«Երկիր».- Իլհամ Ալիեւ դարձեալ խօսած է Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ իր նկրտումներուն մասին:

Թրքալեզու պետութիւններու գործակցութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին Ալիեւ ըսած է, թէ  Զանգեզուրը Ատրպէյճանի հին հողն է, որ թրքական աշխարհը միաւորելու դեր  խաղցած է:

«Զանգեզուրով անցնող երթեւեկութիւնը, կապը, ենթակառուցուածքային նախագիծերը կը միաւորեն թրքական ամբողջ աշխարհը, նաեւ լրացուցիչ կարելիութիւններ կը ստեղծեն այլ երկիրներու մէջ` Հայաստանի համար», ըսած է Ալիեւ:

Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է նաեւ, թէ ներկայիս  աշխատանքներ  կը տարուին, «Զանգեզուրի միջանցքի» ուղղութեամբ: