Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Պրուքսէլի մէջ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ առցանց խորհրդաժողով տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագան» վերնագիրով։
Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչ՝ պետական նախարար Խալիֆա Շահին ալ Մարար, որ իր կարգին յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնէ 30 միլիոն ԱՄՆ տոլար նուիրելու Սուրիոյ ժողովուրդին, որպէսզի անոր մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրուին երկրին մէջ տիրող դժուար պայմաններուն լոյսին տակ։
Մարար աւելցուց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վստահ է, որ քաղաքական լուծումը Սուրիոյ տագնապին միակ ելքն է», յայտնելով, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետըրսընի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ միջազգային ջանքերը, որոնք կը նպատակադրեն Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ խաղաղութեան հաստատման։
Մարար եզրափակելով յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները համաձայն չէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւններուն, որոնք կը խոչընդոտեն Սուրիոյ տագնապի լուծման գծով տեղի ունեցած աշխատանքները եւ երկրին գերիշխանութիւնը խախտել կը փորձեն։