«Մենք վկայ ենք այն բոլորին, որ անիկա կատարեց Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի մէջ: Զայն խաչափայտէն կախելով սպանեցին, բայց Աստուած երրորդ օրը յարուցանեց զայն եւ ուզեց որ անիկա երեւի» (Գրծ 10.39-40):
Յաղթական ղօղանջներով այսօր քրիստոնէական եկեղեցիները կ’աւետեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը, որ յաղթանակի եւ ցնծութեան տօն է եւ կ’արտացոլացնէ բարիին յաղթանակը ընդդէմ չարին:
Ներկայ մութ եւ անորոշ ժամանակներուն մէջ՝ հաւատքը, յոյսը, ապրելու ու գոյատեւելու փափաքն ու հեռանկարը, մտքի եւ հոգիի լաւագոյն սնունդները կը կազմեն: Մարդ չի կրնար անտեսել զանոնք, չի կրնար փախուստ տալ անոնցնէ, որովհետեւ միայն անոնցմով պիտի կարողանայ կեանքի իր նոր ուղին գծել եւ մութէն դուրս գալով դէպի լոյս առաջնոր-դուիլ:
Ապագային հանդէպ յոռետես հայեացք ունեցող, շարունակ կասկածանքի մէջ եղող, ինքզինք անհանգստացնող եւ ներկայէն դուրս գալու հնարաւորութիւններուն նկատմամբ իր թերահաւատութիւնը արտայայտող մարդը ինքնիրեն կ’ըսէ.- Ինչ ալ ընենք ոչինչ պիտի փոխուի: Յուսահատութեան մէջ ապրող մարդը կ’ըսէ.- մեր յոյսերը ի դերեւ ելան, խորտակուած է ճանապարհորդութեան մեր նաւը եւ բոլոր ճանապարհները՝ փակուած:
Վախը մեզ կը մղէ կեդրոնանալու մեր անձերուն վրայ, մինչդեռ յոյսը մեզի կը շնորհէ մտքի պայծառութիւն, իմաստութիւն եւ քաջութիւն, հիմնուած՝ իսկական, վաւերական եւ ճշմարիտ մեր հաւատքի Առաջնորդին՝ Յարուցեալ Քրիստոսին վրայ (հմմտ. Եբր 12.1):
 Յարութեան առաւօտուն, ո՛չ իւղաբեր կիները, ո՛չ ալ աշակերտները յոյս ունէին, որ Տէրը  գերեզմանէն յարութիւն առած պիտի ըլլար: Այնքան վիշտով լեցուած էր Աստուածամօր սիրտը, որ նոյնիսկ ի վիճակի չէր Յարուցեալ Քրիստոսը ճանչնալու, երբ Ան յաղթական կանգնած էր իր առջեւ: Սակայն շատ ժամանակ չանցած, Մարիամ յայտարարեց, թէ տեսած էր Յարուցեալ Քրիստոսը, իսկ Պետրոս յետագային Կեսարիայի մէջ հռովմէացի հարիւրապետին՝ Կոռնելիոսին հետեւեալը պիտի ըսէր.- «Մենք վկայ ենք այն բոլորին, որ անիկա կատարեց Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի մէջ: Զայն խաչափայտէն կախելով սպանեցին, բայց Աստուած երրորդ օրը յարուցանեց զայն եւ ուզեց որ անիկա երեւի» (Գրծ 10.39-40): Յարութեան դէպքը անկիւնադարձային հանգրուան եղաւ ողջ մարդկութեան համար, երբ Աստուած յարութեան պարտէզին մէջ Իր փառքը յայտնեց եւ կեանքի յաղթանակին ու մարդու անմահութեան հիմքերը հաստատեց:
Պետրոս առաքեալ իր քարոզութեամբ հետեւեալ ճշմարտութիւնները ուսուցանեց հեթանոս ազգերուն.-
Առաջին, թէ Քրիստոսով բոլորս յարութիւն պիտի առնենք: Պետրոս առաքեալ, որ թէեւ բոլորին դիմաց ուրացաւ Քրիստոսը, սակայն դառնագին լացով զղջաց իր ուրացումին համար եւ ճշմարտութեան համարձակ ջատագովն ու Յարութեան դէպքին մեծագոյն վկաներէն մէկը հանդիսացաւ:
Երկրորդ, թէ Աստուած անսահմանօրէն կը սիրէ բոլորը, առանց խտրութեան: Յարութեան աւետիսը որքան հաւատացեալներուն, նոյնքան եւ հակառակորդներուն՝ հեթանոսներուն հասանելի պէտք էր դառնար:
Երրորդ՝ առաքեալը Աստուծոյ հետ միութեան գաղափարը կը շեշտէ: Քրիստոս, Իր յարութենէն ու մանաւանդ համբարձումէն ետք, Իր աշակերտները աշխարհ առաքեց, որպէսզի հեթանոսներն ու նորադարձ քրիստոնեայ համայնքները հաշտեցնեն եւ անխտիր բոլորին միութիւնը ամրագրեն Աստուծոյ հետ։ Հետեւաբար Քրիստոսի յարութեան պատգամը եղբայրութեան, հաշտութեան ու միութեան սքանչելի հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս համար:
Յարութենէն մինչեւ մեր օրերը եւ աշխարհի վախճանը, մեր յոյսի ամուր հիմքը՝ Քրիստոսի Յարութիւնը կը կազմէ (Կղ 1.23): Քրիստոսի յարութեան բարիքները առատապէս եւ համահաւասար կերպով բաժնուեցան հարուստներուն եւ աղքատներուն, տկարներուն եւ իշխանաւորներուն, ապաշխարողներուն եւ մեղաւորներուն: Յարութեան աւետիսը բոլորին ուղղուած հրաւէր մըն է՝ մաս կազմելու Աստուծոյ մեզի շնորհած նոր կեանքին: Քրիստոնէական համայնքներ սքանչելի յաղթանակներ արձանագրեցին, եկեղեցիներ սկսան հաստատուիլ եւ հաւատքը՝ աճիլ: Իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, Եկեղեցին յարութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ հանդիսացաւ, խաղաղութեան թէ պատերազմի, առողջութեան թէ համաճարակներու ժամանակ, աղքատութեան թէ առատութեան օրերուն: Կեանքի նպաստաւոր եւ աննպաստ բոլոր պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ծառայեց Աստուծոյ, Քրիստոսի Յարութեան ու մարդու փրկութեան բարի լուրն ու յոյսը տարածեց եւ կը շարունակէ տարածել մինչեւ այսօր: Յարութիւնը ո՛չ միայն կերպարանափոխեց մարդուն ողջ էութիւնը եւ անոր ընթացքը, այլեւ յոյսով լեցուց զայն, որպէսզի  իր աստուածահաճոյ ծրագիրները, բարիին ու բարութեան ձգտող քայլերը, կեանքի իր երազներն ու ձգտումները, տենչերն ու ակնկալիքները երեւակայութենէն անդին, մարմնացեալ ու յարուցեալ Քրիստոսով իրականութիւն դառնան: Հետեւաբար քրիստոնեային համար գոյատեւելու հիմնական առանձնայատկութիւնը յոյսն է, որ առանցքային դեր եւ նշանակութիւն ունի վաւերական յաղթանակին հասնելու համար:
Անցնող տարի մարդկութիւնը պսակաձեւ ժահրին պատճառով մեծ ցնցում ապրեցաւ: Միլիոնաւոր մարդիկ համաճարակէն վարակուեցան, հազարաւոր մարդիկ անակնկալօրէն բաժնուեցան այս աշխարհէն եւ իրենց հարազատներէն: Ամբողջ մարդկութիւնը մեկուսացաւ եւ որպէս մէկ ընտանիք սուգի մատնուեցաւ: Բոլորս ալ ցնցուեցանք եւ առանց խտրութեան միացանք՝ տառապանքով ու աղօթքով: Տնտեսական տագնապ, սննդեղէնի պակաս, երբեմն ալ պատերազմներ անտանելի դրութեան ու վիճակի, անհանդուրժելի լուծի ու բեռի տակ դրին մարդուն կեանքը: Ամէն տեղ մահ, խաւար, գողգոթայ եւ գերեզման: Երկրագունդի բնակչութիւնը ապրեցաւ անորոշութիւնը, վախը, յուսահատութիւնն ու մեկուսացումը: Սակայն առանձին չէինք: Իւղաբեր կանայք եւս մութին մէջէն քալեցին: Խոր էր վիշտը անոնց սրտին մէջ: Սրտաշարժ եւ յուզիչ էր մութ գերեզմանին տեսարանը: Անոնք սակայն անմիջապէս գտան Քրիստոսի Լոյսը, Ան, որ յարութիւն առած էր գերեզմանէն: Քրիստոսի աշակերտները յաջորդող օրերուն ու ամիսներուն իրենց տեսածները կիսեցին խաւարին մէջ ապրող հեթանոսներուն հետ: Այնքան զօրացած էին Յարուցեալ Փրկիչով, որ համարձակօրէն կը վկայէին իրենց լսածներուն եւ տեսածներուն մասին, հակառակ անոնց կրած աննկարագրելի հալածանքներուն ու տանջանքներուն: Դարեր անցան եւ անոնց քարոզութեան ու նահատակութեան շնորհիւ մարդուն տեսլականն ու հեռանկարը կերպարանափոխուեցաւ: Իր ճակատագիրը աշխարհին կապող մարդը, յստակ ու շօշափելի  պատկերացում, հեռանկար, յոյս ու տեսլական ունեցաւ եւ յարութեան հաւատքով զօրացաւ:
Հակառակ ներկայ դժուարին պայմաններուն, յոյսով պիտի շարունակենք մեր քրիստոնավայել երթը: Չարութիւնն ու պատերազմը, աղքատութիւնն ու հալածանքները, ագահութիւնն ու բռնութիւնը միշտ եղած են եւ կը շարունակեն մեր կեանքին մաս կազմել, սակայն Աստուծոյ կամքով, Քրիստոսի յարութեան հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ, վառ յոյսերով պիտի շարունակենք մեր գոյերթը (Յհ 16.33):
Քրիստոս Իր յարութեամբ արդարութեան կոչ կ’ուղղէ, խոնարհ ծառայութեան ճամբով կերպարանափոխելու մեր կեանքերն ու շրջապատը: Յարութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած մեծագոյն պարգեւն է մարդկութեան: Առանց Յարութեան խանդավառող հաւատքին՝ մարդկութեան կեանքը պիտի կորսցնէր իր իմաստը եւ դատարկութեան պիտի վերածուէր: (Ա.Կր 15.14)
Աղօթենք, առ Ամենաբարին Աստուծոյ, որ ներկայ համաճարակէն եւ ծանր օրերէն դուրս գալով, վերագտնենք մեր պայծառ օրերը եւ Աստուծոյ հետ վերսկըսինք համագործակցութեան՝ Քրիստոսի հարթած լուսաշող ուղիէն ընթանալով:
Յարութեան Սուրբ Տօնը կու գայ նոր կենսունակութիւն պարգեւելու լոյսի որդիներուն, որպէսզի նորոգուած հաւատքով եւ յոյսով վերանորոգենք մեր կեանքերը եւ շարունակենք մեր պայքարը՝ խաւարին ու մահուան դէմ: (Հռ 6.4)
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան բերկրալի տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս մեր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, հովուապետական ծաղկեալ մականով յառաջ տանելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը: Մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Թեմիս Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին, ազգային մարմիններուն, մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ բարեպաշտ ժողովուրդին, մաղթելով օրհնութեամբ եւ յաջողութիւններով լեցուն տարիներ:
Միանալով Քրիստոսի առաքեալներուն, մենք եւս կը յայտարարենք, թէ վկաներն ենք Քրիստոսի յաղթական յարութեան եւ նորոգուած հոգիով պիտի շարունակենք ընթանալ յարուցեալ Քրիստոսի պայծառ օրինակով, պաշտպանուելու համար չարին արձակած բոլոր որոգայթներէն:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Հալէպ, 4 Ապրիլ 2021