(17-30 Մարտ 2021 թ.)

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար կը հրապարակէ Հայ Դատի յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն գործունէութեան ամփոփագիրեր, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներուն կարելիութիւն կու տան կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալու ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալու սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն եւ առաջադրուած հարցերուն:

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

29 Մարտ 2021-ին յայտարարութեամբ  հանդէս եկած է ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը` Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէն Թուրքիոյ մասին  կատարուած յայտարարութիւններուն առիթով: Կեդրոնական խորհուրդը նկատած է, որ վերջին օրերու իրադարձութիւնները` յատկապէս վարչապետին, Ազգային Խորհուրդի քարտուղարի եւ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակի յայտարարութիւնները մէկ անգամ եւս կ’ապացուցեն, որ Հայաստանի  իշխանութիւնները յստակ քաղաքականութիւն կ’իրականացնեն` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու, այսպէս կոչուած, կարգաւորման բնոյթով, որ կը փաթեթաւորէ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու, ապաշրջափակման լոզունգներով, սակայն խորքին մէջ նպատակ կը հետապնդէ մոռացութեան մատնել մեր ժողովուրդի պատմական անցեալը, հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջէն, իրաւական ճանչնալ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական փաստացի սահմանը, ամբողջապէս հրաժարիլ ղարաբաղեան հիմնահարցէն, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն ու կարգավիճակի հարցէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը  քանի մը մատչելի զուգահեռ գործող ուղիներով դարձնել թրքական երկու պետութիւնները իրար կապող աշխարհագրական միջանցք:

Հայաստանի իշխանութիւնները անգամ մը եւս զգուշացած են` «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ուրացող եւ ղարաբաղեան հիմնահարցէն փաստացիօրէն հրաժարող իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ դատապարտուած է:

Դատապարտուած է, այդ քաղաքականութիւնը առհասարակ եւ եթէ իշխանութիւնները տուրք տան թրքական պահանջներուն եւ փորձեն մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու զիջման գնով Թուրքիոյ հետ  բանակցային կասկածելի գործընթացներու մէջ մտնել, միեւնոյնն է մեր ժողովուրդը երբեք թոյլ պիտի չտայ, իսկ որպէս հետեւանք` Հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ պիտի ունենանք թրքահաճոյ եւ դաւաճանի պիտակ կրող իշխանութեան մասին տխրահռչակ էջեր»:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը շարունակած է աշխատանքներ իրականացնել ԱՄՆ կողմէն Հայաստանին եւ Արցախին արտակարգ տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու, հայ գերիները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այս առումով, անցած կէս ամիսը բաւական յագեցած էր:

16 Մարտին Քոնկրէսի հայկական հարցերու խումբը, ի դէմս Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան յանձնախումբի ղեկավար Ատամ Շիֆի, սկսած է օրէնսդրական գործընթաց, որով Ատրպէյճանէն պահանջուած է անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ պահուող աւելի քան 200 հայ գերիներ:

19 Մարտին ամերիկեան Ծերակոյտի երկու խմբակցութիւններու 37 ծերակուտականներ միացած են Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտէզի` նախագահ Պայտընին ուղղուած կոչին` հետեւելու Քոնկրէսի երկու պալատներուն եւ պաշտօնապէս ու ամբողջապէս ճանթնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Քանի մը օր անց հայ ռազմագերիներու հարցը Մենենտէզ բարձրացուցած է նաեւ Ծերակոյտի Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան (USAID) կառավարիչի թեկնածութեան քննարկումներու ընթացքին:

22 Մարտին Ամերիկայի Արեւելեան ափի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի  ունեցած է պանելային քննարկում` նուիրուած Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնահարցերուն` յատկապէս քննարկուած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը եւ Արցախի տարածքին մէջ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող` մարդու իրաւունքներու նկատմամբ բռնութիւնները: Քննարկումին մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Պեգլարեան, Ցեղասպանութան հետազօտութիւններու միջազգային միութեան նախագահ, փրոֆէսոր Հենրի Թէիրաուն, իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան եւ միջազգային խորհրդատու Լեւոն Գէորգեան:

ԱՄՆ Արեւելեան ափի Հայ Դատի յանձնախումբէն նաեւ յայտնած են, որ տակաւին 2 Փետրուարին ԱՄՆ Օհայօ նահանգի Օքսֆորտ քաղաքի ղեկավար Մայք Սմիթը եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Կլէն Էլլերպ ճանչցած են Արցախը:

