքիան Հայաստանի թշնամին է, թէ ոչ, եւ յայտնեց յարաբերութիւնները շտկելու անհրաժեշտութիւնը: ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Անվտանգութեան Խորհդուրդը իր քարտուղարով դարձած է Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն. «Իսկ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այլեւս հանգիստ կրնայ ըսել, որ ՀՀ-ի Թուրքիոյ դեսպանն է»: «Արմէն Գրիգորեան եւ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ-ի մէջ կը սպասարկեն Թուրքիոյ շահերը»․ ըսին ներկաները: ՀՅԴ անդամները Անվտանգութեան Խորհուրդի շէնքին դիմաց այրեցին Թուրքիոյ դրօշը: