Ինչ մեծ տա­րա­ծու­թիւն է նեղ կու­սակ­ցա­կա­նու­թե­նէն մին­չեւ ազ­գա­յին լայն բո­վան­դա­կու­թիւնը:
Զար­հու­րե­լի բան է: Բայց պար­տադր­ուած է:
Մենք միշտ գո­յա­տե­ւած ու յա­ռաջ­դի­մած ենք իբ­րեւ աշ­խա­տու­նակ ժո­ղո­վուրդ՝ յա­ճախ աւե­րա­կի վե­րա­ծուող մեր եր­կի­րը ան­դա­դար շէնց­նե­լով ու վե­րա­կա­ռու­ցե­լով: Այ­սօր քանդ­ուա­ծը վա­ղը ո՞վ պի­տի վե­րա­շի­նէ, եթէ խեղ­ուի աշ­խա­տու­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դը:
Աշ­խա­տան­քը բա­ցի ար­ժէք­ներ ստեղ­ծող գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ըլ­լա­լէ, ինք­նին ար­ժէք է, որով­հե­տեւ կ’ոգե­ղի­նաց­նէ նիւ­թը:
Ին­չո՞ւ կա­րե­լի չե­ղաւ «մէկ ազգ, մէկ հայ­րե­նիք» հրա­շա­լի տա­րա­զին իրա­գործ­ման առողջ ու­ղին գտ­նել: Մի­աս­նա­բար ան­կա­րե­լի կամ դժ­ուա՞ր էր արդ­եօք հայ ազ­գա­յին իտ­է­ալ­նե­րուն շուրջ հա­մա­հայ­կա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան յան­գիլ եւ ըստ այնմ գոր­ծել:
Մի­աս­նա­կա­նու­թեան այս մթ­նո­լոր­տը ցարդ կա­րե­լի չե­ղաւ ստեղ­ծել հիմ­նա­կան մէկ պատ­ճա­ռով, որ­մէ կը բխին մնաց­եալ բո­լոր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը:
Հա­յաս­տա­նի նոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը, իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս ետք, սկ­սան զար­գաց­նել այն տրա­մա­բա­նու­թիւնը, որ հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին տնօ­րի­նու­մը, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թեան ճշ­դու­մը եւ տն­տե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին բա­րե­կար­գու­թեանց վճ­ռա­հա­տու­մը մե­նաշ­նորհն են միա՛յն «ազ­գըն­տիր» իշ­խա­նու­թեանց:
Մեր ժո­ղո­վուր­դը պէտք է առա­ւել քան եր­բեք զգօն ըլ­լայ եւ թոյլ չտայ, որ առան­ձին ու­ժե­րու քա­ղա­քա­կան ան­հա­սու­թիւնը կամ սե­փա­կան դիր­քե­րու կո­րուս­տի վա­խը պար­տադ­րէ ինք­նա­ոչն­չաց­ման ճա­նա­պար­հը:
Անց­եա­լի ոգե­կո­չու­մը պէտք է ուղ­ղոր­դէ մեզ ապա­գա­յի կեր­տու­մին, եւ ապա­գա­յի կերտ­ման մեր գըլ­խա­ւոր ելա­կէ­տը պէտք է ըլ­լայ այն հաս­տատ հա­մո­զու­մը, որ թոյլ պի­տի չտանք անց­եա­լի սխալ­նե­րու կրկ­նու­թեան:
Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մար իսկ՝ հա­ցի ու լոյ­սի չափ մենք պէտք ու­նինք ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ար­մա­տա­ւո­րու­մին:
Նոր եւ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անոր ծնուն­դին հա­մար կեն­սա­կան պա­հանջ դար­ձած է նոր ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը՝ իբ­րեւ գոր­ծե­լա­կեր­պի ու­ղե­ցոյց եւ նոր պե­տա­կա­նու­թեան կերտ­ման ու­ղե­նիշ:
Առաջ­նորդուե­լով իշ­խա­նա­տեն­չու­թեամբ եւ նիւ­թա­պաշ­տութ­եամբ, կը շա­հարկ­ուին ազ­գա­յին խն­դիր­նե­րու լուծ­ման եւ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան ար­մա­տա­կան վե­րա­փո­խում­ներ իրա­կա­նաց­նե­լու ժո­ղովր­դա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը:
Իսկ նուա­ճում­ներն ու ձեռք­բե­րում­նե­րը ան­հա­մե­մատ խեղ­ճուկ են ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող եւ ան­վե­րա­կանգ­նե­լի կո­րուստ­նե­րու դուռ բա­ցած սխալ­նե­րու եւ թե­րա­ցում­նե­րու կու­տակ­ման դի­մաց:
Ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման յս­տակ կա­ռոյց­ներ ստեղ­ծե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է մեր կեան­քի զոյգ բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րու՝ «Մի­ջա­վայ­րի» եւ «Մար­դու» մի­ջեւ լի­ա­կա­տար հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւն հաս­տա­տել, այ­սինքն տա­րած­քի վրայ ապ­րող մար­դուն մէջ ստեղ­ծել տան­տէ­րի հո­գե­բա­նու­թիւն, որ ապա­ւի­նած պի­տի ըլ­լայ նա­եւ տա­րած­քա­յին իշ­խա­նու­թեան՝ զինք եւ իր իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու ան­կողմ­նա­կալ իրա­ւա­կան հա­մա­կար­գին:
Ժա­ռան­գենք մեր հա­րուստ ու բազ­մա­փորձ անց­եա­լին լա­ւը, քա­ղա­քա­կիր­թը, խոր­քա­յի­նը եւ յաղ­թա­կա­նը: Մեր­ժենք այն վա­տը, սխա­լը, պատ­րան­քա­յի­նը, պար­տուո­ղա­կա­նը:
Մենք ու­նինք ան­հա­մե­մա­տե­լի առանձ­նա­յատ­կու­թիւնը գո­յա­տե­ւե­լու:
20-րդ դա­րուն մէ­կէ աւե­լի ան­գամ­ներ պե­տա­կան ան­կա­խու­թիւն հռ­չա­կած հա­յու­թիւնը, վկա­յու­թիւնն է մեր ան­կոտ­րե­լի հա­ւա­քա­կան կամ­քին՝ ապ­րե­լու ազատ, սե­փա­կան հո­ղի վրայ:
Այս ճգ­նա­ժա­մի ոլո­րապ­տոյ­տէն դուրս գա­լու հա­մար մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր լու­ման պի­տի ձգէ գոր­ծի, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ գի­տութ­եան գան­ձա­նա­կին մէջ:
Պարգեւ Աւագեան