1 Ապրիլին Քոնկրէսի հայկական հարցերու խումբը սկսած է համապատասխան գործընթաց` Հայաստանին եւ Արցախին շուրջ 100 մլն տոլար տնտեսական օժանդակութեան տրամադրման համար, որ պիտի նպատակաուղղուի անցեալ տարի ատրպէյճանաթրքական յարձակումի հետեւանքները մեղմելու:

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի բազմածաւալ աշխատանքներուն անդրադարձած եւ  Ամերիկայի հայկական եւ հնդկական համայնքներու սերտ քաղաքական գործակցութեան մեծ հաւանականութիւնը փաստած է հեղինակաւոր Foreign Lobby կայքը` նկատելով, որ ամերիկահնդկական լոպպիստական կառոյցները կը պահանջեն ամերիկեան պատժամիջոցներ կիրառել Փաքիստանի նկատմամբ, որ կը հովանաւորէ ահաբեկչական կառոյցները, ինչպէս նաեւ ռազմական աջակցութիւն տրամադրեց ատրպէյճանաթրքական տանդեմը Հայաստանի ու Արցախի հետ վերջին պատերազմի ընթացքին:

31 Մարտին Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթըի կեդրոնական գրասենեակը հրապարակած է ամառային կրթական ծրագիրի ընդունելութեան մրցոյթ: Փափաքողները պէտք է դիմեն մինչեւ 15 Ապրիլ:

Եւրոպա

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն 5-րդ տարելիցին առիթով 22 Մարտին` համագործակցելով Պելճիքայի հայկական համայնքի պաշտօնական ներկայացուցչութեան հետ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը համերաշխութեան եւ ոգեկոչումի նամակ  ուղարկած է Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանդր Դէ Քրոյին: Յանձնախումբը յիշեցուցած  է, որ իբրեւ երկրի լիիրաւ քաղաքացիներ, Պելճիքայի հայերը կը զօրակցին պետութեան ու կառավարութեան հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, որ կը տարուի ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ: Նամակին մէջ նաեւ անդրադարձ  կատարուած է, որ հայերը ահաբեկչութեան զոհ  դարձած են: Մասնաւորապէս, 2020-ի Սեպտեմբերին սկսած պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէն ահաբեկիչներ  ուղարկուած են Արցախ:

24 Մարտին Եւրոպական Խորհրդարանի` Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարինա Քալիւրանտը, Հայաստանի հարցերու մշտական զեկուցող Անտրէ Քովաթչեւ եւ Ատրպէյճանի հարցերու մշտական զեկուցող Զելեանա Զովքոն կոչ ուղղած են Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու հայ գերիները: Այս յայտարարութեան նախորդած էր միջազգային իրաւապաշտպան Human Right Watch կազմակերպութեան զեկոյցը` Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու հետ անմարդկային վերաբերմունքի համար: Հայ Դատի Եւրոպայի կեդրոնական գրասենեակը (Պրիւքսէլ) ողջունած է Եւրոպական Խորհրդարանի` Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի  թերեւս ամենատեղեկացուած պատգամաւորներուն այդ յայտարարութիւնը:

Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կատարած հետեւողական աշխատանքին հետեւանքով նաեւ Լոնտոնի մեթրօյի կայարաններէն հեռացուած են ատրպէյճանական շրջանակներու կողմէն տեղադրուած պաստառները, որոնք կը նենգափոխէին Արցախի պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան իրական ծագումը:

Բրիտանական Խորհրդարանի թիւով հինգ պատգամաւորներ, որոնք կը ներկայացնէին խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնները, համերաշխութիւն  յայտնած են հայ ժողովուրդին` հայ գերիներու ազատ արձակելու հարցով եւ այս դարձեալ դիմած են Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապին:

Քանատա

Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբի աշխատանքները հիմնականօրէն կեդրոնացած են  թրքական «bayraktar» հարուածային անօդաչուներու առանցքային պահեստամասերու` Քանատայի կողմէն Թուրքիա արտահանման հարցին շուրջ: Խնդիրը լայնօրէն քննարկուած է քանատական հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Խորհրդարանի մէջ հարցը բարձրացուցած է անձամբ վարչապետ Ջ. Թրիւտոյի առջեւ:

12 Մարտին, Քանատայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման մշտական յանձնաժողովը հրապարակած է խիստ վերամշակուած փաստաթուղթեր` բացայայտելով կարեւոր տեղեկութիւններ` կապուած Մայիս 2020-ին Թուրքիոյ նկատմամբ հաստատուած ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման արգելքի իրագործումներուն հետ:

Մասնաւորապէս պարզուած է, որ լոպպիստական անմիջական ջանքերուն շնորհիւ Թուրքիան մոլորեցնող եւ ապակողմնորոշիչ հաւաստիացումներ  տուած է, որ քանատական WESCAM-ի թիրախային ճշգրտման զգայարանները պիտի օգտագործուին Սուրիոյ մէջ թրքական գործողութիւններուն համար: Սակայն այնուհետեւ Թուրքիան ապօրինաբար զգայարանները ուղղած է դէպի Ատրպէյճան, որոնք վերջինս օգտագործած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ իր յարձակումի ընթացքին` սպանելով բազմաթիւ հայեր եւ մօտաւորապէս 90․000 անձերու ստիպելով իրենց տուները լքել:

Այս ամէնը նկատի առնելով` Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբը 22 Մարտին պաշտօնական նամակով դիմած  է արտաքին գործոց նախարար Մարք Գերնէաուին` յորդորելով բացայայտել Թուրքիոյ մէջ քանատական ռազմական նշանակութեան արտադրանքի յայտնուելու բոլոր հանգամանքները:

Հարցին քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ քանատական Համայնքներու պալատին մէջ, ուր խորհրդարանական Միշել Շոնգ վարչապետ Թրիւտոյին հարցեր  ուղղած է` կապուած կանադական ռազմական նշանակութեան արտադրանքի` Թուրքիա արտահանուելու մասին, խնդրելով յստակեցնել, արդեօ՞ք Քանատական կառավարութիւնը զէնքի արտահանման ասպարէզին մէջ առաջնահերթութիւն կու տայ քանատական շահերուն եւ արժէքներուն եւ արդեօք Թուրքիոյ ռազմական նշանակութեան մատակարարման այդ անխոհեմ քայլը այլեւս չի կատարուի:

Քանատայի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Մոնրէալի Հայ Ուսանողական միութիւններու ջանքերով չեղարկուած է Քանատայի Քոնքորտիա համալսարանին մէջ նախատեսուած հանդիպում-քննարկումը, որուն պէտք է մասնակցէր Քանատայի Թուրքիոյ դեսպան Քերիմ Ուրաս:

Աւստրալիա

17 Մարտին Հայաստանի հետ Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանի բարեկամութեան խումբի անդամները կատարած են 2021-ի իրենց առաջին հանդիպումը` ղեկավարութեամբ օրէնսդրական յանձնաժողովի նախագահ Ճօնաթան Օդէաի եւ փոխնախագահ Վոլթ Սեքորդի: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան: Վերջինս շնորհակալութիւն  յայտնած է Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման համար:

Արդէն 22 Մարտին Հարաւային Աւստրալիա նահանգի խորհրդարանի` Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամները միացած են ֆետերալ կառավարութեան ուղղուած` Հայաստանին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու կոչին: Օգնութիւնը պէտք է ուղղուի անցեալ տարուան պատերազմի ընթացքին տեղահանուած, վիրաւորուած եւ գերեվարուած մարդոց օժանդակելու:

24 Մարտին Աւստրալիոյ կողմէն հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու  նախաձեռնութեան միացած է ֆետերալ ծերակուտական Ռայս Սինգս:

Մերձաւոր Արեւելք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 27 Մարտին  նամակով դիմած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըին` կոչ ուղղելով պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ամերիկայի ժողովուրդը իրենց բարոյական տոկունութիւնը ցոյց  տուած են` օժանդակելով Ցեղասպանութիւնը վերապրած ու դրան ականատես դարձած որբերուն ու տեղահանուածներուն` «պատուական աւանդ, որ նախկին վարչակազմերը կը թուի թէ անտեսած են»:

Նոր Ջուղա

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակը, նկատի առնելով վերջին օրերուն Հայաստանի իշխանութիւններուն ամօթալի յայտարարութիւնները, իր հերթին «խստօրէն դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման միտուած եւ Արցախեան հիմնահարցէն հրաժարելու որեւէ արտայայտութիւն կամ քայլ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կենտրոնական գրասենեակ
04.04.2021 թ.»